3 Հունվարի, 2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը Ատանայի Ջարդին 100-ամեակին առիթով

ՄԻ՜ ՄՈՌՆԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԸ

 

2009 տարին 100-ամեակն է Ատանայի ջարդին, որ նաեւ ծանօթ է մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ որպէս ՙԿիլիկիոյ աղէտը՚: Արդարեւ, իր դրդապատճառներով ու կազմակերպուածութեամբ, իր տարողութեամբ ու հետեւանքներով սովորական աղէտ մը չէր Ապրիլ 1909-ին, Ատանայի ու իր շրջակայքին մէջ հայ համայնքին դէմ տեղի ունեցած ջարդը:

 

Օսմանեան բռնատիրութեան տակ ապրող մեր ժողովուրդը, հակառակ իր ցուցաբերած շինարար ոգիին, տիպար քաղաքացիութեան եւ կայսրութեան յառաջդիմութեան բերած իր գործօն մասնակցութեան, միշտ ենթակայ եղած էր թուրք բռնատէրերու կեղեքումներուն: Այլեւս չկարենալով հանդուրժել Օսմանեան դաժան լուծին, 19-րդ դարու վերջին շրջանին Սասունէն ու Զէյթունէն սկսած էին ծայր առնել յեղափոխական շարժումներ, արտայայտելով մեր ժողովուրդի արդար ընդվզումը եւ արժանապատուութեամբ ապրելու հաւաքական կամքը: Որպէս պատասխան իր անտեսուած իրաւունքներուն նկատմամբ հայ ժողովուրդի բողոքին, Օսմանեան իշխանութիւնը սկսած էր հակազդել դիմելով սպաննութեան, կողոպուտի, բանտարկութեան եւ այլ վայրագ միջոցներու:

 

1908-ին Երիտասարդ Թուրքերու կողմէ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը ուրախութեամբ դիմաւորուած էր թէ՜ հայ ժողովուրդի, թէ թուրք ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի կողմէ: Սակայն, ազատութեան, արդարութեան ու հաւասարութեան լոզունգներով հրապարակ իջած Երիտասարդ Թուրքերը թրքական նո՜յն ջարդարար ոգիով պիտի վերաբերէին իրենց հպատակներուն հետ:  Վարչաձեւը փոխուած էր, անձերը փոխուած էին. սակայն, նո՜յնը կը մնար թուրքին բարբարոս նկարագիրը եւ թուրք կառավարութեան համաթուրանական քաղաքականութիւնը:

 

Ատանայի ջարդերը կազմակերպելու թրքական պաշտօնական պատրուակը այն էր թէ՝ հայերը Կիլիկիոյ մէջ կը ծրագրեն հայկական անկախ պետութիւն մը հռչակել: Պետական պատասխանատուներ օտար դեսպանատուներուն ուշադրութեան կը յանձնեն յիշեալ կեղծ մտավախութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ժողովուրդը կը գրգռեն հայերուն դէմ: Եւ այսպէս, հետզհետէ հակահայ միջադէպեր կը բազմանան Ատանայի եւ շրջակայ արուարձաններէն ներս, հակառակ հայ հոգեւոր ու հասարակական պատասխանատուներու կատարած զգուշացումներուն ու միջամտութիւններուն պետական անձնաւորութիւններուն մօտ:

 

Ատանայի ջարդերը տեղի կ’ունենան երկու հանգրուաններով.- առաջին ջարդը, Ապրիլ 14-էն 18, իսկ երկրորդը՝  Ապրիլ 25-էն 28: Առաջին հերթին հայկական խանութները կը թալանուին. ապա հայկական թաղերէն ներս տեղի կ’ունենան ջարդեր, որոնց կը յաջորդեն հայ տուներուն, խանութներուն ու հաստատութիւններուն հրկիզումը: Թուրք խուժանին դէմ անակնկալի եկած, հայերը կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան: Ականատես վկաներու կողմէ արձանագրուած են հայութեան արժանապատուութիւնը պաշտպանող հերոսական դէպքեր:

 

Օտար պետութիւններու միջամտութեամբ ջարդերը կանգ կ’առնեն: Սակայն, հակառակ Պոլիսէն առաքուած բանակային յատուկ գումարտակի մը ներկայութեան Ատանային շուրջ, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններուն կողմէ տրուած բոլոր խոստումներուն, առաջին ջարդէն շաբաթ մը յետոյ տեղի կ’ունենայ Ատանայի երկրորդ ջարդը եւ այս անգամ պետական բանակի քաջալերանքով ու հսկողութեամբ:

 

Յստակ տուեալներու համաձայն, Ատանայի ջարդին կորուստը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.- 30.000 նահատակ, 7883 որբ, 4072 այրի. իսկ 32 եկեղեցի, 19 դպրոց, 2923 տուն, 593 խանութ, 265 ագարակ, 18 պանդոկ, 2 գործարան, 23 ջաղացք թալանուած ու հրկիզուած. եւ աւելի քան 30.000 հոգի անտուն մնացած:

 

Ազգեր կը գոյատեւեն ու կը հզօրանան իրենց հաւաքական յիշողութեամբ ու պահանջատիրութեամբ: 

 

Արդ, ամէն բանէ առաջ պէտք է բանալ պատմութեան էջերը որպէսզի կարենանք համապարփակ ճանաչումը ունենալ յիշեալ ջարդին, անոր ներքին ծալքերուն ու հետեւանքներուն: Ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութիւնը կենսական է ինքնաճանաչողութեան համար: Նոր սերունդը յատկապէս պէտք է ծանօթ դառնայ իր անցեալի պատմութեան լուսաւոր թէ մութ էջերուն, որպէսզի կարենայ իր ժողովուրդի ապագան կերտել:

 

Երկրորդ, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման, անոր իրաւունքներու հետապնդման ու մանաւանդ հատուցումներու ձեռքբերման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր է Ատանայի ջարդին վերարծարծումը՝ ցոյց տալու համար միջազգային համայնքին թէ 1915-ի ցեղ ասպանութիւնը պատահական դէպք մը չէր, այլ տարիներու ընթացքին ուսումնասիրուած ու պատրաստուած ծրագիր մը: Ատանայի ջարդը սկիզբն էր Օսմանեան Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան, որ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ստեղծած յարմար առիթին պիտի հասնէր իր գագաթնակէտին:

 

Ատանայի ջարդերուն 100-ամեակին առիթով, կը թելադրենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, մեր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն ու ժողովուրդի զաւակներուն.-

 

Ա) Կիրակի 19 Ապրիլին բոլոր եկեղեցիներէն ներս յատուկ հոգեհանգիստ կատարել Ատանայի ջարդին զոհ գացած մեր նահատակներու հոգիներուն համար:

 

Բ) Մեր եկեղեցիներէն, դպրոցներէն, մշակութային ու ընկերային կառոյցներէն ներս անդրադառնալ Ատանայի ջարդերուն՝ դասախօսութիւններու ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով:

 

Գ) Հրատարակութիւններով վերաթարմացնել Ատանայի ջարդերը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ:

 

Դ) Ուխտագնացութիւններ կազմակերպել դէպի Տէր Զօր ու Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց Մատուռը, որպէս յարգանքի արտայայտութիւն Ատանայի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Կիլիկիոյ ու Արեւմտահայաստանի մեր նահատակներու յիշատակին:

 

Որպէս դրօշակիրը մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս առիթով պիտի դիմէ հետեւեալ նախաձեռնութիւններուն.-

 

1) Պիտի հրատարակենք Ատանայի ջարդերուն առնչուած տրամադրելի բոլոր սկզբնաղբիւրները ու ուսումնասիրութիւնները, հայերէն թէ օտար լեզուներով: 

 

2) Ընդհանրապէս Ատանայի հայութեան ու յատկապէս ջարդերուն նուիրուած համագումար մը պիտի կազմակերպենք ներկայ տարուան ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

 

3) Կաթողիկոսարանէն ներս, յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, նաեւ պիտի կազմակերպենք Ատանայի ջարդերուն առնչուած հրատարակութիւններու, նկարներու ու արխիւներու ցուցահանդէս:

 

Ժողովուրդ հայոց, յիշէ՜ քու հայրերուդ ու նախահայրերուդ ջարդը Ատանայի մէջ: Նաեւ յիշեցո՜ւր քու շրջապատիդ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութեան այս առաջին հանգրուանը, Ատանայի ջարդը:

 

Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու Հայրապետական օրհնութեամբ:

 

            Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Յունուար 2009

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News