12 Ապրիլի, 2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝

ԵՐԱՇԽԻՔԸ ՄԱՐԴՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ

 

Իր մարդեղութեամբ, խաչելութեամբ ու յարութեամբ՝ Աստուծոյ Որդին աշխարհին առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան: Այլ խօսքով, մարդու փրկութիւնը դարձաւ իրականութիւն Քրիստոսի մարդեղացումով. դարձաւ կարելիութիւն՝ Քրիստոսի յարութեամբ: Աստուածային ի՜նչ մեծ պատիւ ու պարտաւորութիւն տրուած մարդուն:

 

Քրիստոնեան՝ Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած փրկութեան գերագոյն պարգեւին ուրախութիւնը ապրող անձն է: Քրիստոնեան՝ Քրիստոսով հունաւորուած փրկութեան ճամբէն հաւատարմօրէն քալելու կոչուած մարդն է: Ահա թէ ինչու փրկութեան ճամբէն հեռանալու վտանգին մէջ գտնուող եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ զանոնք ըսելով՝

 

ՙՉըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք՚ (Եբր. 2: 1):

 

Փրկութիւնը սիրտը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին. առանցքը՝ քրիստոնէական մտածողութեան. նպատակը՝ քրիստոնէական կեանքին: Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը մարդը դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբայ մըն է:

 

Դարեր շարունակ աշխարհ փնտռեց այս ճամբան զանազան միջոցներով: Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդին ինքզինք ներկայացուց որպէս փրկիչը աշխարհին ու ճանապարհը դէպի փրկութիւն առաջնորդող: Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութիւնը իրագործեց ա՜յս յանձնառութեամբ:

 

Ի՞նչ է փրկութիւնը: Փրկութիւնը մերժումն է մարդակեդրոն կեանքի ու ճանաչումը Աստուծոյ, որպէս մեկնակէտը ու նպատակակէտը մարդու գոյութեան: Փրկութիւնը մարդուն հեռացումն է երկրաւոր արժէքներէ ու արժեչափերէ եւ դարձը երկնային արժէքներու ու ճշմարտութիւններու: Փրկութիւնը աստուածային դրախտէն վտարուած մարդուն վերադարձն է դէպի Աստուած՝ ՙաստուածային պատկեր՚ին վերականգնումով:

 

Մեղաւոր մարդուն առջեւ փրկութեան ճանապարհը բացաւ Աստուծոյ Որդին իր արեան հեղումով եւ իր յարութեան յաղթանակով: Փրկութեան ճանապարհին մէջ ըլլալ կը նշանակէ՝

 

Հաւատալ Քրիստոսի, ընդունելով զինք որպէս խարիսխը մեր կեանքին ու նպատակը մեր երկրաւոր գոյութեան: Հաւատքը տեսական յղացք կամ զգացական վիճակ չէ, այլ կեանքը ապրելու ու իրագործելու այնպիսի ոճ ու որակ՝ ուր կը ճառագայթէ Աստուծոյ պայծառակերպիչ ներկայութիւնը: Հաւատալ Քրիստոսի կը նշանակէ զինք ընդունիլ որպէս մեր կեանքին իմաստ ու խորք, ինքնութիւն ու ուղղութիւն տուող մնայուն ներկայութիւն: Հաւատքը յաւիտենական կեանքի աղբիւր է ու փրկութեան ճանապարհ: Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը հիւանդին, մեղաւորին, զրկեալին ուղղուած՝ ՙքու հաւատքդ քեզ ապրեցուց՚: Արդարեւ, Քրիստոս,  որպէս յայտնութիւնը Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին (Հռ 16: 25), մեզ ՙընտրեց… ու փրկութեան հրաւիրեց՚ (Բ. Թս 3: 13): Եւ մենք Քրիստոսով ո՜չ միայն ՙճանչցանք՚ այլ նաեւ ՙգտանք՚ Աստուծոյ փրկութիւնը (Ա. Կր 2: 30): Պիտի ըլլան մարդիկ, եղած են միշտ, որոնք մեր մտքերը պիտի պղտորեն, մեզ պիտի մոլորեցնեն, պիտի չարափոխեն նոյնիսկ Քրիստոսի Աւետարանը՝ մեզ առաջնորդելով դէպի ՙփրկութեան՚ այլ ճամբաներ…: Քրիստոս զգուշացուց մեզ նման սուտ մարգարէներէ: Միշտ պէտք է յիշենք իրենց սրբակենցաղ կեանքով ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, իրենց հաւատքի վկայութեամբ ու գիտակից նահատակութեամբ, Ե. դարուն, աշխարհին դիմաց մեր պապերուն կատարած քաջ յայտարարութիւնը.– այս հաւատքէն մեզ ո՜չ մէկ ոյժ կրնայ հեռացնել. Աւետարանը կը ճանչնանք մեր հայրը եւ եկեղեցին՝ մեր մայրը: 

 

Հետեւիլ Քրիստոսի որպէս մեր միակ Փրկիչը: Չմոռնանք երբեք որ Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան (Եփ 1: 11): Հետեւաբար, փրկութեան ճամբուն մէջ պիտի ըլլանք եթէ Աւետարանին հետեւինք, ինչպէս Առաքեալը կը վստահեցնէ մեզ: Սակայն Քրիստոս միշտ հաշիւ կը պահանջէ մեզմէ: Պատրաստ ենք համարատուութեամբ ու պատասխանատուութեամբ մեր կեանքը ապրելու՝ Քրիստոսի քարոզած ճշմարտութիւններու ու սկզբունքներու լոյսին տակ: Որպէս քրիստոնեաներ երկրի վրայ մեր ապրած կեանքին ու կատարած գործերուն համար երկնքի մէջ հատուցում ստանալու գիտակցութեամբ ու երկիւղածութեամբ պարտաւոր ենք մեր կեանքը իմաստաւորելու: Քրիստոսի հետեւիլը դիւրին չէ. Քրիստոսի ճամբան խաչի՜ ճամբայ է: Չկայ փրկութիւն առանց խաչի, առանց հաւատքի կրակով թրծուած ապաշխարութեան: Ա՜յս խոր գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը հաւատարմօրէն հետեւեցաւ Քրիստոսի պատմութեան ամէնէն ահաւոր պայմաններուն մէջ. չհեռացաւ երբեք Քրիստոսի յարութեամբ բացուած վերանորոգ կեանքի ճամբէն: Այսօր հաւատքի նո՜յն ջերմութեամբ ու նո՜յն հաւատարմութեամբ կոչուած ենք հետեւելու խաչեալ ու յարուցեալ Քրիստոսի:

 

Դառնալ նոր արարած՝ հաւատքի ճամբով մասնակից դառնալով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան ու յարութեան: Քրիստոսով հին Ադամը դարձաւ նոր Ադամ. մեղքի տիղմին մէջ խրած մարդը վերածնաւ, վերամարդացաւ:  Քրիստոս մեզ հաշտեցուց իր երկնաւոր Հօր հետ՝ մեզ դարձնելով Աստուծոյ որդեգիր զաւակը. ՙՈեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նախապէս՚ (Բ. Կր 6: 17): Արդ, Քրիստոսի հաւատալ ու Անոր հետեւիլ կ’ենթադրէ մոռնալ մեր հին կեանքը, հեռանալ խաւարային մտածումներէն ու ապականեալ ու ապականիչ գործերէն եւ վերանորոգուիլ Աստուծոյ պատկերին համաձայն, դառնալ դէպի փրկութիւն ընթացող նոր արարած: Մեր կեանքին մէջ յաճախ շրջապատուած ենք այնպիսի կենցաղակերպերով ու գործելակերպերով, որոնք մեզ կը մղեն դէպի հին մարդը: Չմոռնանք երբեք որ Քրիստոսի արիւնով մենք գնուած ենք ու իր յարութեամբ դարձած փրկութեան ճամբէն քալող նո՜ր մարդ: Արդ, միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք ընդունելու աստուածային փրկութեան շնորհքը վերանորոգելով մեր անձը, մեր կեանքն ու գործը:

 

Ըլլալ Աստուծոյ գործակից, որովհետեւ Քրիստոս ինք մեզ Աստուծոյ գործակիցը դարձուց (Բ. Կր 6: 1): Ի՜նչ ծանր ու սրբազան առաքելութիւն տրուած մարդուն: Աստուծոյ ծրագիրը համայն մարդկութեան ու տիեզերքի փրկութիւնն է: Այս ծրագրի իրականացման համար Աստուած իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ: Փրկութեան ծրագրի իրագործման ճամբուն առաջին հետեւորդներէն ենք մենք: Ճամբան երկար է ու անոր պարտաւորութիւնները շատ դժուար: Այս ճամբուն մէջ գտնուող Աստուծոյ գործակիցները՝ պիտի սիրեն զիրար ու նո՜յնիսկ իրենց թշնամին (Յո 14). պիտի պայքարին աշխարհի չար իշխանութիւններուն, չար մարդոց ու կառոյցներուն դէմ (Եփ 6: 12). բարի պատերազմը պիտի պատերազմին հաւատքի քաջութեամբ (Բ. Տմ 4: 6)՝ չարը բարիով յաղթելով (Հռ 12: 21) ու միայն բարիք սերմանելով:

 

Ահա փրկութեան ճամբան առաջնորդող պայմանները: Փրկութիւնը աւարտած դէպք մը չէ, այլ Քրիստոսի յարութեամբ բացուած երկար ճամբայ մը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը երկարող:

 

Քրիստոսի յարութիւնը յիշեցում մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման թէ՝ արդեօք փրկութեան ճամբուն մէ՞ջն ենք. որքանո՞վ հաւատարմութեամբ կը քալենք այդ ճամբէն:

 

Քրիստոսի յարութիւնը նաեւ հրաւէր մըն է մեր բոլորին՝ մօտենալու փրկութեան ճանապարհին եթէ հեռու ենք անկէ. մեր կեանքին որակը փոխելու, եթէ ան չի համապատասխաներ փրկութեան ճամբու օրէնքներուն:

 

Թող ո՜չ ոք պարծենայ թէ՝ ՙփրկուած է…՚: Ամէնէն անմեղները նոյնիսկ միշտ պիտի մեղանչեն՝ գիտակցօրէն թէ անգիտակցաբար: Էականը ապաշխարութեամբ վերադարձն է փրկութեան ճանապարհին՝  Անառակ որդիին նման:

 

Թող ո՜չ ոք ըսէ թէ՝ փրկութեան ճանապարհի աւարտին հասած է արդէն: Առաքեալը կ’ըսէ թէ փրկութիւնը պիտի տրուի մեզի՝ երբ Քրիստոս դա՜րձեալ յայտնուի ժամանակի վախճանին (Ա. Պտ 1: 5, 13):  

 

Հետեւաբար, Քրիստոնեան պէտք չէ յուսահատի, այլ միշտ յուսայ՝ հաւատալով. պէտք չէ սոսկ սպասէ, այլ գործէ՝ հաւատալով ու յուսալով եւ մանաւանդ Աւետարանի արժէքները ու ճշմարտութիւնները ապրելով, ՙփրկութեան օրուան հասնելու՚ (Եփ 5: 30) յանձնառութեամբ:

 

*

*   *

 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը՝ մաղթելով իրեն քաջառողջութիւն եւ ազգաշէն ու հայրենանուէր իրագործումներով հարուստ գործունէութիւն:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով երկար գահակալութիւն՝ եկեղեցանուէր ու ազգօգուտ գործունէութեամբ պսակուած:

 

Հայրապետական օրհնութեամբ ու սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները: Կը հայցենք յարուցեալ Փրկչէն, որ դէպի փրկութեան ճանապարհը ուղղէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սուրբ Զատիկ, 2009

Անթիլիաս 

 

More News