17 June, 2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սոյն հարցազրոյցը շնորհեց Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ հրատարակուող “Գանձասար” շաբաթաթերթին

“ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԻԳՈՎ ՀԱՐԿ Է ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ”

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, 3-էն 5 Յունիս 2009-ին, յաջորդական հանդիպումներ տեղի ունեցան Ձեր նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Կրնայի՞ք, Վեհափառ Տէր, ընդհանուր գծերով ներկայացնել յիշեալ հանդիպումներուն բնոյթն ու նպատակը:

 

Պատասխան.- Երեք տարբեր, սակայն զիրար ամբողջացնող հանդիպումներ տեղի ունեցան Կաթողիկոսարանէն ներս անցնող երեք օրերու ընթացքին: Առաջին հանդիպումը Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստն էր: Սոյն հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Կաթողիկոսարանի առաքելութեան հետեւեալ դաշտերուն առընչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ.- Կրօնական դաստիարակութիւն, Կիրակնօրեայ վարժարաններ, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն, Երիտասարդաց Տարի,  համալսարանականներու միութիւն (ՀԵՀՈՄ), Քահանայից Պատրաստութեան Դասընթացք, հրատարակութիւններ, բարոյական-ընկերային հարցեր, հոգեւոր շարժումներ եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն: Բնականաբար, կատարուած աշխատանքներուն ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ ու յառաջիկայ տարուան գործունէութիւնը ծրագրուեցաւ: Յայտնեմ որ Կրօնական ժողովի օրակարգի վրայ կրօնական դաստիարակութիւնը իր յարակից տարածքներով միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Հայու կազմաւորման մէջ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու դերը վճռական է: Այս մտահոգութենէն մեկնած, լայն ժամանակ տրամադրեցինք այս բնագաւառին հետ աղերս ունեցող ծրագիրներու քննարկման: 

 

Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստին առաջին հերթին քննական արժեւորումի ենթարկուեցաւ Ազգ. Ընդհ. Ժողովէն յետոյ, անցնող վեց ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի գործունէութիւնը իր յարաբերական, վարչական, տնտեսական, շինարարական, թեմական, եւ այլ երեսներով. եւ ապա քննարկուեցաւ յառաջիկայ ամիսներուն կատարուելիք աշխատանքներուն ընդհանուր ուրուագիծը:

 

Երրորդ հանդիպումը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու, Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգ. Իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումն էր: Այս հանդիպումի օրակարգը բաղկացած էր երկու բաժիններէ.- Առաջին բաժնին մաս կը կազմէին Կաթողիկոսարանի այն ծրագիրները, որոնք անմիջականօրէն կապ ունէին մեր թեմերուն հետ: Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ թեմերը հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին  իրենց գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին:

 

 

Հարցում.- Ձեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցիք “արժեւորում” բառը: Ի՞նչ կը հասկնաք արժեւորում ըսելով:

 

Պատասխան.- “Արժեւորումը” ինծի համար սիրելի բառ մըն է. ան իմ կեանքիս բառարանին մէջ մնայուն տեղ ունեցած է: Արժեւորում ըսելով կը հասկնամ ինքնահայեցողութիւն ու ինքնաքննութիւն՝ իրապաշտ ու քննական ոգիով: Ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման ճամբան կ’անցնի ինքնարժեւորման բովէն: Յառաջդիմութեան, զարգացման ու յաջողութեան երաշխիքը քննական ինքնարժեւորումն է: Արժեւորումը մարդը կ’ազատագրէ բացարձակ ինքնավստահութեան վտանգէն ու աժան ինքնագովութեան մոլութենէն. ան մարդը կը հեռացնէ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ դառնալու վնասաբեր վիճակէն: Ահա թէ ինչու ինքնարժեւորումը որպէս մնայուն ընթացք հրամայական անհրաժեշտութիւն է իւրաքանչիւր անձի, կառոյցի, համայնքի, եկեղեցւոյ, ընկերութեան, ազգի կամ պետութեան համար: Ուր ինքնարժեւորումը բացակայ է, հոն նահանջը կը սկսի ու բռնակալութիւնը կայք կը հաստատէ: Ուր ինքնարժեւորման քաջութիւնը բացակայ է, հոն յառաջդիմութիւնը ու յաջողութիւնը եւս բացակայ կը դառնան: Արդարեւ, ինքնարժեւորումը մեզ կ’առաջնորդէ բացուելու նոր տարածքներու ու հորիզոններու՝ նոր մարտավարութեամբ ու վերանորոգ յանձնառութեամբ:

 

Իր երկրաւոր առաքելութեան մէկ հանգրուանին, մեր Տէրը իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ՝ “մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն իմ մասիս”: Իր եւ իր կատարած գործին մասին Քրիստոս ուզեց իր շրջապատին տեսակէտը, հակազդեցութիւնը, արժեւորումը ունենալ: Եթէ Աստուծոյ Որդին, որոշ իմաստով, կարիքը զգաց ուրիշներուն կարծիքը ունենալու իր եւ իր կատարած գործին մասին, հապա մարդ արարածը, եւ մարդկային ոեւէ՜ կառոյց, որքա՜ն կարիքը ունի՝ զինք ինքնարժեւորումի մղող ուրիշներուն կարծիքը ունենալու…:

 

Ա՜յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ քաջութիւնը ունեցած է իր գործին ներքին թէ հրապարակային արժեւորումը կատարելու, հեռու ամէն տեսակ ինքնահպարտութեան զգացումներէ, իր կատարած աշխատանքը համեստութեամբ ու յստակութեամբ ներկայացնելու մեր ժողովուրդին: Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ընթացքին երբ ժողովականներէն մէկը ըսաւ՝ “հսկայ գործ կատարուած է Կաթողիկոսարանին կողմէ, ինչո՞ւ այս մասին չի գրուիր”. իմ պատասխանս եղաւ հետեւեալը՝ “ինքնագովութիւնը տեղ չունի մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին մէջ. մենք չենք հաւատար աժան քարոզչութեան ու ինքնափառաբանանքի. մենք կը հաւատանք գործին եւ մեր գործը ծառայութիւն է: Մեզի համար մշակը միջոց է, նպատակը հունձքն է”: Ահաւասիկ, ա՜յս ոգիով միշտ պիտի փորձենք արժեւորումը կատարել մեր կատարած ծառայութեան: Եւ աւելին. կ’ուզեմ որ այդ արժեւորումը միայն մենք չկատարենք, աոր մասնակցին նաեւ մեր ժողովուրդին զաւակները: Չմոռնանք որ եկեղեցին ժողովո՜ւրդն է: Մենք հաշուետու ենք նախ Աստուծոյ եւ ապա մեր ժողովուրդին:

 

 

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, վերադառնալով Ձերդ Սրբութեան նախագահած  ընդհանուր հանդիպումին, յայտնեցիք որ հոն քննարկեցիք թեմերուն հետ առընչուած ընդհանրական հարցեր. պիտի խնդրենք որ այս ուղղութեամբ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցէք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 

Պատասխան.- Ձեր հարցումին ուղղակի պատասխանելէ առաջ, կ’ուզեմ յիշեցնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մէկ ամբողջութիւն է՝ իր Կաթողիկոսարանով ու թեմերով: Ճի՜շդ է, մենք կը գործենք ապակեդրոնացեալ դրութեամբ. մենք կը յարգենք թեմի ժողովուրդին կամքը, թեմին ներքին դրուածքը: Գիտենք նաեւ թէ իւրաքանչիւր թեմ կամ գաղութ տարբեր շրջապատի մէջ կ’ապրի՝ կրօնական, քաղաքական, մշակութային ու ցեղային հասկացողութեամբ: Սակայն, միաժամանակ կը հաւատանք որ Կաթողիկոսարան-թեմ սերտ  ու մնայուն գործակցութիւնը խիստ կենսական է: Ահա այս համոզումով, նախ ընդհանոր ակնարկ մը նետեցինք մեր թեմական կեանքին եւ ուրախութեամբ հաստատեցինք, թէ մեր թեմերը լաւապէս կազմակերպուած են, աշխոյժ գործունէութեան լծուած են, շինարարական հսկայ ծրագիրներ իրագործած են,կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանք կը կատարեն, ընկերային ծառայութեան բնագաւառէն ներս եւս գնահատելի յաջողութիւններ ձեռք ձգած են: Միաժամանակ, անհրաժեշտ է յիշել, որ մեր թեմերը կը դիմագրաւեն լուրջ մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնք նեղ հասկացողութեամբ թեմական չեն այլ համասփիւռքեան եւ որոշ իմաստով համահայկական տարողութիւն ունին: Հետեւաբար անոնք պէտք է քննուին լայն հայեցակէտով երբեմն միջ-թեմական գործակցութեամբ եւ անհրաժեշտութեան պարագային համազգային մաշտապով: 

 

Վերադառնալով ձեր հարցումին, ես կ’ուզեմ առաջին հերթին անդրադառնալ հայ երիտասարդութեան: Հայ երիտասարդութեան խնդիրը լուրջ է. ան եկեղեցւոյ, գաղութի, իւրաքանչիւր կառոյցի օրակարգի գլխաւոր հարցերէն մէկը պէտք է դառնայ: Երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ, մեր այսօ՜րն իսկ է: Արդ, եթէ մենք այսօրուա՜ն համար չպատրաստենք երիտասարդը, վաղը ո՜ւշ է արդէն: Գաղութի մը, կառոյցի մը, ընկերութեան մը հիմքը երիտասարդութիւնն է: Ես հարցերուն հոռետեսական ու բացասական չեմ մօտենար. իմ մօտեցումս միշտ եղած է իրապաշտ: Լաւ դիտեցէք մեր կեանքը. խորաթափանց մտքով քննեցէք երիտաարդութեան ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս:  Այսօր մեր երիտասարդութիւնը տագնապի մէջ է. ո՞ւր ենք մենք: Երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքի վրայ է երբեմն նոյնիսկ լուսանցքէն դուրս. ի՞նչ կ’ընենք մենք: Երիտասարդութիւնը ըսելիքներ ունի, ի՞նչ կ’ըսենք մենք: Չի՜ բաւեր միայն այս բոլորին մասին խօսիլ, չի բաւեր միայն ախտաճանաչում կատարել. պէտք է գործե՜լ: Մեր հանդիպման ընթացքին, ներկաներէն մէկը ըսաւ՝ “երիտասարդութիւնը եկեղեցիէն կը հեռանայ”. իմ պատասխանս եղաւ՝ “ճիշդ չէ այս մօտեցումը. եկեղեցին է որ երիտասարդութենէն կը հեռանայ”…: Երբ եկեղեցին ինքզինք չի վերանորոգեր, երբ եկեղեցին անտարբեր կը մնայ զինք շրջապատող պայմաններուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, բնականաբար ան հեռու կը պահէ երիտասարդութիւնը իր կեանքէն: Մենք պէտք է գիտնանք երիտասարդութեան մօտենալու կերպերը. անհրաժեշտ է որ երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ ներառելու ձեւերուն մասին լրջօրէն մտածենք: Երիտասարդութեան Տարուան առիթով իմ պատգամիս մէջ ըսած էի, հարկ է երկխօսութիւն ունենալ երիտասարդութեան հետ. չըսել իրենց մեզի հետեւեցէք, այլ ըսել՝ միասի՜ն գործենք, միասի՜ն մտածենք, միասի՜ն ծառայենք: Խորապէս կը հաւատամ մեր երիտասարդութեան ունեցած կարողականութեան: Հարկ է զայն ճիշդ կերպով օգտագործել ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պայծառացման, մեր մշակոյթի ծաղկման, սփիւռքի8 կազմակերպման ու մեր հայրենիքի հզօրացման:

 

 

Հարցում.- Քիչ առաջ, Վեհափառ Տէր, ակնարկեցիք հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին: Այս մասին այլապէս ալ անդրադաձած էիք. արդեօք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին քննութեան նիւթ դարձա՞ւ այս հարցը:

 

Պատասխան.- Երբբանաք մեր Սուրբ Աթոռին Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ատենագրութիւնները, պիտի տեսնէք թէ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը մնայուն ներկայութիւն դարձած է մեր մտածումներուն ու խորհրդածութիւններուն մէջ: Նախ ըսեմ, որ ես կը նախընտրեմ “վերանորոգում” բառը, որովհետեւ բարեկարգումը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի ու որոշ եկեղեցիներուն հետ նոյնացած բառ մըն է. եւ յետոյ, բարեկարգումը աւելի մասնակի ու մասնագիտական բնագաւառ ու մօտեցում կ’ընթադրէ, մինչ վերանորոգումը աւելի համապարփակ ու ուժական գործընթացք մը կ’ընթադրէ: 

 

Անկասկած որ մեր եկեղեցին վերանորոգման անմիջական կարիքը ունի: Մեր եկեղեցին փաստօրէն խառնարանի վերածուած է: Տասնամեակներու ընթացքին ամէն մէկ հոգեւորական իր ուզած “բարեկարգութիւն”ը կատարած է իր պատասխանատուութեան ենթակայ եկեղեցիէն ներս: Այս իրողութեան առընթեր, նաեւ ունինք դարերու ընթացքին տարբեր միջավայրերու մէջ զարգացած, այսպէս կոչուած Էջմիածնական, Կիլիկեան, Երուսաղէմական ու Պոլսական ծիսական տարբեր աւանդութիւններ: Ահաւասիկ այս պատկերը կը ներկայացնէ այսօր մեր եկեղեցին: Մեր եկեղեցին ունի նաեւ թեմական ու վարչական բնոյթ ունեցող հարցեր անցեալէն ժառանգուած: Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նաեւ երբեմն կը տեսնենք այնպիտի ըմբռնումներ ու մօտեցումներ, որոնք չեն համապատասխաներ դարերու ընթացքին կազմաւորուած եկեղեցաբանական ու դաւանաբանական տեսակէտներուն: Այս բոլորին վրայ կ’ուզեմ աւելցնել լեզուի խնդիրը, բա րոյագիտական-ընկերային հարցերը: Հարցեր, խնդիրներ, մտահգութիւններ, որոնք տեսական չեն, այլ՝ գոյութենական իրականութիւններ: Ահա այս կացութեան մէջ գտնուող մեր եկեղեցին անյետաձգելի պահանջքը ունի վերանորոգման համապարփակ ու ծրագրուած գործընթացքի մը, ուր առաջնահերթութեան կարգով անմիջականը ու հրամայականը մեր եկեղեցւոյ ծիսական, դաստիարակչական ու աւետարանչական երեսներուն կապուած հրատապ հարցերն են: Եկեղեցին սոսկ պաշտամունքի վայր չէ. եկեղեցին նաեւ ու մանաւանդ ժողովուրդին ուղղուած հոգեւոր ծառայութիւն է ու հաւատքի առաքելութիւն: Հետեւաբար, եկեղեցին պէտք է վերածենք քրիստոնէական հաւատքը, քրիստոնէական ճշմարտութիւնները ու արժէքները ժողովուրդին տանող կենսատու առաքելութեան: Ինչպէս անգլերէն վերջին գրքիս մէջ ըսած եմ՝ եկեղեցին պէտք է իր պատերէն դուրս գայ ժողովուրդի կեանքէն ներս դառնալով Քրիստոսի կեանքին հայելին, Քրիստոսի պատգամին արձագանգը: Այսպէս պէտք է ըլլայ մաւանանդ հայ եկեղեցին որ եղած է ու կը մնայ ժողովուրդի՜ եկեղեցին՝ հոգեւորի կողքին իր ազգային նկարագրով ու առաքելութեամբ: Այս բոլորին մասին պէտք է խօսիլ ու ծրագրել, ոչ թէ վերացական վերլուծումներով, այլ իրատես մօտեցումով ու մեզ շրջապատող պայմաններուն ճիշդ արժեւորումով: Ուրախութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ այս գծով արդէն իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ յանձնախումբ մը կազմուած է եւ կը սպասենք որ այդ յանձնախումբը շուտով գործի լծուի:   

 

 

Հարցում.- Ձեր խօսքին մէջ հպանցիկ կերպով ակնարկութիւն մը կատարեցիք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն: Կարծէք մեր կեանքէն ներս սկսած են կամաց-կամաց նահանջել այդ արժէքները. այս ուղղութեամբ ի՞նչ է Ձերդ Սրբութեան տեսակէտը:

 

Պատասխան.- Ազգի մը կեանքը կը դառնայ վատառողջ առանց բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու առկայութեան: Ճի՜շդ է, մեր կեանքէն ներս նահանջ մը կայ հոգեւոր արժէքներու: Պայմաններու բերումով, մեր եկեղեցին շեշտը դրաւ ազգայինի՜ն վրայ: Յատկապէս Սփիւռքի մէջ ցեղասպանութենէն յետոյ ստեղծուած դառն պայմանները ստիպեցին որ մեր եկեղեցին ստանձնէ առաւելաբար ազգային դերակատարութիւն: Մեր ժողովուրդի ընդհանրական կեանքը յուզող հարցերուն նկատմամբ եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ: Սակայն, եկեղեցին պէտք է իր կոչումին հաւատարիմ մնայ՝ յստակ առաջնահերթութիւն տալով հոգեւորին: Այլ խօսքով, կրօնական դաստիարակութիւնը, ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու մատակարարումը, աւետարանչութիւնը, ընկերային ծառայութիւնը եւ եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան առընչուած այլ տարածքներ հարկ է յատուկ ուշադրութեան առարկայ դառնան մեր եկեղեցւոյ: Գոհունակութեամբ կ’ուզեմ հաստատել որ այսօր մեր եկեղեցին հոգեւոր վերազարթնումի ընթացքի մէջ կը գտնուի: Այս ուղղութեամբ նշանները տեսանելի են ամէն տեղ: Սակայն, եթէ չկարենանք այս երեւոյթին նոր ծաւալ ու ուժականութիւն տալ աւելի կազմակերպուած մօտեցումով եւ ազդու միջոցներու դիմելով, մեր եկեղեցին կրնայ վերածուիլ սոսկ ծիսակատարական կառոյցի մը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու փնտռտուքին մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակները կը հեռանան մեր եկեղեցիէն ու մաս կը կազմեն տեսակ-տեսակ աղանդաւորական ապաքրիստոնէական ու ապազգային շարժումներու:

 

Անդրադարձաք նաեւ բարոյական արժէքներուն: Հոս եւս որոշ նահանջ մը զգալի է: Այսպէս կոչուած արժէքներու տարբեր համակարգ մը սկսած է յառաջանալ մեր ազգի կեանքէն ներս ուր կարծէք նիւթականը, անմիջականը ու շահադիտականը սկսած են գերակշիռ ու առաջնահերթ դառնալ քան բարոյականը, ոգեկանը: Նաեւ կը նշմարենք արժեչափերու խախտում: Անձեր, դէպքեր, կացութիւններ ու երեւոյթներ կշռելու ու արժեւորելու այնպիսի արժեչափեր սկսած են գործածուիլ, որոնք երբեմն խոտոր կը համեմատին մեր ազգի ու եկեղեցւոյ դաւանած սկզբունքներւն ու արժէքներուն: Վերջերս Հայաստանէն այցելած մտաւորական մը կ’ըսէր “ոգու սով կայ…”: Այո՜, եւ քիչ մը ամէ՜ն տեղ…: Վա՜յ մեզի եթէ ոգիէն ու ոգեկանէն պարպուինք…: Մեր եկեղեցին հոգեւորի կողքին կոչուած է նաեւ բարոյական արժէքներու ջահակիրը դառնալու: Ոեւէ կառոյց երբ արժէքներէ, եւ ո՜չ թէ շահերէ մեկնած կը գործէ, կը մնայ զօրեղ: Արժէքները մնայուն են, շահերը գնայուն: Արժէքները շինարար են, շահերը քանդիչ: Արժէքները երաշխիք են յառաջդիմութեան, իսկ շահերը աղբիւր են ապականութեան:

 

 

Հարցում.- Քիչ առաջ ակնարկեցիք, Վեհափառ Տէր, որ գաղութի մը անմիջական սահմաններէն դուրս մենք համասփիւռքեան հարցեր կը դիմագրաւենք: Այս ուղղութեամբ կը խնդրենք ունենալ Ձեր մօտեցումը:

 

Պատասխան.- Համաշխարհայնացած ժամանակաշրջանի մը մէջ ապրելով, փաստօրէն գաղութի մը հարցը այլ գաղութի մը հարցը դարձած է միաժամանակ եւ, որոշ իմաստով, ամբո՜ղջ Սփիւռքին ու ազգին հարցը: Այս ծիրէն ներս կ’ուզեմ անդրադառնալ նախ խառն ամուսնութիւններուն. երեւոյթ մը որ սկսած է մեր կեանքը ներսէն կրծել, հիւծել, մաշեցնել: Զանազան առիթներով այս մասին անդրադարձած եմ: Մենք ցեղապաշտ չենք, չենք ատեր օտար ազգերը. սակայն, նախանձախնդիր ենք մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, ազգային ու մշակութային արժէքներու ու աւանդութիւններու պահպանումի գծով: Պատմութիւն ու մշակոյթ ունեցող ոեւէ՜ ազգի պարագային խառն ամուսնութիւնը բնական երեւոյթ մը չէ: Ես օտար ազգերը լայն չափով ճանչցած եմ եւ գիտեմ իրենց մտայնութիւնը: Մանաւանդ փոքր ազգերու պարագային խառն ամուսնութիւնը վնասաբեր է ամէ՜ն իմաստով: 

 

Վերջին տասնամեակին, դժբախտաբար, խառն ամսունութիւնը սկսած է նոր ծաւալ ստանալ մեր կեանքէն ներս: Եթէ Արեւմտեան երկիրներուն մէջ խառն ամուսնութիւնը յստակ պատճառներով հասկնալի է, սակայն հայահոծ գաղութներէն ներս խառն ամուսնութիւններու թիւի բարձրացումը անբնական է եւ անընդունելի: Եւ դժբախտաբար, խառն ամուսնութիւնները առաւելաբար տեղի կ’ունենան մեր կառոյցներէն ներս պատասխանատուութիւն ստանձնած ինչպէս նաեւ քաղքենիացած եւ նիւթական առաւելութիւններով օժտուած ընտանիքներէն ներս: Այս ուղղութեամբ տրուած ոեւէ բացատրութիւն անտրամաբանական է: Օտար մայր ունեցող ընտանիքէ մը ինչպէս կարելի է հայեցի կազմաւորում ունեցող զաւակներ ակնկալել, մեր հաւաքական կեանքին մասնակցութիւն սպասել, մեր ազգի ընդհանրական տագնապներուն ու երազներուն նկատմամբ յանձնառութիւն պահանջել (բացառութիւնները յարգելի են, սակայն չընդհանրացնենք ու չափանիշի չվերածենք): 

 

Արդ, հայ ընտանիքին առողջ պահպանումը՝ իր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային երեսներով մեր բոլորին ամենէն հերատապ խնդիրներէն մէկը պէտք է ըլլայ: Այս ուղղութեամբ չենք կրնար ձեռնածալ մնալ եւ միայն երեւոյթը քննադատել: Իւրաքանչիւր գաղութ իր տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով կոչուած է ազդու միջոցներու դիմելու. այլապէս, մօտ ապագային հայ սփիւռքը ինքզինք պիտի գտնէ իր ներքին հզօրութիւնը ու իւրայատուկ ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին դիմաց:

 

 

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, կը խորհի՞ք որ այս հարցին նաեւ առընչուած է օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու երեւոյթը: 

 

Պատասխան.-Կարելի չէ նշեալ երկու տագնապները իրարմէ անջատել, սակայն ամբողջութեամբ նոյնացնելն ալ ճիշդ պիտի չըլլայ: Կարգ մը թեմեր խառն ամուսնութիւններու գծով մտահոգիչ թիւեր պարզեցին. իսկ ուրիշ թեմեր օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւին գծով սահմռկեցուցիչ թիւեր տուին: Ինչպէս խառն ամուսնաութիւններու պարագային, նաեւ օտար դպրոց յաճախող աշակերտներու պարագային, ես չեմ կրնար հասկնալ հայահոծ գաղութներէն ներս պարզուող կացութիւնը, ուր յստակօրէն նահանջ մը գոյութիւն ունի հայ դպրոց յաճախող աշակերտներու թիւի: 

 

Այս ուղղութեամբ կարելի է շարք մը ազդակներու ու պատճառներու անդրադառնալ. սակայն պէտք չէ ընդհանրացնել ու ընդհանրական մօտեցումներով քննարկել նման հարցեր: Մեր գաղութները տարբեր պայմաններու մէջ ապրելով, անհրաժեշտ է որ անոնք առանձնաբար (եւ սակայն իրարու փորձառութենէն օգտուելով) ու իրապաշտ մօտեցումով քննեն այս մտահոգութիւնը: Միայն չքննադատենք օտար դպրոց յաճախելու այս բացասական երեւոյթը: Ասոր կողքինպէտք է քննենք նաեւ հայ դպրոցին պարզած ներկայ վիճակը: Հայ դպրոցը թերեւս չէ կրցած քայլ պահել իր շրջապատին հետ. թերեւս կարող չէ գոհացում տալ հայ ծնողքի սպասումներուն ու կրթական ներկայ պահանջներուն: Նմանօրինակ հարցեր պէտք է լուրջ քննարկումի ենթարկուին մեր կրթական մարմիններու կողմէ ծնողներու եւ մեր զանազան կառոյցներու մասնակցութեամբ: Հայ դպրոցին դերը եզակի է, ճակատագրական է: Բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն հարկ է ցուցաբերել հայ դպրոցին նկատմամբ: Իմ հայեցողութեամբ, այսօր հայ դպրոցը, ինչպէս մեր կեանքէն ներս գործող ոեւէ՜ կառոյց, հրամայական կարիքը ունի վերարժեւորման ու վերակազմակերպման:

 

 

Հարցում.- Ձեր մատնանշած մտահոգութիւնները դիմագրաւելու ու ծրագիրները իրագործելու համար մարդուժը կենսական է. արդեօք անհրաժեշտ մարդուժը ունի՞նք այսօր սփիւռքի մէջ:

 

Պատասխան.- Մարդուժի խնդիրը առանցքային նշանակութիւն ունի: Մարդն է Աստուծոյ ստեղծագործութեան պսակը. առանց մարդու տիեզերքը կը կորսնցնէ իր իմաստը: Չմոռնանք, որ մարդու վերամարդացման համար Աստուած մարդացաւ, մարդուն համար Աստուած իր արիւնը թափեց: Մարդը արժէք է Աստուծոյ համար. ան գործակից է Աստուծոյ: Արդ, որքան հրամայական է մարդուն տեղը ու դերը տիեզերքի մէջ: Եւ սա քրիստոնէական մարդաբանութեան հիմքը կը կազմէ: Ճի՜շդ է, նիւթականը կարեւոր է. շատ մը բաներ կարելի չէ առանց նիւթական կարելիութեան իրագործել. սակայն առանց մարդու նիւթը իր արժէքը ու իմաստը կը կորսնցնէ: Մարդու ստեղծագործ, ծառայական ու առաջնորդող ներկայութիւնը անյետաձգելի պահանջ է: Հետեւաբար, մարդու պատրաստութիւնը, պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւէ մեր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մէջ:

 

Պատասխանելով ձեր հարցումին, կ’ուզեմ հետեւեալը հաստատել. ո՜չ, մարդուժի պակաս չկայ մեր կեանքէն ներս: Բացատրեմ: Մեր գաղութներէն ներս ունինք մասնագիտութեան տիրացած, հարուստ փորձառութիւն ունեցող անձեր, որոնք կամ անտեսուած են ինչ-ինչ պատճառներով ու մեր կեանքի լուսանցքին վրայ մնացած, եւ կամ անձնական պատճառներով իրենք հեռացած են մեր կեանքէն: Նման անձերը ամէն գնով պէտք է վերադարձնենք մեր կեանքին:

 

Նոյն հարցումին դարձեալ պատասխանելով կ’ուզեմ ըսել՝ այո՜, մարդուժի պակաս կայ: Ներկայ աշխարհին մէջ, ուր ամէն ինչ արմատական փոփոխութեան, արագասոյր ընթացքի եւ մնայուն յեղափոխութեան մէջ է, ուր նոր մտահոգութիւնները ու նոր կարելիութիւնները մնայուն բախումի մէջ են, այս կացութեան դիմաց, մարդու պակասը մենք ամէն օր ու ամէն տեղ կը զգանք գոյութենական կերպով: Այո, մարդու պակաս կայ ամէն տեղ, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի հայահոծ գաղութները: Մարդու կարիք կայ մեր կեանքի բոլո՜ր բնագաւառներէն ներս: Արդ, մարդու պատրաստութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ. այլապէս, մեր հոգեւոր թէ մտաւոր, կրթական թէ մշակութային, պետական թէ հասարակական, քաղաքական թէ լրատուական կառոյցները պիտի դատարկուին հաւատք ու տեսիլք, մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունեցող մարդերէ: 

 

 

Հարցում.- Վստահ եմ, Վեհափառ Տէր, ձեր ունեցած ժողովական հանդիպումներու ընթացքին, նաեւ անդրադարձաք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան:

 

Պատասխան.- Քիչ առաջ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին խօսելով, ըսի, թէ ան մեր Սուրբ Աթոռին օրակարգի մնայուն հարցերէն մէկը եղած է ու կը մնայ: Նո՜յնը կ’ուզեմ ըսել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին: Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մօտենանք, ու պէտք է մօտենանք Հայաստանին: Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն. անոնք մէկ ամբողջութեան տարբեր երեսները, տարբեր արտայայտութիւններն են: Թէ՜ Հայաստան եւ թէ Սփիւռք այդ տարբերութիւնները պէտք է յարգեն՝ միաժամանակ ամրօրէն կառչելով մէկ ու անբաժանելի ամբողջութեան: Հո՜ս կը կայանայ մեր ներքին հզօրութիւնը: Հայաստանը Սփիւռքի նկատմամբ ըսելիք ու ընելիք ունի՝ անհրաժեշտութեան պարագային. նոյնպէս Սփիւռքը Հայաստանի նկատմամբ ըսելիք ու ընելիք ունի՝ դարձեալ անհրաժեշտութեան պարագային: Երկու պարագաներուն ալ պէտք է մեկնիլ մեր ազգի ու հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն: 

 

Ահա այս շրջագծէն ներս հարկ է դիտել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: Պատահական ու մակերեսային, ժամանակաւոր ու միակողմանի գործակցութիւնը վնասաբեր է: Հայաստան­Սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ծրագրուած, հետեւողական ու հանգրուանային կերպով զարգացող՝ առաջնահերթութիւններու եւ գործելաձեւերու յստակ ճշդումով: Այլ խօսքով, Հայաստանը պէտք է գիտնայ թէ ինչ է Սփիւռքին կարիքը ու ակնկալութիւնը Հայաստանէն, եւ ինչ կրնայ տալ Սփիւռքին.եւ՝ փոխադարձաբար: Հայաստան­Սփիւռք գործակցութեան առընչուած բոլոր հարցերը, անհրաժեշտ է որ ճշդուին միա՜սնաբար: Այլապէս ան կը վերածուի անգոյն, ժամանակավրէպ ու անկապ “միջոցառումներու” հաւաքածոյի մը: Հարկ է ըլլալ զգոյշ՝ հեռու մնալով նման վտանգէ: Կը խորհիմ թէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զգացական ու ռոմանթիկ հանգրուանը արդէն իսկ անցած ենք: Արդ, պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Առողջ քննադատութիւնը հայրենասիրութեան ու նախանձախնդրութեան արտայայտութիւն է: 

 

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս անհրաժեշտ է որ կարեւորութեամբ նկատի առնուի Սփիւռքի ներկայութիւնը Հայաստանէն ներս, ո՜չ միայն Սփիւռքի նիւթական ներդրումը, այլ նաեւ Սփիւռքի իրագործումները, տագնապները, մտահոգութիւնները: Ես հարց կու տամ՝ Սփիւռքը որքանո՞վ ներկայ է Հայաստանի մամուլին մէջ. Սփիւռքը որքանո՞վ ներկայ է մտաւորական շրջանակներէն ներս, մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս: Շեշտ կը դրուի տնտեսութեան վրայ եւ կ’անտեսուին եւ կ’անտեսուին մեր կեանքի այնքան կենսական մարզերը: Արդ, իմ սպասումս այն է՝ որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դուրս գայ պարագայական համագումարներու, հանդիպումներու ու այցելութիւններու ծիրէն եւ վերածուի հետզհետէ զարգացող, հունաւորուող ու ծաւալող մտածելակերպի, գործելակերպի ու գործընթացքի: Ինչպէ՞ս. այս մասին կարելի է անդրադառնալ այլ առիթով: 

 

 

Հարցում.- Որպէս եզրակացութիւն, Ձերդ Սրբութիւնը ի՞նչ պատգամ ունի փոխանցելիք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 

Պատասխան.- Իմ հայրական պատգամս հետեւեալն է ուղղուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն.-

 

ա) Փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ մթնոլորտի մէջ գործակցութեան ճամբաներ հարկ է որոնել որքան ալ տարբեր ըլլան մեր տեսակէտները ու ըմբռնումները: Առողջ քննադատութիւնը շինարար է. եւ մեր ազգը, հայրենիքը, եկեղեցին, կուսակցութիւնները կենսական կարիքը ունին առողջ քննադատութեան: Վատառողջ քննադատութիւնը քանդիչ է. պէտք է հեռու մնալ նման վիճակներէ:

 

բ) Տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ համազգային հիմնահարցեր կը դիմագրաւենք: Իմ կատարած մատնանշումներս պարագայական, ժամանակաւոր կամ տեղայնական խնդիրներ չեն: Անոնք մեր ազգի էութեան, գոյութեան ու ապագային հետ սերտ աղերս ունեցող լուրջ տագնապներ են: Հետեւաբար, համահայկական մաշտապով պէտք է դիմագրաւենք զանոնք: Յաճախ կ’անտեսենք այս տագնապներուն առկայութիւնը մեր կեանքէն ներս եւ կը զբաղինք մանրուքներով, պղպջակներով եւ կը շեփորահարենք մեր փոքր յաջողութիւնները:      

 

գ) Չի բաւեր միայն վէրքը տեսնել, ցաւը զգալ, թերութիւնը նշմարել, տագնապը ապրիլ: Անհրաժեշտ է դարմանի մասին մտածել, միշտ միա՜սնաբար: Հայրենաշինութիւնը ու ազգաշինութիւնը կը պահանջէ մեզմէ որ ըլլանք արթուն, հեռատես ու քաջ՝ հաւաքական հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով դիմագրաւելու ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրները:

 

More News