3 July, 2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամը, ուղղուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան 15-րդ համագումարի մասնակիցներուն, 4-5 Յուլիս 2009, Երեւան

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

15-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

 

Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ անգամ մը եւս կ’ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, այն խոր համոզումով եւ սպասումով, որ հայ գրողներու այս հերթական հաւաքը, իր ընթացիկ աշխատանքներէն անդին, բառին ամբողջական եւ վաւերական իմաստով դառնայ բազմարդիւն ու ապագայատեսիլ հանդիպում մը՝ ինքնաքննադատական ոգիով, համապարփակ մօտեցումով, իրապաշտ հայեցակէտով եւ մանաւանդ խոր հաւատքով արժեւորելու համար հայ ժամանակակից գրողին տեղն ու դերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

 

Արդարեւ, 6¬էն 9 Ապրիլ 2006¬ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Մեր նախագահութեամբ գումարուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին եւ անոր յաջորդած հանդիպումին առիթով, Մենք շեշտեցինք եւ այսօր ալ կ’ընդգծենք, որ հայ գրողը հոգիի եւ մտքի սովորական խնկարկու մը չէ, միայն գեղեցիկի երկրպագու ընթացիկ արուեստագէտ մը չէ՝ յար եւ նման այլ ազգերու բանաստեղծներուն ու արձակագիրներուն, այլ առաջ քան զամենայն հայ ժողովուրդի դարաւոր ոգեղէն արժէքներուն եւ յաւիտենական ճշմարտութեան ամբողջանուէր ծառան եւ քարոզիչն է, ինչպէս նաե՜ւ արժանաւոր աւանդապահը ՙանձինք նուիրեալք՚ներու սրբազան ժառանգին: Այլ խօսքով՝ մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդը եւ մշակոյթը յուզող հիմնահարցերով տագնապող, ճենճերող ու լուսապայծառ լուծումներ առաջադրող մեր ՙվարդահեղեղ արշալոյս՚ին դրօշակիր առաջնորդն է,

 

Ճշմարտութեան վկան,

Ճշմարտութեան յուշարարը,

Ճշմարտութեան պաշտպանն ու զինուորը,

Ճշմարտութեան դպիրն ու պատարագիչը,  

Եւ ճշմարտութեան ճշմարիտ զոհն ու զոհաբերը՝

Հայ գրողը, հայ մտաւորականը:

 

Այո՜, այսպէ՜ս է, եւ պէ՜տք է ըլլայ, հայ գրողը իր կենդանի ու կենարար գիրով, եւ իր կեանքի ու գրականութեան վարակիչ օրինակով: ՙՀաւատքը առանց գործի մեռեալ է՚ աւետարանական ճշմարտութեան յաւերժախօս իրաւութեամբ պէտք է միշտ ինքզինք իրագործէ հայ գրողը հայ կեանքէն ներս՝ յաւիտենական ու ոգեղէն արժէքներու տարօրէն մարդկային եւ էապէս ազգային աւանդին հաւատարմութեամբ:

 

Ահա թէ ինչու մեր արդար սպասումն ու պահանջն է միաժամանակ, որ Մեսրոպաւանդ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն, ոգեղէն սրբութեանց եւ մեզայատուկ գանձերու պաշտպան ու սպասարկու հայ գրողները ա՜յս գիտակցութեամբ ու նուիրումով, երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ խօսին, գրեն, գործեն ու պայքարին. հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն հզօր ձայնը դառնան, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն ապագայագնաց մայրուղիին կերտիչները  ըլլան, եւ բանիւ ու գործքով մեր ամէնէն վեհ ու վսեմ արժէքները մարմնաւորեն՝ իբրեւ Մաշտոցներու եւ Խորենացիներու, Շնորհալիներու եւ Տաթեւացիներու, Նարեկացիներու եւ Խրիմեան Հայրիկներու արժանաւոր եւ հաւատարիմ աշակերտներ:

 

Չտկարանան բոլոր տեսակի երկրային զօրութեան ու մոլութեան դիմաց. չտարուին իրենց էութիւնն ու նկարագիրը այլասերող արտաքնապէս շողշողուն, բայց խորապէս սնամէջ ու վնասակար հրաւէրներէն. այլ, իբրեւ տեսակէտ ու կեցուածք ունեցող եւ բարոյական ու ոգեղէն արժէքները սրբութիւն սրբութեանց հռչակած տեսլապաշտներ՝ ծառանան այն բոլո՜ր երեւոյթներուն ու այլասերիչ բարքերուն դէմ, որոնք հայ ժողովուրդի էութեան ու վարքագծին խոտոր կը համեմատին եւ մեզ կ’առաջնորդեն ապազգային եւ նո՜յնիսկ անմարդկային մութ ու անապահով հորիզոններու…:

 

Դուք լա՜ւ գիտէք, սիրելի՜ հայ գրողներ, որ ազգերու պատմութեան մէջ, մանաւանդ արտակարգ ու ճակատագրական հանգրուաններուն, իր կոչումին գիտակից մտաւորականութիւնը միշտ ալ ունեցած է իր վճռորոշ ու վճռադրոշմ դերը: Մեր պատմութիւնը բազմիցս տուած է պերճախօս ապացոյցներ այս բացարձակ ճշմարտութեան: Խորենացիի ՙԲազում գործք արութեան գտանին՚ պատգամը սոսկ գեղեցիկ խօսք ու գրականութիւն չէ, այլեւ գերագոյն զոհաբերութեամբ, հայատրոփ հաւատքով եւ ապագայատեսիլ կենսափորձով նուիրականացած էութենական ու գոյութենական ճշմարտութիւն է, եւ կը մնա՜յ ժամանակի ժանգին դիմաց: Բայց նաեւ, անցեալի յիշատակներուն մէջ ամփոփուելու փոխարէն, բացուելով համամարդկայինին եւ երկխօսութեան ճամբով համամարդկային արժէքները հայացնելու հոգեմտաւոր աշխատանքին կոչուած է լծուելու հայ գրողը՝ պողպատեայ ինքնավստահութեամբ եւ ստեղծագործ կեցուածքով:

 

Ո՜չ մէկ հայ գրող իրաւունք ունի հեռու մնալու ճշմարտութեան վկան, յուշարարը, պատարագիչն ու առաքեալը ըլլալու այս դժուարին, բայց գեղեցիկ ու մեր հոգեմտաւոր գանձարանը հարստացնող բարոյական պարտականութենէն. տգեղին դէմ՝ գեղեցի՜կը պաշտպանելու, չարին դիմաց՝ բարի՜ն տարածելու, նիւթին փոխարէն՝ ոգի՜ն փառաբանելու, ժամանակաւորին տեղ՝ յաւիտենակա՜նը կենսագործելու աստուածաշնչական սրբազան առաքելութենէն:

 

Ո՜չ մէկ հայ գրող, եթէ իրապէս իր կոչումին եւ ծառայական առաքելութեան գիտակից խոնարհ հերոս է, Պարոյր Սեւակի պատկերաւոր սահմանումով՝ եթէ ամբողջական առումով ճշմարիտին, իրաւին, ոգիին եւ յաւիտենականին ի խնդիր պայքարող, ստեղծագործող եւ ՙյաւերժի ուղեւոր՚ ՙանլռելի զանգակատուն՚ է, իրաւունք ունի հեռու մնալու հայ գրողին այս սրբազան յանձնառութենէն:

 

Մենք միշտ այսպէ՜ս դիտած ենք հայ գրողն ու մտաւորականը եւ այս նուիրական կոչումի բարձրութեան վրայ կ’ուզենք տեսնել բոլորդ անխտիր՝ այսօ՜ր, վա՜ղը եւ մի՜շտ:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղա՜ծ է, է՜ եւ պիտի՜ շարունակէ մնալ փարոսն ու միջնաբերդը հայ մշակոյթին: Հետեւաբար, Հայրապետական այս դարաւոր Սուրբ Աթոռը դուք միշտ պիտի գտնէք ձեր կողքին՝ իբրեւ զօրակիցն ու գործակիցը մեր ազգի բոլո՜ր արժանապատիւ գրողներուն ու ճշմարիտ մտաւորականներուն:

 

Թող ամենաբարին եւ ամենակարող Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորը, եւ Իր երկնային իմաստութեամբ, ոգեղէն զօրութեամբ եւ անսպառ բարիքներով պայծառացնէ ու լուսաւորէ ձեր գրիչները՝ ի ծառայութիւն հայ մշակոյթին:  

 

                                                                Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

3 Յուլիս 2009

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News