5 Մարտի, 2020

ԹՄՄ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ — Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Յակոբ Գասարճեանին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Լաչինեան-Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու լիբանանահայութեան այսօրուան դժուարին ընկերատնտեսական կացութիւնը՝ իր կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններով: Նորին Սրբութիւնը, ի շարս միւս խնդիրներուն, յատուկ հոգածութեամբ արտայայտուեցաւ լիբանանահայ դպրոցին կարեւորութեան եւ անոր գոյատեւման հետ կապուած հարցերուն մասին ու շեշտը դրաւ անոր պահպանման վրայ: Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ հայ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցը եղած է գրաւականը Սփիւռքի մէջ հայապահպանման վեհ գործին: Ան դրուատիքով խօսեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան աւանդին մասին հայ մշակոյթին պահպանման նուիրուած իր առաքելութեան մէջ: Հայրապետը չափազանց կարեւորեց հայկական տարբեր հաստատութիւններու միասնական եւ համախոհ աշխատանքի կենսականութիւնը: Հակառակ երկրին եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին դիմագրաւած չափազանց վտանգաւոր կացութեան, իր ազգին առաջնորդ մեծ եւ պատմական ղեկավարի մը իրեն յատուկ կեցուածքով Հայրապետը լաւատեսութիւն յորդորեց իր զրուցակիցներուն ու իր նեցուկը յայտնեց անոնց շարունակելու այն ազգօգուտ աշխատանքը, որ իրենց վստահուած է:

 

Գասարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրական հոգածութեան համար, որ իր պատմական առաքելութեան հաւատարիմ ո՛չ մէկ բան կը խնայէ լիբանանահայութեան կողքին կանգնելու համար, որպէսզի ան նուազագոյն վնասներով շրջանցէ սոյն ճգնաժամը: Ան կարեւոր նկատեց Նորին Սրբութեան անձին առանցքային դերը, որ իր շուրջ կրնայ համախմբել ազգին բաղկացուցիչ տարրերը միասնաբար գործելու եւ յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն:

More News