4 March, 2020

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Հանդիպումին ներկայ էին ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ ժողովի վանաբնակ անդամները:

 

Նիստի ընթացքին քննարկուեցան ծիսական, միջ-եկեղեցական, հրատարակչական եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր եւ առնուեցան համապատասխան որոշումներ:

More News