6 February, 2020

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

26 Յունուարէն 1 Փետրուար 2020-ին, Աթշանէի  Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ կայացաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան Միջազգային Աստուծաբանական յանձնախումբի 17-րդ հանդիպումը։ Ներկայ հանդիպումին նիւթն էր «Եկեղեցւոյ Խորհուրդներու Աստուածաբանական հիմքերը»։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան, ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Հոգշ. Շահէ Ծ.Վրդ. Անանեանը, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանն ու Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը։

 

Յանձնախումբին յառաջիկայ տարուան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-30 Յունուարին, Վատիկանի մէջ, ուր պիտի քննարկուին եկեղեցական երկու ընտանիքներուն մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածնի առնչուող աստուածաբանական հարցերն ու խնդիրները։

More News