3 February, 2020

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեք օրերու վրայ տարածուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած միջազգային համագումարը հասաւ իր աւարտին Կիրակի օր: Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջ-եկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

 

Երեք օրեր շարունակ յիշեալ թեմային շուրջ երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ծառայութիւն ունեցող 30 անձեր քննարկեցին համագումարին թեման, Նորին Սրբութեան տուած դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու ու շրջանային խորհուրդներու մօտեցումները պարզող տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ: Ապա, միջ-եկեղեցական շարժումին ապագային նկատմամբ իր տեակէտները ներկայացուց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Ք. Ռայզըրը:

 

Համագումարին յայտարարութիւնը պատրաստող յանձնախումբը ներկայացուց ընդհանուր ուրուագիծ մը, որ երկար քննարկումէ յետոյ որդեգրուեցաւ: Նկատի ունենալով կատրուելիք յայտարարութեան յոյժ կարեւոր բնոյթը, որոշուեցաւ զայն պատրաստել ու հրապարակել յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին: Համագումարը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայարապետին միջ-եկեղեցական պատմութեան այս վճռական հանգրուանին իր կողմէ առնուած այս կարեւոր քայլին համար եւ առաջարկեց, որ յառաջիկային եւս նման նախաձեռնութիւններու դիմէ Հայրապետը, նկատի ունենալով իր հարուստ փորձառութինը եւ միջ-եկեղեցական շարժումի կենսական կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ:

More News