30 Հունվարի, 2020

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

28 եւ 29 Յունուար 2020ին‚ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ ուր յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան‚ Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի‚ եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի։

 

Երկու օրերու վրայ երկարող սոյն ժողովը առիթ ստեղծեց քննարկելու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Նկատի ունենալով որ սոյն ժողովը առաջին անգամ ըլլալով կը գումարուի Քուէյթի մէջ‚ մասնակից առաջնորդները ժողովականներուն հակիրճ զեկոյց ներկայացուցին Քուէյթի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան‚ ուր յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Քուէյթի Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքին մասին‚ որ շրջանի ամենահին քրիստոնեայ համայնքներէն մէկն է։

 

Յայտնենք‚ որ ժողովի աւարտին Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան‚ ընտրուեցաւ Ծոցի երկիրներու եկեղեցիներու խորհուրդի Ատենապետ:

 

More News