29 January, 2020

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

31 Յունուարէն 2 Փետրուար 2020-ին, միջազգային միջ-եկեղեցական համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Համագումարը կազմակերպուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Անոր նպատակն է նոր մարտահրաւէրներու ու տագնապներու դիմաց գտնուող միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկել եւ ապա որոնել նոր ուղղութիւն ու տեսլական միջ-եկեղեցական շարժումին:

 

Համագումարին պիտի տրուին երկու գլխաւոր դասախօսութիւններ Վեհափառ Հայրապետին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին ընդահնուր քարտուղար Դոկտ. Քոնրատ Ռայզըրի կողմէ: Վերոյիշեալ նիւթերուն շուրջ հայեցակէտեր պիտի ներկայացուին եկեղեցական գլխաւոր ընտանիքներու եւ շրջանային եկեղեցական խորհուրդներու կողմէ: Ապա, համագումարի աւարտին պիտի կատարուի յայտարարութիւն:

 

Համագումարին հրաւիրուած են միջ-եկեղեցական մարզէն  ու յատկապէս եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն ներս երկար տարիներու հարուստ փորձառութիւն ունեցող անձեր՝ Հարաւային Քորիայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:

More News