16 Օգոստոսի, 2013

Պիքֆայայի վանքին մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարք

Ամէն տարուայ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ս. Աստուածածինի նուիրուած դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ: Դասախօսութեանց մասնակցեցան շուրջ 200 տիկիններ:

 

Արդարեւ, Երկուշաբթի 12 Օգոստոս 2013-ին սկիզբ առած դասախօսական շարքը, իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ 16 Օգոստոս 2013-ին, երբ դասախօսութիւններուն մասնակից հաւատացեալները Պիքֆայայի Վանքի Դահլիճ բարձրանալով, ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրաեպետին օրհնութիւնն ու լսեցին Նորին Սրբութեան պատգամը, ուղղուած յատկապէս Հայ մայրերուն։ Աւարտին, հաւատացեալները մօտեցան Վեհափառ Հայրապետին աջահամբոյր կատարեցին եւ Նորին Սրբութեան կողմէ ստացան Սուրբ Աստուածածնայ պատկերը։

 

Տեղեկացնենք, որ նոյն օրը ժամը 11-ին, տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որմէ ետք մատաղցու ոչխարները զենուեցան եւ մատաղի պատրաստութիւնը սկիզբ առաւ։

 

Յայտնենք, որ նոյն օր գիշերը ժամը 8-ին Հսկումի արարողութիւն պիտի կատարուի։ Տարիներու սովորութեան համաձայն ուխտաւորները պիտի գիշերեն Վանքին մէջ, որպէս նախապատրաստութիւն յաջորդ օրուան։

 

More News