4 Հունվարի, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Զօրակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Թուֆիք Պաաքլինին՝ ընկերակցութեամբ կազմակերպութեան Լիբանանի կեդրոնի պատասխանատու Ալեքսիս Մուքարզելի։

 

Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութեան մաս կը կազմեն պետական, քաղաքական, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոր նպատակն է զանազան միջոցներով զօրակցիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ծանօթ է կազմակերպութեան եւ անոր նախագահին, Ուաշինկթընի մէջ ներկայ գտնուած է կազմակերպութեան առաջին համագումարին եւ իր խօսքը ուղղած։ Այս կազմակերպութիւնը նաեւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակին հետ գործակցաբար կարեւոր դեր ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման գծով։

More News