1 Հունվարի, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

 

Արդարեւ, անցեալէն՝ ապագային եւ հինէն՝ նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա՝ ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան։

 

Կը գտնուինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռադրոշմ հանգրուանին։ Եկէք իրապաշտ մօտեցումով դիտենք մեր շուրջը։

 

— Մեր ժողովուրդի արիւնով ազատագրուած Արցախը միշտ ենթակայ է պատերազմի վտանգին։

 

— Հայաստանը կարիքը ունի իր պետական կառոյցներու եւ օրէնքի գերակայութեան առաւել ամրապնդման ու տնտեսութեան զարգացման։

 

— Բազմազան ու այլազան մարտահրաւէրներով շրջապատուած Սփիւռքը, հակառակ իր հայապահպանման ամէնօրեայ պայքարին, հետզհետէ կը գունաթափի։

 

Այս կացութեան դիմաց, իրաւունք չունինք յուսահատելու կամ անտարբեր մնալու։ Պէտք է մերժենք պարտուողականութեան ոեւէ մտածում կամ մօտեցում։ Պէտք է պայքարի՛նք։ Այսպէ՛ս եղած է մեր ողջ պատմութիւնը։ Պէտք է պայքարի՛նք՝ հաւատքով կռանուած, յոյսով գօտեպնդուած ու միասնականութեամբ զօրացած։ Այս է մեր ազգին պաշտպանութեան ամուր վահանը։ Ա՛յս է մեր ազգին յաղթանակի ճամբան։

 

Հետեւաբար, բացուող Նոր Տարուան սեմին, հաւատարիմ մեր պապերու ուխտին ու մեր պատմութեան ձայնին, եկէք, ժողովո՛ւրդ հայոց.-

 

Առաջին, վերահաստատենք մեր անխախտ հաւատարմութիւնը՝ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ մեր ազգին գերագոյն իղձերուն։

 

Երկրորդ, հեռու մնանք ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ, եւ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի հրամայականը դարձնենք մեր կեանքի անշեղ սկզբունքը։

 

Երրորդ, լծուինք Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման անյետաձգելի աշխատանքին՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի առաւել հզօրացման եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման։

 

Ահա մեր կեանքին առջեւ բացուող համահայկական երեք առաջնահերթութիւններ։ Համախմբուինք համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ։

 

Այս ոգիով ու տեսլականով ապրինք ու գործենք։

 

Ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ զիրար շնորհաւորենք ըսելով՝

 

Շնորհաւոր Նոր Տարի։

 

Կ’աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր հովանիին ներքեւ մեր ազգն ու հայրենիքը պահէ անվթար, հիւանդներուն առողջութիւն պարգեւէ ու գործոց յաջողութիւն եւ մեր զաւակներուն կեանքը ծաղկեցնէ երկնային բարիքներով։

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

1 Յունուար 2020

Անթիլիաս, Լիբանան

More News