30 December, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի եւ Հաճնոյ Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան կեդրոնները:

 

Նորին Սրբութեան այցելութեան նպատակն էր իր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնել կեդրոններուն կողմէ կատարուող բարեսիրական ու մարդասիրական աշխատանքներուն:

 

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ նիւթապէս օժանդակեց յիշեալ կառոյցներուն կողմէ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուող օժանդակութեան։

 

 

More News