29 Դեկտեմբերի, 2019

Տ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ Տ. ՕՇԻՆ ԱԲԵՂԱՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճաններ:

 

Վարդապետական Գաւազանի տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին։

 

Պատարագի ընթացքին, ընծայեալները՝ ձեռնադրիչ սրբազանին եւ խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցան ատեան, ուր կատարուեցաւ հաւատքի քննութիւն. ընծայեալները նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն։ Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած Վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական գաւազանը:

 

Տուուչութեան աւարտին, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ իբրեւ նիւթ ունենալով «Ինչպէ՞ս շահարկել դրամը» Քրիստոսի պատմած առակը։ Յիշեալ առակին լոյսին տակ սրբազանը խօսքը ուղղելով նորընծայ վարդապետներուն՝ յիշեցուց, որ հոգեւորականին կեանքը կը սկսի աշխատանքի եւ ծառայութեան իտէալով Ս. Խորանին առջեւ կնքուած ուխտադրութեամբ, որպէսզի Աստուծոյ օգնականութեամբ նաեւ հասնի մինչեւ գերագոյն զոհողութեան ու յաւիտենական կեանք։ Ուստի, Վարդապետական աստիճանի տուուչութիւնը ձեր անձերուն ընծայուած մասնաւոր պատիւ մը չէ, այլ առիթ է վերյիշելու, որ Աստուծոյ հետ ձեր հաստատած ուխտադրութիւնը սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ, երբ աշխատանքի եւ ծառայութեան իտէալով ծունկի եկաք Ս. Խորանին առջեւ, ըսաւ ան։ Վերջապէս, ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորեց զանոնք՝ ըսելով. «Նախանձախնդիր եղէք ձեր նկարագիրին ու կենցաղին հանդէպ ու զանոնք պահեցէք հաւատքի պատուանդանին վրայ, որպէսզի ձեր կոչումի իրականացման համար կարենաք յստակութեամբ քալել ձեր ճամբան, միշտ յիշելով, որ միայն Աստուծոյ կողմէ տրուած հաւատքով կարելի է լեռները տեղաշարժի ենթարկել։ Այդ հաւատքի տարածումին համար կանչուած էք. այս հաւատքը պէտք է ապրիք դուք եւ ձեր անձերէն դուրս պէտք է տարածէք նաեւ ձեր շրջապատին մէջ» եզրափակեց ան։

 

Ս. Պատարագէն ետք, երկու վարդապետներն ու խարտաւիլակ հայր սուրբը, ձեռնադրիչ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, բարձրացան Նորին Սրբութեան մօտ, ուր ընծայեալները ստացան անոր Հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։

 

Նշենք, որ օր մը առաջ՝ Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, աբեղաները Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու ներկայութեամբ, Վեհարանի դահլիճին մէջ, պաշտպանեցին իրենց աւարտաճառերը։ Հայր Լեւոնին աւարտաճառին նիւթն էր «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներն Ու Կիւլպէնկեանները», իսկ Հայր Օշինինը՝ «Բերիոյ Թեմի Քաղաքական Ժողովի Նախագահին Նամակները Պետրոս Ա. Եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսներուն Եւ Կաթողիկոսական Տեղապահներուն»։

More News