12 December, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ Տիար Խաչիկ Ճանէլ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած իր 11 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր նամակով կը հաղորդէր Բարձրաշնորհ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը, որպէս Պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ:

           

Վեհափառ Հայրապետը նորընտիր Պատրիարքին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսաւ. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը երկար շրջան մը թափուր մնալէ եւ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, ահա այսօր Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՚ունենայ իր նոր Պատրիարքը, վերանորոգ նուիրումով շարունակելու համար Պատրիարքութեան դարաւոր առաքելութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Մենք անձնապէս եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ մշակած ենք Ձեր նախորդներուն՝ Երջնկ. Գարեգին եւ Մեսրոպ Պատրիարքներուն հետ: Վստահ ենք, որ Ձեր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը պիտի բացուի Պատրիարքութեան կեանքին մէջ եւ մեր երկու Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութիւնը շարունակուի»:

More News