9 Դեկտեմբերի, 2019

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՆԻՍՏԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր՝ մամլոյ տարուան առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան՝ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը՝ վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով։

 

Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովէն բխած առաջադրանքները իրականացնելու կարելիութիւններուն վրայ։ Տնօրէնները զեկուցեցին տարբեր լրատուամիջոցներու հետ կայացած խորհրդակցական հանդիպումներուն մասին։ Գոյացած է արդէն ընդհանուր համաձայնութիւն համաժողովները հերթականութեամբ գումարելու անհրաժեշտութեան շուրջ։

 

Համաժողովէն բխած համակարգող խորհուրդը իր յառաջիկայ նիստը պիտի գումարէ Անթիլիասի մէջ, 2020-ի Փետրուարին։ Խորհուրդին ներառուած էին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն եւ Սփիւռքէն հետեւեալ մամլոյ պատասխանատուները.-

 

— Արամ Անանեան, Արմենփրէս լրատու գործակալութեան տնօրէն

— Սաթիկ Սէյրանեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ

— Տիգրան Յարութիւնեան, լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ

— Շահան Գանտահարեան, Ազդակ օրաթերթի տնօրէն

— Սեւակ Յակոբեան, Զարթօնք օրաթերթի տնօրէն

— Անի Եփրէմեան, Արարատ օրաթերթի տնօրէն

— Միքայէլ Հաճեան, Արցախի հանրային ռատիոյի աւագ վերլուծաբան

 

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով մամլոյ համահայկական դաշտի ձեւաւորման միտող այս նախաձեռնութիւնները՝ շեշտեց մամուլին դերակատրութիւնը հայկական հասարակական դաշտը բեւեռացումներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ կառուցողական մօտեցումներով համահայկական օրակարգերը համախումբ ձեւերով քննարկելու եւ հիմնահարցերու լուծման ուղիներ գտնելով միասին աշխատելու հրամայականը։

More News