30 Նոյեմբերի, 2019

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԻԼ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ առանցքային ներկայութիւն, ո՛չ ձեւական կերպով, ո՛չ սոսկ լսողի ու հետեւողի դերով, այլ՝ մասնակցողի։ Մենք յոյժ կարիքը ունինք երիտասարդութեան, անոր մտքին ու շունչին։ Փորձառութիւնը բնական ընթացքով կու գայ, սակայն երիտասարդութեան իւրայատուկ մօտեցումը եւ անոր բերելիք մասնագիտական նպաստը էական են մեր կեանքին համար։ Հնամաշ գործելակերպերէ, կարծրատիպ մտայնութենէ, երբեմն դասական ու աւանդական դարձած մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնանք։ Ոչ տեսութիւն է եւ ոչ ալ հռետորութիւն է ըսելն ու յիշեցնելը, թէ արմատական ու արագ փոփոխութեան մէջ գտնուող աշխարհի մէջ կ՚ապրինք։ Երիտասարդութիւնը կոչուած է մէկ կողմէ կառչելու իր արմատներուն եւ միւս կողմէ՝ բացուելու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն», ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, երէկ երեկոյեան, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութեան, որ իր հոգեւոր խորհրդատուին գլխաւորութեամբ եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու։

 

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու միութեան աշխատանքներուն։ Յայտնենք, որ Հայր Սուրբը Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ուսման ու հոգեւոր առաքելութեան աւարտին վերջերս վերադարձած էր Մայրավանք, եւ Նորին Սրբութիւնը զինք նշանակած էր Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի հոգեւոր խորհրդատու։

More News