29 Նոյեմբերի, 2019

ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխաններէն Նաամաթ Աֆրամ։ Անոր այցելութեան նպատակն էր ունենալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը՝ Լիբանանէն ներս պարզուած կացութեան ու մանաւանդ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապի լուման գծով։ Իր կարգին, երեսփոխանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց վերջին օրերուն քաղաքական, պետական ու ժողովրդային զանազան շրջանակներու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն եկող տեղեկութիւնները եւ անոնց առնչութեամբ իր մօտեցումը։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս յատկապէս շեշտեց, թէ «իրաւունք չունինք անտեսելու ժողովուրդին ցասումը։ Ժողովուրդին պոռթկումը զգացական ու պարագայական երեւոյթ մը չէ. ան իր արմատները ունի մօտաւոր անցեալի մէջ։ Հետեւաբար, պէտք է դիմել այնպիսի միջոցներու, որոնցմով կարելի ըլլայ արմատախիլ ընել այն բոլոր չարիքները, փտածութենէն սկսեալ, որոնք երկրէն ներս յառաջացուցած են նման ու այլ տեսակի տագնապներ»։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ «պետական պատասխանատուներ ու քաղաքական կազմակերպութիւններ կոչուած են կարելի փութով առնելու այնպիսի վճռական քայլեր, որոնք կը համապատասխանեն ժողովուրդի սպասումներուն ու կարիքներուն»։

More News