28 Նոյեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բերիոյ թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Հրաչ Յակոբեան:

 

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդ սրբազանը ու Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները զեկուցեցին թեմի վարչական, տնտեսական, ընկերային, շինարարական, յարաբերական եւ այլ բնագաւառներու առնչուած աշխատանքներուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Անոնք նաեւ անդրադարձան առանձնաբար Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ վերջերս Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումի ենթարկուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի հայկական գիւղերուն հետ աղերս ունեցող տեղական խնդիրներու ու մտահոգութիւններու:

 

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թեմին կողմէ կատարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն՝ շեշտելով, թէ անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը:

More News