19 November, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով կազմակերպուած թատերական յանձնախումբի անդամները, զինք պաշտօնապէս հրաւիրելու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ձեռնարկին։

 

Երգախառն թատրերգութեան հեղինակն է Լիլի Թոմասեանը, որուն գործը անգլերէնէ թարգմանած եւ բեմադրութիւնը կատարած է Սուրէն Խտըշեանը։ Նախաձեռնութեան մեկենասն է «ԳՈՀԱՐ» համոյթը։ Ձեռնարկին երաժշտութեան բաժինը պիտի կատարէ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

 

Ի յարգանս հայ երաժշտութեան մարզէն ներս Կոմիտաս Վարդապետին կատարած մեծ դերին եւ ի գնահատանք խումբ մը երիտասարդներու կողմէ ներկայացուելիք այս նախաձեռնութեան, Նորին Սրբութիւնը Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին անձնապէս ներկայ պիտի գտնուի տեղի ունենալիք ձեռնարկին։

More News