14 August, 2013

ՙՀարցեր եւ Հայեցակէտներ՚ (Issues and Perspectives) — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մի քանի օրեր առաջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ 242 էջերէ բաղկացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անգլերէն գիրքը «Հարցեր եւ Հայեցակէտներ» (Issues and Perspectives).

 

Սոյն հատորը կը բաղկանայ զանազան առիթներերով Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութիւններէն ու գրութիւններէն, որոնք կը շօշափեն աստուածաբանական, կրօնագիտական, մշակութային ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր ու նիւթեր: Հատորին մէջ յատկապէս կարեւոր տեղ կը գրաւեն Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան, վերջին տարիներուն տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ Հայ Դատին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ:

More News