1 November, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, եւ ապա երկու ժողովները ունեցան իրենց միացեալ հանդիպումը (29-31 Հոկտեմբեր) Սուրբ Աթոռին առաքելութեան առնչուած ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու քննարկման։

 

Բ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

1) Շինարարական Աշխատանքներ

Զեկոյց տրուեցաւ ժողովին, թէ անցնող շաբաթներու ընթացքին աւարտած են շինարարական հետեւեալ ծրագիրները.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգութիւն, «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութիւն ու վերադասաւորում եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ եպիսկոպոսներու ու հիւրերու յատուկ նոր շէնքի կառուցում։ Այս աշխատանքներուն առնչուած տնտեսական ու կալուածական հարցերուն շուրջ տրուած բացատրութիւններու լոյսին տակ, ժողովը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց յիշեալ ծրագիրներու բարերարներուն։

 

2) Տնտեսական Կացութիւն

Նկատի ունենալով եկամտաբեր աղբիւրներու պակասը, Կաթողիկոսարանի տարեկան պիւտճէն միշտ եղած է անկայուն, եւ առաւելաբար կատարուած նուիրատուութիւններու ճամբով հաւասարակշռուած։ Շեշտուեցաւ, թէ տարեկան շուրջ երկու միլիոն տոլարի պիւտճէն անհրաժեշտ է որ առաւելաբար հաւասարակշռուի թեմերու աթոռատուրքերով։ Հետեւողական հաշուապահութենէ ու հաշուեքննութենէ անդին՝ Կաթողիկոսարանի պիւտճէն հաշուեքննութեան կ՚ենթարկուի միջազգային ճանաչում ունեցող ընկերութեան մը կողմէ։

 

3) Ֆանարի Ժողովրդային Տուներ

Զանազան հանգրուաններով Կաթողիկոսարանին կողմէ ընկերային ծառայութեան ծիրէն ներս իրագործուած ժողովրդային տուներուն (338 յարկաբաժին) առնչուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անցեալէն մնացած շարք մը տնտեսական ու վարչական հարցերու քննութիւնը անգամ մը եւս Ժողովին կողմէ քննարկման նիւթ դարձան։ Որոշուեցաւ յանձնախումբին կողմէ ուսումնասիրուած ու առաջարկուած աշխատանքի ուղեգիծը որդեգրել եւ գործադրութեան դնել, որպէսզի շրջանին մէջ բնակող մեր ընտանիքները ունենան իրենց յարկաբաժիններու սեփականաթուղթը։

 

4) Ճիպէյլի Ծրագիր

Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին կից գտնուող հողաշերտին վրայ իրագործուելիք ծրագիրը, որ որդեգրուած էր շուրջ հինգ տարիներ առաջ, դարձեալ քննարկումի ենթարկուեցաւ Ժողովին կողմէ։ Յայտնենք, որ յիշեալ ծրագիրին իրագործման որոշ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, յատկապէս Իւնեսքոյին առնչուած, նկատի ունենալով, որ ծրագիրը առնչուած է շրջանի մը, ուր հնագիտական հետազօտութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ժողովը որոշեց այս գծով տարուող աշխատանքներուն նոր մղում տալ։

 

5) «Նոր Կիլիկիա» Գիւղ (Արցախ)

Շուրջ տասը տարիներ առաջ Կաթողիկոսարանի եւ իր թեմերու մասնակցութեամբ Արցախի մէջ հաստատուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղը շարունակեց մնալ Կաթողիկոսութեան գուրգուրանքի առարկան։ Այս ուղղութեամբ տրուած զեկոյցի լոյսին տակ, Ժողովը որոշեց բնակարանային նոր ծրագիրներու իրագործումով շարունակել իր յանձնառութիւնը գիւղի առաւել զարգացման ու ծաւալման։

 

6) Թեմերուն Առնչուած Հարցեր

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով թեմերու պարզած ներկայ կացութեան՝ անդրադարձաւ շարք մը երեւոյթներու ու ծրագիրներու, որոնք կը կարօտին թէ՛ անմիջական լուծման եւ թէ Կաթողիկոսարանի աջակցութեան։

 

7) Կաթողիկոսարանին Առնչուած Կառոյցներ

Որպէսզի աւելի լայն ժամանակ տրուի Կաթողիկոսարանին առնչուած կառոյցներու գործունէութեան քննարկման, Ժողովը որոշեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն յաջորդական կերպով հանդիպումներ ունենայ կալուածոց, շահարկման, հայագիտական, մանկավարժական, արեւմտահայերէնի, «Թռչնոց Բոյն»ի, Ազգային Բուժարանի եւ Ազգային Ծերանոցի յանձնախումբերուն հետ։

 

Գ) ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏԵՐ

1) Թեմերու Վերակազմակերպման Գործընթացք

Վեհափառ Հայրապետին առաջարկով եւ վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին որոշումով, թեմերու վերակազմակերպումը նկատուած էր հրամայական եւ այս ուղղութեամբ թեմերը լծուած էին աշխատանքի։ Այս ծիրին մէջ կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքի գծով զեկոյցներ տուին հետեւեալ թեմերու առաջնորդները.- Լիբանան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Յունաստան, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սուրիա։

 

Յայտնենք, թէ թեմերու վերակազմակերպումի գծով Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս իր պատկերացումը ներկայացուց՝ յիշելով այն մարզերը, որոնք կարօտ են վերաքննութեան, ինչպէս նաեւ այն մեթոտները, որոնք պէտք է կիրարկուին։ Ան կարեւոր նկատեց նման հաւաքական աշխատանքին քոյր կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ թեմական նեղ հասկացողութենէն անդին՝ վերակազմակերպումը դարձնել համայնական ու հաւաքական գործընթացք։

 

2)  Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնում

Այս ծրագիրը Հայրապետին ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան աշխատանքին առաջնահերթ օրակարգերէն մէկն է։ Այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց ժողովականները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ վերջին շաբաթներուն հիւսիսային Սուրիա թրքական բանակի ներխուժումով ստեղծուած կացութեան հետեւանքներուն մասին՝ շեշտելով, թէ մեր Ս. Աթոռը միշտ կը մնայ զօրակից ու գործակից Սուրիոյ հայութեան։

 

3) Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատ

Թուրքիոյ պետութեան դէմ Կաթողիկոսարանին կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին շուրջ զեկոյց ներկայացուց Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան. ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց անհրաժեշտ լրացումները։ Յիշեալ դատը որոշ հանգրուաններէ անցած է եւ յառաջիկային այս գծով լայն բացատրութիւններ պիտի տրուին մեր ժողովուրդին։

 

4) Գործակցութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Հետ

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայրապետական երկու Աթոռներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականին։ Ան շեշտեց, թէ մեր եկեղեցին հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի. հետեւաբար, երկու Ս. Աթոռներուն գործակցութիւնը, միացեալ ծրագիրներու մշակումով, հարկ է նկատել առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն։ Նոյն մօտեցումը հարկ է ունենալ Նուիրապետական միւս Աթոռներուն նկատմամբ, սակայն նկատի պէտք է առնել տեղական իւրայատուկ պայմանները։

 

5) Գործակցութիւն Հայաստանի Ու Արցախի Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանի ու Արցախի հետ իր գործակցութիւնը զանազան ձեւերով շօշափելի կերպով արտայայտած է՝ հայրենիքի հզօրացումը, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութիւնը ամէն բանէ վեր նկատելով։

 

6) Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակ

Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի նշման աշխատանքները տնօրինող յատուկ յանձնախումբ մը գոյացած էր, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.- Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն Ժողովին անդամ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Գրիգոր Մահսերէճեան եւ նոյն Ժողովին անդամ Տիկին Սեդա Խտըշեան։ Յանձնախումբին կողմէ զեկոյց ներկայացուց Տիկ. Խտըշեան՝ յայտնելով, որ Վեհափառ Հայրապետին փափաքով 25-ամեակը իր անձէն անդին պէտք է առիթ ըլլայ արժեւորելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին 25 տարիներու առաքելութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Յունիսի վերջին շաբաթը (2020) Անթիլիաս Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենան կարգ մը հանդիսութիւններ. զանազան յօդուածներէ բաղկացած հատոր մը լոյս պիտի տեսնէ եւ քաթալոկ մը պիտի պատրաստուի։ Այս մասին աւելի մանրամասն զեկոյց մը պիտի տրուի յառաջիկային։

 

Վերոյիշեալ հարցերուն գծով Նորին Սրբութիւնը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն, միաժամանակ կատարելով իր արժեւորումը։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ան շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

 

ա) Ինչպէս մեր եկեղեցին ժողովուրդին կը պատկանի, որովհետեւ ժողովուրդն է եկեղեցին, այնպէս ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր Ս. Աթոռը լծուած է իր ծառայութեան։ Մեր կեանքն ու աշխատանքը թափանցիկ են. մեր կարելիութիւններն ու թերութիւնները դարձեալ թափանցիկ են։ Մենք միշտ հեռու մնացած ենք քարոզչական մօտեցումներէ։ Մեզի համար հիմնականը մեր ժողովուրդին ծառայութիւնն է։ Ա՛յս ոգիով ու հեռանկարով մենք կը գործենք որպէս Հայրապետական Աթոռ եւ Մեր սպասումն է, որ նոյնպէս գործեն նաեւ մեր թեմերը՝ առաջնորդ սրբազաններու գլխաւորութեամբ։

 

բ) Սփիւռքը այսօր քաոսային վիճակ մը կը պարզէ։ Սփիւռքի վերարժեւորումը հրամայական է որպէս ենթահող եւ ուղեցոյց անոր վերակազմակերպման ու հզօրացման։ Այս գործընթացքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու դերը առանցքային է։ Այս նպատակով ու սպասումով մենք սկսանք աշխատանքի։ Հետեւաբար, մեր թեմերը բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ պէտք է մօտենան այս գործընթացքին։

 

գ) Բնականաբար Հայաստանի ու Արցախի հետ մեր գործակցութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ առաջնահերթ։ Սակայն, Սփիւռքի դերը, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնենք, միայն «ներդրում» կատարել չէ, թէկուզ ամէն իմաստով, այլ գործնապէս մասնակցութիւն է Հայաստանի ու Արցախի ծաղկման, բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ձգտող աշխատանքներուն։ Սփիւռքը ա՛յս յանձնառութեամբ հարկ է մօտենայ Հայաստանին ու Արցախին, եւ անոնք՝ ա՛յս սպասումով մօտենան Սփիւռքին։

 

դ) Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներու տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան ճամբով, անյետաձգելի հրամայական է։ Եկեղեցին ազգային կառոյց չէ, վարչական կեդրոն չէ, այլ էապէս Աստուածատուր առաքելութիւն է՝ ուղղուած ժողովուրդին։ Կոչումի այս գիտակցութեամբ մեր եկեղեցին իր հոգեւորականներու ճամբով պէտք է երթայ մեր ժողովուրդին ու ծառայէ։

 

(Շար. 2 եւ վերջ)

More News