15 October, 2019

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հրաւէրով, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերէն Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի ժողովը։

 

Ժողովին մասնակցեցեան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան (Լուսարարապետ), Գերշ. Տ. Թոմաս Մետրոպոլիտ եւ Գերշ. Տ. Անկելոս Մետրոպոլիտ (Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցի) ու Գերշ. Տ. Ճորճ Սալիպա Մետրոպոլիտ եւ Գերշ. Տ. Տանիէլ Քուրիէ Մետրոպոլիտ (Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցի)։

 

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ժողովական սրբազանները ընդունեց Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ եւ ապա հրաւիրեց զանոնք իրեն սեղանակից դառնալու։

 

Ժողովական հայրեր քննարկեցին աստուածաբանական երկխօսութիւններու, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու, ներ-եկեղեցական այցելութիւններու, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ Միջին Արեւելքի ներկայ ընկերաքաղաքական կացութեան վերաբերող հարցեր։ Անոնք նաեւ ծրագրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Ն.Ս. Թաուատրոս Ա. Ղպտի Ուղղափառ Պատրիարքի եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքի հերթական հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

More News