14 Հոկտեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հունգարիոյ Արտաքին Օգնութեան Պետական նախարար Դ. Ազպէճ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Ճեզա Միհալյիի։

 

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետէն իմանալ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան ու յատկապէա քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան, հիւրերուն ներկայացնելու քրիստոնեայ համայնքներու այժմու կացութիւնը՝ ընդգծելով անոնց առաջնահերթ կարիքները, յատկապէս ընկերային ու կրթական մարզերէն ներս։

More News