8 Հոկտեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

8 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստ մաղթել վերջին օրերուն Հոլանտա եւ Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն վերադարձին առիթով, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան փոխանցել Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէն նամակ մը։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանին եւ Սփիւռքի յարաբերութեան ներկայ հանգրուանին։

 

More News