5 Հոկտեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԳԾՈՎ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) պատասխանատու խմբակին հետ՝ ընդառաջելով անոր փափաքին։ Խմբակի ղեկավար Ճ. Փիթըրսըն անակնկալ կերպով հանդիպումէն առաջ ճամբորդած ըլլալով, հանդիպումին ներկայ եղան իր փոխանորդն ու անմիջական խորհրդականը։ Անոնք յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին, որ 30 Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ պիտի առնէ Սուրիոյ Հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւն մշակելու առաքելութեան լծուած մարմինի ժողովական աշխատանքները, Ժընեւի մէջ։

 

Յիշեալ մարմինը պիտի բաղկանայ 150 սուրիացի անդամներէ։ Այս մարմինը ներկայացուցչական հետեւեալ կազմաւորումը պիտի ունենայ.- 50 հոգի կառավարութիւնը, 50 հոգի ընդդիմադրութիւնը եւ 50 հոգի քաղաքացիական հասարակութիւնը (համայնքներ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, կրօններ եւ այլն) ներկայացնող։ Մարմինը պիտի ունենայ իր գործադիր վարչութիւնը՝ բաղկացած 45 անդամներէ, նոյն ներքին բաղկացութեամբ.- 15 հոգի կառավարութիւնը, 15 հոգի ընդդիմադրութիւն եւ 15 հոգի քաղաքացիական հասարակութիւնը ներկայացնող։

 

Մ.Ա.Կ.-ի գրասենեակի պատասխանատուները յիշեցուցին Վեհափառ Հայրապետին, որ այս որոշումը առնուած էր Մ.Ա.Կ.-ի ապահովական խորհուրդին կողմէ (թիւ 2254) եւ զօրակցութիւնը կը վայելէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ եւ, բնականակաբար, Սուրիոյ կառավարութեան։

 

150 անձերէ բաղկացած մարմինին անդամներուն անունները շուտով պիտի հրապարակուին Մ.Ա.Կ.-ին կողմէ։ Յատուկ աշխատանք պիտի տարուի, որ նոյն մարմինին մէջ ըլլան նաեւ իրաւաբաններ, իգական սեռի պատկանողներ, կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որպէսզի գործընթացքը ըլլայ համասուրիական, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողմէ նախաձեռնուած ու ղեկավարուած։

 

Նորին Սրբութիւնը լսելէ պատասխանատուներուն կողմէ տրուած լայն զեկոյցը եւ իմանալէ ետք ցարդ պատրաստուած ցանկին մէջ հայու մը ներկայութիւնը, իր կարգին, հետեւեալ մտածումները ու առաջարկները փոխանցեց գրասենեակի պատասխանատուներուն.-

 

1) Ան ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան համար նոր սահմանադրութիւն խմբագրելու գործընթացքը՝ զայն նկատելով առաջին գործնական քայլը Սուրիան դէպի ամբողջական խաղաղութիւն առաջնորդող։ Այս ծիրին մէջ Հայրապետը շեշտեց Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահելու հրամայականը, զոր պէտք է յստակօրէն երաշխաւորուի սահմանադրութեամբ։

 

2) Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութիւնը յիշեալ գործընթացքին նկատեց յոյժ կարեւոր, որպէս անբաժան մասը սուրիացի ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Ան ըսաւ, որ համայնքներու ներկայացուցիչները պէտք է նշանակուին պատասխանատուներուն կողմէ եւ իրենց ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերեն այս կարեւոր գործընթացքին։ Այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մէկէ աւելի հայ ներկայացուցիչներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով, որ հայ համայնքը Սուրիոյ քրիստոնեայ կարեւոր համայնքներէն մէկն է։

 

3) Որպէսզի մարմինին, ինչպէս նաեւ գործադիր վարչութեան աշխատանքները ըլլան կազմակերպ, ներդաշնակ ու հետեւողական, Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ աշխատանքի մեթոտ, ժամանակացոյց եւ ուղեցոյց ճշդուի։

 

Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին մտածումները ու թելադրութիւնները, գրասենեակի պատասխանատուները առաջարկեցին, որ գրասենեակը խորհրդակցութեան ճամբով մնայուն կապ պահէ Նորին Սրբութեան հետ, Անթիլիասի թէ Ժընեւի մէջ։ Այս ծիրէն ներս առաջարկուեցաւ հանդիպում մը ունենալ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

More News