28 Սեպտեմբերի, 2019

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երէկ՝ Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, որուն ներկայ էին վանաբնակ հինգ եպիսկոպոսներ եւ քսան վարդապետներ:

 

Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար ողջունելով միաբան հայրերը՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ամրան շրջանին թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ թէ՛ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Կաթողիկոսարանը իր ժողովրդանուէր առաքելութիւնը շարունակած է՝ միաբան հայրերուն գործօն մասնակցութեամբ: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս միաբանութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է, իր վանաբնակ եւ թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններով, նոյնպէս Կաթողիկոսարանը՝ իր թեմերով մէ՛կ ամբողջութիւն է: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին հոն է, ուր ան Քրիստոսակեդրոն ծառայութիւնը կը տանի ժողովուրդին։ Այլ խօսքով, ո՛չ եկեղեցականներուն թիւը, ո՛չ եկեղեցւոյ շէնքին մեծութիւնը եւ ո՛չ ալ ծուխերու թիւն ու տարածութիւնը եկեղեցին կենդանի ներկայութեան կը վերածէ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ժողովուրդին ծառայելու յանձնառու ու գիտակից եկեղեցականներ կը պատրաստուին Անթիլիասէն ներս։ Մենք ա՛յս գիտակցութեամբ հոգեւոր մշակներ կը պատրաստենք Անթիլիասէն ներս եւ իմ սպասումս է, որ մեր հոգեւորականները, ամէն տեղ, այս նախանձախնդրութենէ մղուած արժեւորեն իրենց առաքելութիւնը՝ եկեղեցին ծէսէն, կառոյցէն ու վայրէն անդին ժողովուրդին տանելով, որպէս Քրիստոսակեդրոն ծառայութիւն:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ակնարկեց միաբաններուն վանական պաշտօններուն, Կաթողիկոսարանի յառաջիկայ ծրագիրներուն, Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն եւ տեղի ունենալիք համագումարներուն:

 

Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին վերադարձը Մայրավանք, շարունակելու համար Աստուածաշունչի թարգմանութեան աշխատանքը, բարի գալուստ մաղթեց Վենեզուելայի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ ծառայող միաբան հայրերուն, որոնք յատուկ առաքելութեամբ ժամանած էին Մայրավանք, ինչպէս նաեւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի երգեցողութեամբ բարի երթ մաղթեց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանին եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանին, որոնք շուտով պիտի մեկնին Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսկօ, ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

More News