19 Սեպտեմբերի, 2019

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, ամբողջ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւններ ընդունեց Վեհամօր մահուան առիթով: Ցաւակցութեան համար Անթիլիասի Մայրավանք եկան նախարարներ, դեսպաններ, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլահ Ալ Պուխարին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն շուրջ:

More News