2 January, 2010

2010։ Հայ Կնոջ Տարի

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Հ Ա Յ  Կ Ն Ո Ջ  Տ Ա Ր Ի

2 0 1 0

 

Պ Ա Տ Գ Ա Մ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն,

 

Նոր բացուող 2010 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունենք ձեզ՝ հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով:

 

Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք խորհրդածելու մեր հաւաքական կեանքին առընչուած եզակի արժէքի մը, կարեւոր երեւոյթի մը, առանցքային մտահոգութեան մը կամ լուրջ մարտահրաւէրի մը մասին, եւ զանազան ազդու միջոցներով շեշտելու անոր կենսական կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի առաւե՜լ կազմակերպման ու ծաղկման:

 

 Նոյն ակնկալութենէն մեկնելով, եւ նկատի ունենալով հայ կնոջ վերապահուած կարեւոր դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, 2010 տարին կը հռչակենք՝

 

 

ՙՀ Ա Յ  Կ Ն Ո Ջ  Տ Ա Ր Ի՚

 

Արդարեւ, ներկայ ժամանակներուն, ընկերութեան զանազան կառոյցներէն ներս՝ ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ դպրոց, հասարակական կազմակերպութիւններէն սկսեալ մինչեւ պետական հաստատութիւններ, կինը սկսած է դառնալ կեդրոնական ներկայութիւն՝ իր տիրական խօսքով ու բեղուն գործունէութեամբ:

Հայրապետական սոյն Գիրով երբ մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք ներկայ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերելու հայ կինը, անհրաժեշտ է որ կրօնական թէ պատմական, ազգային թէ միջազգային առումով աւելի լայն ենթահողի վրայ դիտենք զայն, որպէսզի կարենանք ճիշդ կերպով բնութագրել ու համապարփակ կերպով արժեւորել իր իւրայատուկ տեղն ու դերը հայ կեանքէն ներս:

 

*

* *

 

Կինը Աստուածաշունչին մէջ

 

Որպէս քրիստոնեայ, մեր դաւանած ճշմարտութիւններուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն հիմքը կը նկատենք Աստուածաշունչը: Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ Աստուածաշունչը ունենանք մեր մեկնակէտը երբ կը խօսինք կնոջ մասին: Արդարեւ, Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ Ադամ եւ Եւան Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած են եւ միասնաբար ու հաւասարապէս այս երկրի վրայ բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուած Աստուծոյ կողմէ (Ծննդ. 1.27-28): Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած:

 

Նոր Կտակարանին մէջ ամբողջութեամբ շրջուած կը ներկայանայ կնոջ պատկերը: Կինը Աստուծոյ շնորհքին կ’արժանանայ. Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանայ կնոջ ճամբով (Ղուկ. 1.26-38): Այս իրողութիւնը ինքնին մեծ յեղաշրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ գտնուող ընկերութեան մէջ: Եւ աւելի՜ն, Քրիստոս կը դառնայ կնոջ ազատագրիչը: Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ո՜չ միայն Քրիստոսի առակներուն, հրաշքներուն ու ուսուցումներուն մէջ, այլ նաեւ փրկագործական խորհուրդին մէջ՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով որպէս տիպար կին եւ օրինակելի մայր: Կնոջ հանդէպ իրենց ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութենէն մղուած, Քրիստոս ու ապա Առաքեալները կը մերժեն հրեաներու, յոյներու ու հռոմայեցիներու մօտ ընդունուած այրին գերակայութիւնը ու կնոջ ստորակայութիւնը եւ կը շեշտեն այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը:

 

Եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան մէջ յատկանշական է մանաւանդ հակադրութիւնը “նոր Եւա”–ին՝ Աստուածածնին, որ կեանք բերաւ աշխարհ՝ ծնունդ տալով աշխարհի փրկչին, եւ “հին Եւան”ին, որ մահը բերած էր աշխարհ: Երկնային շնորհներով լեցուն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի մէջ եկեղեցին ուզած է տեսնել ո՜չ միայն կինը, որպէս տիպար բարոյական առաքինութեանց ու արժէքներու, այն նաեւ իր Որդւոյն կողքին կեցած ու անոր տառապանքին ու ուրախութեան մասնակից մայրը:

 

*

* *

 

Կինը հայ եկեղեցւոյ մէջ

 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր բոլոր հայրերու աստուածաբանական մտածողութեան, դաւանաբանական կեցուածքներուն, հայրախօսական թէ սրբախօսական գրութեանց մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է կինը՝ միշտ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով: Նո՜յնը կարելի է ըսել մեր եկեղեցւոյ ծէսին, ուր աղօթքներու ու շարականներու մէջ որպէս բարեխօս Սուրբ Աստուածածնի յաճախակի յիշատակումը յիշեցում մըն է հայ կինը Աստուածածնի պատկերին համաձայն տեսնելու անհրաժեշտութեան:

 

Առաջին դարերէն սկսեալ, հայ եկեղեցւոյ համայնական կեանքին ու առաքելութեան եւս կնոջ մասնակցութիւնը եղած է կարեւոր: Ունեցած ենք կոյսեր ու սարկաւագուհիներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ընկերային ու բարեսիրական ծառայութեան մասնակից քոյրեր. ունեցած ենք յայտնի թէ անյայտ բազմաթիւ կին սուրբեր ու նահատակներ, որոնք մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնը հարստացուցած են իրենց սրբակենցաղ կեանքով, ծառայական կոչումով եւ նո՜յնիսկ արեան վկայութեամբ: Հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր առաքելութեան, ինչպէս մանրանկարչութիւն, ձեռագիրներու ընդօրինակութիւն, թարգմանչական թէ դաստիարակչական աշխատանք, հայ կինը իր ներդրումը կատարած է: Մեր առաջին եկեղեցիները մկրտուած են իգական անուններով. օրինակ՝ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գայիանէ, Սուրբ Հռիփսիմէ: Հակառակ կնոջ նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ ունեցած ընդհանրապէս արեւելեան մօտեցումներուն, հայ կինը մեր կեանքին լուսանցքին վրայ չէ մնացած երբեք: Մեր եկեղեցւոյ հայրերը գնահատանք ու գուրգուրանք ցուցաբերած են կնոջ նկատմամբ՝ անոր մէջ Սուրբ Աստուածածնի առաքինութիւնները տեսնելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած:

 

*

* *

 

Կինը հայոց պատմութեան մէջ

 

Ծանօթ իրողութիւն է, որ մեր պատմութեան խաղաղ թէ վերիվայրումներով յղի ժամանակներուն, հայ կինը միշտ ունեցած է իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Հայոց պատմութեան հեթանոսական շրջանին, Անահիտն էր հայոց գլխաւոր չաստուածուհին: Չաստուածուհի էին նաեւ Աստղիկ, Նանէ, եւ ուրիշներ: Հայ ժողովուրդի հեթանոսական շրջանին մէջ իր արմատները ունեցող հայ կնոջ դերը նոր զարգացում ունեցաւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքով: Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատենք կարգ մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարել.–

 

ա) Հայ կինը որպէս մայր

 

Հայ կինը որպէս մայր եզակի կարեւորութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ: Նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը չաստուածուհիներու մէջ տեսած է հայ մօր տիպարը, որպէս ՙաղբիւր՚, ՙկեցուցիչ՚, ՙշունչ եւ կենդանութիւն՚ (Ագաթանգեղոս) ազգին յաւերժութեան: Հայ ժողովուրդը հայ կինը ուզած է տեսնել էապէս ու գերազանցօրէն որպէս մայր՝ մայրութիւնը վերածելով գերագոյն ու սրբազնագոյն առաքինութեան: Հայ մայրը ո՜չ միայն աղբիւր է եղած բեղմնաւորման ու պտղաբերութեան, այլ նաեւ օրինակ՝ անձնազոհութեան, ծառայութեան եւ հաւատարմութեան: Հայ կնոջ տիպարը որպէս մայր մեր ժողովուրդին համար նկատուած է այնքան նուիրական, որ մեր ազգային անփոխարինելի արժէքները ՙմայր՚ բառով որակած է՝ մայրենի լեզու, մայր Հայաստան, մայր եկեղեցի:

 

բ) Հայ կինը որպէս դաստիարակ

 

Դաստիարակութիւնը, բառին լայն հասկացողութեամբ, հայ կնոջ կոչումին ա՜յլապէս կենսական տարածքներէն մէկը եղած է: Եղիշէ Պատմիչ կը յիշէ թէ հինգերորդ դարուն Վարդանանց պատերազմի յաջորդող շրջանին, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէր վախ ու անորոշութիւն, ՙՏիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի՚ նուիրուեցան որբերու դաստիարակութեան վեհ գործին: Անոնք հաւատացին թէ՝ հաւատքի ու հայրենիքին համար մղուած Վարդանանց պատերազմը շարունակելու համար անհրաժեշտ էր նո՜յն ոգիով ու տեսիլքով դաստիարակել նոր սերունդներ: Հայ ժողովուրդի պատմութեան բոլո՜ր ժամանակներուն հայ կինը եղաւ ու մնաց նոր սերունդներու ամենէ՜ն յանձնառու դաստիարակը: Արդարեւ, Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ մեր պատմութեան խաւար դարերուն, ո՞վ հայու ինքնութիւնը պահեց բիւրեղ մեր զաւակներուն կեանքին մէջ: Տէր Զօրի աւազներուն վրայ ո՞վ Ա.Բ.Գ.ը սորվեցուց բազմահազար որբերուն: Սփիւռքի տժգոյն պայմաններուն մէջ ո՞վ մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատարիմ առաքեալը դարձաւ, եթէ ոչ հայ կինը:

 

գ) Հայ կինը որպէս հասարակական գործիչ

 

Հայ կինը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է հայ ժողովուրդի կեանքի քաղաքական-հասարակական մարզին: Թագուհիներ ու իշխանուհիներ ո՜չ միայն իրենց ամուսիններուն հաւատարիմ կողակիցները ու սերտ աջակիցները եղած են, այլ նաեւ անոնց արժանաւոր խորհրդականները: Ծանօթ են մեզի Աշխէն թագուհիին ու Խոսրովիդուխտ իշխանուհիին նման բազմաթիւ կիներու կատարած վճռական դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական օրերուն՝ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա եւ ապա Սփիւռք: Հայ կնոջ ստանձնած ծանր պարտաւորութիւնը ընտանիքի կազմաւորման ու պահպանման մէջ, երբեք արգելք չէ եղած որ ան նաե՜ւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնէ՝ կուսակցական, քաղաքական, պետական եւ ազգային այլ բնագաւառներուն առընչուած՝ իր նկատառելի ներդրումը բերելով հայ քաղաքական մտքի զարգացման ու հաւաքական կեանքի կազմակերպման: Անհրաժեշտ է հոս յիշել Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ հայ կնոջ հետզհետէ աչքառու ներկայութիւնը քաղաքական դաշտէն ներս, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարածքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն հայ կնոջ գործօն մասնակցութիւնը:

 

դ) Հայ կինը որպէս մտաւորական

 

Հայ կինը որպէս մշակութային արժէքներու ջատագով միշտ մնացած է լուսարձակի տակ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին: Իշխանական ու ազնուական տոհմերու պատկանող տիկիններու մեկենասութեամբ գրի առնուած բազմաթիւ ձեռագիրները, անոնց բարերարութեամբ բարձրացած եկեղեցիները եւ թելադրութեամբ պատրաստուած խաչքարերը, ակնյայտ իրականութիւններ են: 18-րդ դարէն սկսեալ եւ մանաւանդ Զարթօնքի շրջանին, հայ կինը կարեւոր նպաստ բերաւ գրականութեան ծաղկման: Կնոջ կրթութան, ազատութեան ու հաւասարութեան դատին շեփորահարները դարձան Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ: Հայ թատրոնը եւ երաժշտութիւնը եւս, ինչպէս արուեստի այլ բնագաւառներ, մեծ նուաճումներ արձանագրեցին, ազգային թէ միջազգային չափանիշերով, իգական սեռի մեծաթիւ ներկայութեամբ:

 

ե) Հայ կինը որպէս պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան

 

Քրիստոնէական հաւատքով շաղախուած ու ազգային ոգիով հզօրացած հայ կինը դարձաւ, իր քաջամարտիկ ամուսնոյն, եղբօր կամ հօր կողքին, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի անվեհեր զինուորը: Ան նո՜յնիսկ իր արեան գնով պաշտպանեց իր ընտանիքին սրբութիւնը, իր հայրենիքին ազատութիւնը եւ իր ազգին ու եկեղեցւոյ բարոյական ու հոգեմտաւոր արժէքները: Պատմութեան մէջ կը հանդիպինք մեծ թիւով հայ կիներու, որոնք մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին պերճախօս վկաները հանդիսացած են՝ Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Կիլիկեան շրջանին ազատութեան համար մղուած կռիւները, եւ Զէյթունի ապստամբութենէն սկսեալ մինչեւ Սարտարապատի հերոսամարտը: Հայկական ցեղասպանութեան օրերուն բազմաթիւ են այնպիսի պահեր ու դէպքեր, ուր հայ կինը իր արի կեցուածքով բարձր պահած է իր ազգին պատիւը: Ու տակաւին, Ղարաբաղի ազատագրական պայքարի պատմութիւնը հարուստ է ձեռք ձգուած յաղթանակներուն ամբողջական նուիրումով մասնակից դարձած կիներու անուններով:

 

զ) Հայ կինը որպէս ընկերային ծառայող

 

Ընկերային ծառայութեան դաշտին մէջ հայ կնոջ դերը միշտ եղած է առանցքային: Մեր պատմութեան յատկապէս ողբերգական պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն դիմաց անտարբեր չէ մնացած հայ կինը: Որբերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդները խնամելու, աղքատներն ու այրիները պատսպարելու, սգաւորները մխիթարելու եւ չքաւորներուն նիւթապէս օժանդակելու գործին օրինակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը: Մարդասիրական ծառայութեան դաշտին մէջ եւս արժանաւոր տեղ գրաւած կիներուն անունները բազմաթիւ են մեր պատմութեան մէջ, Աշխէն թագուհիէն սկսեալ մինչեւ 10-րդ դարու Շուշանիկ Պահլաւունի, եւ մօտիկ անցեալի ու ներկայի ՙանձինք նուիրեալք՚ները, որոնք իրենց ընտանիքներէն առաջ օգտակար հանդիսացան եւ կը շարունակեն հանդիսանալ իրենց մեծ ընտանիքին՝ հայ ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:

 

Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութեամբ կ’ուզենք յիշել Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն 100-ամեակը կը զուգադիպի ներկայ տարուան: Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին հայ կնոջական այս համազգային միութիւնը մեծապէս գնահատելի դեր ունեցաւ հայ կեանքէն ներս: Ան միայն կնոջ իրաւունքները հետապնդող միութիւն մը չեղաւ, այլ նաեւ հայ կինը առաւել պարտաւորութեան ու յանձնառութեան մղող միութիւն: Ան միայն հայ կնոջ առաքինութիւններուն պերճախօս վկան չեղաւ, այլ նաեւ հայ կնոջ յիշեցուց թէ ինքզինք պէտք է արժեւորէ ամէն բանէ առաջ ու վեր ծառայութեա՜ն ճամբով: ՀՕՄ-ի 100-ամեակին առիթով Մեր Հայրապետական Կոնդակին մէջ ըսինք հետեւեալը.-

 

ՙՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնախմբել կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայութեան արժեւորումը կատարել: Ամբողջանուէր ծառայութիւն դարձաւ ՀՕՄ–ը մեր կեանքի յատկապէս կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս:

 

ՀՕՄ–ի հիմնադրութեան 100–ամեակը նշել կը նշանակէ համահայկական կառոյցի մը գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատել: Իր ծնունդով եւ ուղղութեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատակով ՀՕՄ–ը եղաւ ու մնաց համազգային՝ իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ ներդաշնակօրէն ընդելուզելով տեղականը ու համահայկականը:

 

ՀՕՄ–ի հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնակատարել կը նշանակէ մեր համազգային տագնապները ապրած, մեր երազներուն իրագործման մասնակից դարձած, մեր գոյապայքարին իր կարեւոր ներդրումը կատարած միութեան մը 100-ամեակը նշել:

 

Այսպէ՜ս ըմբռնեց ինքզինք ՀՕՄ–ը եւ ա՜յս հաւատքով ու կամքով, ա՜յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ իր աշխատանքը կազմակերպեց եւ իր ծրագիրները իրագործեց՝ հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր հաւաքական կեանքին ու միշտ մնալով ծառայական ներկայութիւն հայ կեանքի մայր էջին վրայ:

 

Արդ, կարելի չէ համապարփակ հայեցակէտով արժեւորել պատմութիւնը հայ սփիւռքին առանց ՀՕՄ–ին: Կարելի չէ Ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքի գաղութներու կազմակերպումը եւ ձեռք ձգուած իրագործումները հասկնալ առանց ՀՕՄ–ի ամբողջանուէր ծառայութեան:

 

Արդարեւ, սփիւռքի կազմակերպումին ու զարգացումին բերած իր կարեւոր նպաստին առընթեր, Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, վերջին շուրջ քսան տարիներուն, ՀՕՄ–ը իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ թէ՜ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին, եւ թէ Հայաստանի հզօրացման եւ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան գործին:

 

Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը առիթ մը պէտք է դառնայ ՀՕՄ–ին վերաքննութեան ենթարկելու ինքզինք՝ իր ներքին կառոյցներով, իր առաջնահերթութիւններով ու գործելակերպով: Յարափոփոխ աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ գործող ՀՕՄ–ը, ինչպէս մեր բոլո՜ր կառոյցները, անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի ներքին վերանորոգումի ու վերածրագրումի՝ մեր ազգի կեանքէն ներս հետզհետէ յառաջացող նոր պահանջներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց՚:

 

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան վրայ նետուած այս հպանցիկ ակնարկը ցոյց կու տայ, որ հայ կինը իր բազմերես պատասխանատուութիւններով կենսական դեր է կատարած մեր համայնական կեանքին մէջ՝ մնալով ամրօրէն կառչած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն, մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն ու ձգտումներուն: Հակառակ կնոջ նկատմամբ պահպանողական մօտեցում ունեցող արեւելեան ժողովուրդներու ու մշակոյթներու ազդեցութեան հայ կեանքէն ներս, մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս խտրական ոգիով չէ մօտեցած հայ կնոջ, զինք ստորադաս չէ նկատած եւ իր կեանքի լուսանցքին վրայ չէ պահած զայն. այլ՝ յատուկ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած անոր նկատմամբ. երեւոյթ մը՝ որ կարելի է որոշ չափով իւրայատուկ նկատել արեւելեան ժողովուրդներուն մէջ:

 

Բնականաբար, մեր պատմութեան ընթացքը, հայ կեանքի հոլովոյթը, մեր շուրջ ստեղծուած նոր պայմանները եւ յառաջացած նոր իրականութիւնները իրենց երբեմն դրական ու երբեմն բացասական անդրադարձները ունեցած են հայ իրականութենէն ներս կնոջ տեղին, դիրքին ու դերին վրայ:

 

*

* *

 

Կինը ներկայ ժամանակներուն

 

Կնոջ հետ աղերս ունեցող խնդիրները ու մարտահրաւէրները, մտահոգութիւնները ու պահանջները փաստօրէն դարձած են տիրական բոլոր ընկերութիւններու, մշակոյթներու, պետութիւններու ու նաեւ կրօններու օրակարգին վրայ, առաւել կամ նուազ չափով: Արմատական ու արագասոյր փոփոխութիւններու ենթակայ ընկերութեան կեանքին մէջ կնոջ տեղը դարձած է յաճախ տարակարծութիւններ յառաջացնող եւ բողոքի ու ընդվզումի մղող կարեւոր ազդակ: Այս գծով պահպանողական ու պահանջատիրական, պաշտպանողական ու ջատագովական, աւանդական ու արդիական մօտեցումներ յաճախ բախումի մէջ են:

 

Արդարեւ, կնոջ հաւասարութիւնը ապահովելու, անոր իրաւունքները հաստատելու ձգտող շարժումներով, նախաձեռնութիւններով ու աշխատանքներով լեցուն է վերջին կէս դարու ժողովուրդներու պատմութիւնը: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն կնոջ կարեւոր դերակատարութիւն տալու ձգտումը միշտ ներկայ եղած է յատկապէս Արեւմտեան երկիրներու մօտ: Կնոջական շարժումներուն նոր թափ տալու եւ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներէն ներս կնոջ իրաւունքները ու դերը շեշտելու յանձնառութենէ մղուած, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 1975-1985 երկարող տասնամեակը հռչակեց որպէս ՙԿնոջ Տասնամեակ՚, որու ծիրէն ներս բոլոր պետութիւնները յանձնառու եղան վերացնելու ամէն տեսակ խտրականութիւն եւ բռնութիւն կնոջ նկատմամբ:

 

Միջ-եկեղեցական շարժումը եւս յատուկ կարեւորութիւն տուած է կնոջ դերին եկեղեցւոյ ու ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքէն ներս: Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, իր կարգին, 1988-98 տասնամեակը յայտարարեց որպէս “Կնոջ Տասնամեակ” կոչ ուղղելով բոլոր եկեղեցիներուն վերարժեւորելու կնոջ դերը եկեղեցւոյ կառոյցէն ու առաքելութեան ծիրէն ներս՝ յարգելով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ընկերա-մշակութային ըմբռնումները, աւանդութիւնները ու միջավայրը:

 

Միջազգային կազմակերպութիւններու, կրօններու, պետական կառոյցներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ առնուած բազմաթիւ ու բազմազան նախաձեռնութիւնները անկասկած որոշ արդիւնք մը ձեռք ձգեցին: Յարաբերաբար անցեալին այսօր կնոջ ներկայութիւնը հանրային կեանքին մէջ աւելի տեսանելի է եւ կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խտրականութիւնը որոշ չափով նահանջ արձանագրած է: Սակայն, միաժամանակ, որոշ մշակոյթներու ու ըներութիւններու մօտ կը շարունակուի կինը ստորադաս նկատելու մտայնութիւնը ու նոյնիսկ գործելաձեւը: Անհրաժեշտ է հետեւաբար իրապաշտ երկխօսութիւն մը յառաջացնել կրօնական աւանդութիւններու, ընկերա- մշակութային ըմբռնումներու ու մարդկային իրաւունքներու միջեւ:

 

*

* *

 

Կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր

Ներկայ ժամանակներուն կնոջ դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, տագնապներուն ու հիմնահարցերուն մէջ, կարեւոր է լուսարձակի տակ բերել հետեւեալ երեւոյթները.–

 

ա) Յաճախ ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլանք կնոջ նկատմամբ ո՜չ-ընդունելի վերաբերումի՝ երբ կինը կը գործածուի որպէս միջոց շահադիտական նպատակներու, երբ ան կը դառնայ գործիք՝ մարդոց հաճոյքն ու փառքը գոհացնող: Այս անբարոյ մօտեցումը կնոջ նկատմամբ բոլոր կրօններուն, մշակոյթներուն ու ընկերութիւններուն համար պէտք է նկատուի խստօրէն դատապարտելի: Միւս կողմէն, սակայն, նո՜յնքան դատապարտելի պէտք է համարուի երբ կինը զանազան պատճառներէ մղուած կեանքի նմանօրինակ վիճակներու ու ընթացքներու կը յանձնէ ինքզինք: Ինչ որ ալ ըլլան անոր դրդապատճառները, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ու բարոյական արժէքներու տէր կանգնելու կոչուած կին արարածը նման կացութիւններու մէջ տեսնելը խորապէս ընդվզեցուցիչ է եւ բացարձակապէս մերժելի:

 

բ) Հետզհետէ նոր ծաւալ կը ստանայ նաեւ բռնութիւնը կնոջ նկատմամբ՝ զանազան կերպերով, տեսանելի եւ ոչ-տեսանելի միջոցներով, թէ՜ ընտանեկան, թէ՜ կառոյցներու եւ թէ ընկերութեան հաւաքական կեանքէն ներս: Ֆիզիքական ինքնապաշտպանութենէ զուրկ կնոջ դէմ կառոյցներու եւ ընդհանրապէս արական սեռի այս բիրտ վերաբերումը ո՜չ միայն խստօրէն դատապարտելի է՝ կրօնական ու բարոյական չափանիշերով, այլ նաեւ քրէական յանցանք կը նկատուի շարք մը ընկերութիւններու մօտ: Արդարեւ, բռնութիւնը ընդհանրապէս մարդ արարածին ու նաեւ բնութեան նկատմամբ մերժելի վարքագիծ մըն է: Յատկապէս կնոջ դէմ բռնութեան նուազագոյն ձեւն իսկ արմատախիլ պէտք է ըլլայ ընկերութեան կեանքէն: Սա արդարօրէն կնոջական շարժումներուն առաջնահերթ պահանջքներէն մէկն է:

 

գ) Այր եւ կին արարածներուն հաւասարութիւնը վերահաստատելու եւ անոր գործնական ու շօշափելի արտայայտութիւն տալու գծով այսօր հսկայ աշխատանք կը կատարուի: Դարերու ընթացքին անտեսուած ու ճնշուած, նոյնիսկ որոշ մշակոյթներու մէջ պարզապէս այր մարդուն հաճոյքին ու քմահաճոյքին գերին դարձած կինը կը մերժէ այս անմարդկային ոգին ու վերաբերումը եւ արդարութիւն կը պահանջէ: Արդարեւ, այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը, ինչպէս կարեւորութեամբ ընդգծեցինք, քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Աստուած Ադամը եւ Եւան իր պատկերին համաձայն ստեղծած է, եւ անոնց նո՜յն պարտաւորութիւնը տուած: Ճի՜շդ է, այրը այր է իսկ կինը՝ կին, տարբեր կազմախօսական դրութեամբ, տարբեր իւրայատկութիւններով. սակայն անոնք հաւասար են իրենց իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով: Առաքեալը կը յիշեցնէ թէ՝ ՙչկայ կին առանց մարդու, ո՜չ ալ մարդ՝ առանց կնոջ: Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան՚ (1 Կորն. 11.11):

 

դ) Կնոջական շարժումներու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ ընկերութեան կեանքին կնոջ մասնակցութեան հարցը: Կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խտրական ոգիի եւ այր մարդուն ոչ-հաւասար նկատուելու հետեւանքով, կարգ մը ընկերութիւններուն ու մշակոյթներուն մօտ կնոջ մասնակցութիւնը ընկերութեան կեանքին տակաւին կը մնայ սահմանափակ: Փաստօրէն կնոջ առջեւ ընկերութեան որոշ բնագաւառներ առաջնորդող ճամբաները տակաւին փակ են, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, պետական եւ այլ մարզերուն առընչուած կարեւոր պաշտօններ ստանձնելու կարելիութիւնները՝ կամ ջնջին եւ կամ ամբողջութեամբ անգոյ: Հասկնալով հանդերձ նման մօտեցումներու ու գործելակերպերու ետին գտնուող աւանդութիւնները ու ըմբռնումները, կինը, որպէս այր մարդուն համահաւասար արարած, կոչուած է իր աստուածատուր արժանիքները ու իրաւունքները, պարտաւորութիւնները ու կոչումը լիօրէն կենսագործելու ընկերութեան կեանքի բոլո՜ր մարզերէն ներս ու բոլո՜ր մակարդակներու վրայ: Նման մօտեցում կնոջ նկատմամբ մեր ունեցած հոգածութենէն պէտք չէ բխի միայն, այլ՝ ընկերութեան կեանքը կնոջ գործօն մասնակցութեամբ աւելի՜ կազմակերպելու ու ծաղկեցնելու մտահոգութենէն ու նախանձախնդրութենէն:

 

*

* *

 

Ի՞նչ կը սպասենք հայ կնոջմէ

 

Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, կ’ապրինք համաշխարհային ազատախոհ մշակոյթի մը զօրեղ տիրապետութեան տակ: Նոյն ընկերութեան մէջ կ’ապրի ու կը գործէ նաեւ հայ կինը՝ անմիջականօրէն ու մնայուն կերպով ենթակայ յիշեալ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ այն բոլոր մտահոգութիւններուն, խնդիրներուն ու մարտահրաւէներուն ազդեցութեան, որոնց հպանցիկ կերպով անդրադարձանք: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ ծայրայեղօրէն զգոյշ, որպէսզի հայ կինը բազմերանգ վտանգներով լեցուն նման կացութիւններէ, փորձութիւններէ ու փորձանքներէ հեռու մնայ:

 

Ճի՜շդ է, հայ կինը այլ ազգերու կիներուն նման բողոքի երբեմն չափազանցուած արտայայտութիւններով հրապարակ չէ իջած: Ան առաւելաբար համակերպող է եղած իր կացութեան՝ երբեմն լուռ կերպով համբերող ու տառապող եւ քիչ պարագաներուն միայն պոռթկացող: Դա՜րձեալ ճիշդ է, այլ ազգերու կիներուն յարաբերաբար, որ հայ կինը ընդհանրապէս պահպանողական է եւ հաւատարմօրէն կառչած է իր կրօնական ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն: Սակայն չմոռնանք նաեւ, որ վերջին տարիներուն այս օրինակելի կացութեան խոտոր համեմատող պարագաներու թիւը սկսած է զգալի դառնալ մեր կեանքէն ներս:

 

Այս հարցերուն մասին իրապաշտ ու ինքնաքննական ոգիով քննարկումներ պէտք է տեղի ունենան մեր ընտանիքներէն ու կառոյցներէն ներս: Այլ խօսքով, հայ կնոջ գծով գոյութիւն ունեցող երբեմն երկդիմի ու անորոշ, երբեմն պահպանողական ու ազատամիտ մտայնութիւնները ու ըմբռնումները, մօտեցումները ու գործելակերպերը համապարփակ ու լուրջ արժեւորումի պէտք է ենթարկուին: Թէ՜ մենք սպասումներ ունինք հայ կինէն եւ թէ ինք՝ մեր եկեղեցիէն, պետութենէն, կառոյցներէն, մեր բոլո՜րէն: Փոխադարձ սպասումներու ծիրէն ներս, կ’ուզենք անդրադառնալ մի քանի մտահոգութիւններու.-

 

1) Հայ կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճառագայթող ներկայութիւն: Որպէս մայր ու դաստիարակ վաղուան սերունդը կերտելու կոչուած անձ, հայ կինը կոչուած է իր մէջ խտացնելու եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները ու հարազատ աւանդութիւնները: Այս ուղղութեամբ բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն հարկ է ցոյց տալ խառն ամուսնութիւններու, ամուսնալուծման առաջնորդող կացութիւններու ու մեր ընտանիքներու ներքին մթնոլորտին: Այս բոլորին մէջ, այր մարդուն կողքին հայ կնոջ դերը ճակատագրական է: Եթէ ընտանիքը նիւթապէս սնուցանողը հայրն է, սակայն ընտանիքը բարոյական, հոգեւոր ու հայկական արժէքներով սնուցանողը մա՜յրն է:

 

2) Մայրութիւնը ո՜չ միայն մաս կը կազմէ կնոջ կազմախօսական դրութեան, այլ Աստուծոյ կողմէ տրուած նուիրական կոչում մըն է: Հետեւաբար, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ պէտք է կինը մօտենայ իր մայրական առաքելութեան, որ միայն աշխարհ զաւակ բերելու մէջ չի կայանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ զաւկին եւ ամբողջ ընտանիքին բարոյական կրթութիւն ու ազգային ոգի ջամբելուն մէջ: Հայ ընտանիքին սրբութեան պահպանումը՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային իմաստով, հայ մօր առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւնն է: Ահա թէ ինչու մայրութիւնը մեր կեանքին մէջ միշտ եղած է հոմանիշ՝ գուրգուրանքով, սիրով, հոգածութեամբ լեցուն վերաբերմունքին: Մայրութիւնը եղած է նաեւ ցուցանիշ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով լեցուն կենցաղակերպի ու գործելակերպի:

 

3) Կնոջական շարժումներուն մէջ կնոջ հաւասարութիւն ապահովելու ճիգը, ինչպէս տեսանք, յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր եկեղեցւոյ ու ազգին պատմութեան կարգ մը դէմքերու ու դէպքերու յիշատակումը ցոյց տուաւ, որ մեր կեանքէն ներս ընդհանրապէս կինը նկատուած է հաւասար այր մարդուն: Սակայն կը սպասենք աւելի՜ն. պէտք է ըլլայ աւելի՜ն: Արդ, եթէ տակաւին մեր հաւաքական կեանքի որոշ մարզերէն կամ կառոյցներէն ներս գոյութիւն ունի խտրական ոգի հայ կնոջ նկատմամբ, եթէ տակաւին կան անհատներ՝ պատասխանատու դիրքերու տէր կամ պարզապէս ընտանիքի հայր, որոնք խտրական վերաբերում ցոյց կու տան կնոջ նկատմամբ, նման ոգի կամ մօտեցում մեր եկեղեցւոյ համար անընդունելի է: Յարգելով հանդերձ այր եւ կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող կազմախօսական դրութեան, նկարագրային նախասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընկերա-մշակութային միջավայրին հետ աղերս ունեցող տարբերութիւնները, ՙչիք խտիր՚ի քրիստոնէական սկզբունքը պէտք է տառացիօրէն գործադրուի մեր կեանքէն ներս:

 

4) Ինչ կը վերաբերի մասնակցութեան, հայ կնոջ առջեւ մեր կեանքէն ներս փակ դռներ, անմերձենալի պաշտօններ գոյութիւն պէտք չէ ունենան: Որոշ պաշտօններ արական սեռին ու այլ պաշտօններ իգական սեռին յատուկ նկատելու մտայնութիւնը ո՜չ միայն ժամանակավրէպ է, այլ, դարձեալ, չի համապատասխաներ քրիստոնէական սկզբունքներուն: Յարաբերաբար այր մարդուն նո՜յն շնորհքներով ու արժանիքներով, եւ երբեմն աւելիո՜վ, օժտուած կինը ինչո՞ւ պատասխանատու դիրքեր պիտի չստանձնէ: Անհրաժեշտ է որ առաւելագոյն չափով հայ կինը մասնակցութիւն բերէ ո՜չ թէ միայն կնոջական կազմակերպութիւններուն, այլ մեր համայնական կեանքի կազմակերպումին ու ծաղկումին՝ զինք նկատելով այր մարդուն համահաւասար դիրքեր ու պարտաւորութիւններ ստանձնելու ատակ անձ:

 

*

* *

 

2010 տարին Հայ Կնոջ Տարի հռչակելով, Մեր ակնկալութիւնն է, որ ամէն բանէ առաջ հայ կինը անդրադառնալով Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած արժանիքներուն ու տրուած կոչումին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կողմէ իրեն վստահուած յոյժ կարեւոր պարտաւորութեան, ինքզինք վերարժեւորումի ենթարկէ՝ իր կոչումը առաւե՜լ պատասխանատուութեամբ ու հաւատարմութեամբ իրագործելու յանձնառութեամբ: Միւս կողմէն նաեւ Մեր սպասումն է, որ մեր եկեղեցին, մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, մեր ընտանիքները ու մեր ժողովուրդի զաւակները աւելի՜ խորացնեն սիրով, յարգանքով ու հոգածութեամբ լեցուն իրենց վերաբերումը հայ կնոջ նկատմամբ: Չմոռնանք որ առանց կնոջ առանցքային դերակատարութեան, այր մարդու կողքին, մեր հաւաքական կեանքը շատ բան պիտի կորսնցնէ իր կենսունակութենէն ու որակէն:

 

Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց, ու մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, ա՜յս ոգիով ու մօտեցումով, պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ արժեւորելու Հայ Կնոջ Տարին մեր հաւաքական կեանքէն ներս:

 

Հայրական ջերմ սիրով,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

31 Դեկտեմբեր, 2009

Անթիլիաս, Լիբանան                                              

 

More News