10 Սեպտեմբերի, 2019

ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Յաճախակի առիթներով, նոյնիսկ առօրեայ դրութեամբ, հայ թէ օտար հիւրեր եւ ուխտաւորներ կ’այցելեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ թէ՛ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք մօտէն կը ծանօթանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանզան բնագաւառներուն:

 

Երէկ, Անթիլիասի մայրավանք այցելեցին Տանիմարքայէն խումբ մը Լուտերական եկեղեցւոյ պատկանող հոգեւոր հովիւներ, ապա ուղղուեցան «Թռչնոց Բոյն»: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Տանիմարքայի Լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ պատմական կապեր գոյութիւն ունին: Յիշեալ եկեղեցւոյ պատկանող բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած էր «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր իրենց քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւնը ստացան ցեղասպանութենէ վերապրած հայ որբեր:

 

Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հիւրեր Լոս Անճելոսէն, Նիւ Եորքէն եւ Պոսթոնէն, որոնք եկած էին յատկապէս մասնակից դառնալու յառաջիկայ Շաբաթ ու Կիրակի օրերը Այնճարի մէջ տեղի ունենալիք «Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակ»ի հանդիսութիւններուն:

 

Այսօր, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց այցելութիւնը մեծաւորուհի քոյր Արուսեակի գլխաւորութեամբ Հայաստանէն ժամանած ուխտաւորներու խումբի մը: Ողջունելէ ետք հիւրերու ներկայութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց մեր ժողովուրդի կարիքաւորներուն ծառայելու եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ նոյնազգի գիտակցութեամբ մեր միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

More News