4 April, 2010

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝

ԱՂԲԻՒՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ

 

ՙԻնչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ’առնէ մեռելներու Յարութիւնը՚ (Ա. Կորնթ. 15. 21):

 

Քրիստոսի Յարութեան տօնը փառաբանանքն է մահուան վրայ տարած կեանքի յաղթանակին: 

 

Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած, խաչով սրբագործուած եւ յարութեամբ նուաճուած ՙառաւել կեանք՚ի կրօն է: Խաչով կերտուած ՙառաւել կեանք՚ին մէջ են նետուած Քրիստոնէութեան գոյութեան արմատները: Հոն կը գտնուի իր նպատակը: Հո՜ն է նաեւ իր զօրութեան աղբիւրը: Քրիստոնէութիւնը ոչ միայն կեանք է, ծէս ու կառոյց ըլլալէ առաջ ու վեր, այլ նաեւ ու մանաւանդ Քրիստոսի Յարութեամբ վերակերտուած կեանքը ապրելու իւրայատուկ կերպ է, երկրաւոր կեանքը յարութեան կեանքով իմաստաւորելու մարտահրաւէր է, ինչպէս նաեւ զայն պաշտպանելու կոչուած աստուածատուր առաքելութիւն:

 

Առաքեալին բնորոշումը յստակ է: Առաջին Ադամին՝ հողեղէն Ադամին պատճառաւ մարդը հեռացաւ Աստուծմէ. իսկ Երկրորդ Ադամին՝ երկնաւոր Ադամին ճամբով մարդը մօտեցաւ Աստուծոյ: Առաջին Ադամին եւ Երկրորդ Ադամին հակադրութիւնը Պօղոս Առաքեալի նամակներուն տիրական գիծերէն մէկն է: Այդ հակադրութիւնն է որ բացայայտ կը դարձնէ քրիստոնէութեան ինքնուրոյն նկարագիրը ու եզակի բնոյթը: Այսպէս, Առաջին Ադամը անհնազանդութեան տիպար է, Երկրորդ Ադամը՝ հնազանդութեան. Առաջինը՝ մեղքի, Երկրորդը՝ սիրոյ. Առաջինը՝ դատապարտութեան, Երկրորդը՝ փրկութեան. Առաջինը՝ մահուան, Երկրորդը՝ կեանքի:

 

Իր մէջ ճշմարիտ մարդը կորսնցուցած մարդը Քրիստոսով վերամարդացաւ՝ իր բնութեամբ, իր կեանքով ու իր կոչումով: Այս առաքելութեան իրագործման համար Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւնը առաւ, բացի մեղքէն, որպէսզի մարդը մաքրէ իր ֆիզիքական, հոգեւոր թէ բարոյական ախտերէն եւ իր կեանքի օրինակով ցոյց տայ մարդ ըլլալու վաւերական կերպը ու ՙաստուածային պատկեր՚ի երկնատուր կոչումին հաւատարիմ մնալու ճի՜շդ ուղին:

 

Քրիստոս այս մեծ առաքելութիւնը իրագործեց՝ գերեզման իջնելով ու մահացած մարդը վերակենդանացնելով, անառակ որդին երկնաւոր Հօր որդեգիր զաւակը դարձնելով, օրէնքին ենթակայ մարդը շնորհքի պարգեւին արժանացնելով եւ մարդուն առջեւ բանալով դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող ճամբան: Մահը կեանքով նուաճելու Բեթղեհէմով սկսուած աստուածային առաքելութիւնը իր բարձրակէտին հասաւ Քրիստոսի յարութեամբ: Առաջին Ադամով աշխարհ մուտք գործած մահը, Երկրորդ Ադամով յաղթուեցաւ:

 

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը վերստին կեանք ունեցաւ, յաւիտենակա՜ն կեանք: Հայ եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած հետեւեալ բառերը այնքան բնորոշիչ են. ՙՔրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց. եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեա՜նս պարգեւեաց՚: Հո՜ս է մեծ խորհուրդը, խորունկ իմաստը ու յաւերժական պատգամը Քրիստոսի յարութեան:

 

Անոնք որոնք տակաւին իրենց սրտերուն մէջ Յուդա մը պահած էին, զղջացին ի տես Քրիստոսի յաղթական յարութեան: Անոնք որոնք Թովմաս Առաքեալի կասկածը ունէին, վերահաստատեցին իրենց հաւատքը Քրիստոսին նկատմամբ: Յարութեամբ իրենց հարազատ ու լիառատ իմաստը զգեցան Քրիստոսի խօսքերն ու գործերը: Յարութեամբ իր ճշմարիտ պսակումը ստացաւ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութիւնը: Հետեւաբար, յարութեան պրիսմակէն հարկ է դիտել Քրիստոսի առաքելութիւնը եւ մանաւանդ այդ առաքելութիւնը շարունակելու պարտքը ու պատիւը ունեցող եկեղեցին:

 

Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն հետեւելու ուխտը կատարած մարդուն հաւատքը Քրիստոսի յարութեամբ միշտ կը մնայ հզօր: Եկեղեցւոյ վկայութիւնը Քրիստոսի յարութեամբ միշտ կը մնայ տոկուն՝ հակառակ կեանքի բազմազան ու այլազան փոթորիկներուն: ՙԵթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը՚ (Ա. Կորնթ. 15.14), կ’ըսէ Առաքեալը: Քրիստոսի յաղթական յարութեան ու անկէ բխող հրամայականներուն պատգամաբերն է եկեղեցին:

 

Արդ, հաւատարիմ քրիստոսաւանդ պատուիրաններուն եւ քրիստոսատուր պատուէրին, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին եկեղեցին կը յիշեցնէ իր հաւատացեալներուն.–

 

– Քրիստոսի արեան հեղումով հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ: Մեր կեանքի ընթացքով ու գործի որակով որքանո՞վ հաւատարիմ ենք Քրիստոսի արիւնով գնուած հաշտութեան պայմաններուն:

 

– Քրիստոսի յարութեամբ արժանի դարձած ենք երկնային շնորհքին եւ առատօրէն կը վայելենք անոր բարիքները: Աստուծոյ մեր երախտապարտ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’արտայայտենք:

 

–     Մահուան վրայ Քրիստոսի տարած յաղթանակով ժառանգած ենք յաւիտենական կեանքը: Ի՞նչ կ’ընենք յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար:

 

– Աստուծոյ յարուցեալ Որդին երկրորդ անգամ գալու խոստումը տուած է իր հետեւորդներուն: Հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքէն հեռացնող ներկայ աշխարհին մէջ պատրա՞ստ ենք ընդունելու Քրիստոսը, որպէս մեր Փրկիչը:

 

– Իր ուսուցումներուն, առակներուն եւ հրաշքներուն ճամբով, իրեն հետեւելու ճշմարիտ ճամբան ցոյց տուած է Նազովրեցի Յիսուս: Որպէս իր անունով մկրտուած անձեր հաւատարմօրէն կը հետեւի՞նք այդ ճամբուն:

 

– Զիրար սիրելու եւ հիւանդին, աղքատին, հալածուածին օգնելու, արդարութեան համար պայքարելու ու խաղաղութեան ջահակիրը դառնալու կոչ է ուղղած Յիսուս իր հետեւորդներուն: Արդեօք գործնապէս կը կիրարկե՞նք քրիստոնէական հաւատքին այս հիմնական սկզբունքները:

 

– Բոլորին ծառայելու եկած, մարդոց ոտքերն իսկ լուալու խոնարհութիւնը մեզի ուսուցած քրիստոս միշտ շեշտած է ծառայութեան մեծութիւնը: Որքանո՞վ կը փորձենք մեր ունեցած հանգամանքները, տիտղոսները, աթոռները եւ մտաւոր թէ նիւթական առաւելութիւնները ծառայութեան վերածել:

 

Եկէ՜ք մտածենք այս մասին…:

 

Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Առաջին Ադամին ՙո՜չ՚ ըսել եւ հետեւիլ իր խաչով ու յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւած Երկրորդ Ադամին: Առաքեալը կը հաստատէ թէ՝ ՙԱստուած իր Որդիին մահով մեզ իր հետ հաշտեցուց… վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով՚ (Հռոմ. 5. 10): Սակայն չմոռնանք, որ յարութեան կեանքին արժանի դառնալու համար կոչուած ենք ապրելու հաւատքի՜ կեանքը ու քալելու խաչի՜ ճանապարհէն:

 

• •

 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը՝ մաղթելով յաջողութիւն իր ազգօգուտ ու հայրենանուէր գործունէութեան:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն:

 

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները: Կը հայցենք յարուցեալ Փրկչէն, որ իր յարութեան կեանքով պայծառակերպէ մեր հայրենիքը ու  մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կեանքը:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սուրբ Զատիկ, 2010

Անթիլիաս                              

 

More News