2 Սեպտեմբերի, 2019

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՕՐԿԱՆՆԵՐ ՏԱԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Լիբանանի Ընդհանուր Առողջապահութեան Նախարարութեան հովանիին տակ գործող NOD-LB (National Organization of Organ Donation and Tissue Transplantation) մասնագիտական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան։

 

Կազմակերպութեան հիմնական աշխատանքն է՝ օգնել այն հիւանդներուն, որոնք լուրջ առողջապահական պայմաններ կը դիմագրաւեն, նոյնիսկ՝ մահուան սպառնալիք, եւ անմիջական կարիքը ունին մարմնի որեւէ անդամի (organ) ստացման կամ հիւսուածքի (tissue) տեղափոխութեան, որպէսզի ունենան աւելի առողջ կեանք եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ նոր կեանք։

 

Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն այցի նպատակն էր ներկայացնել անոր ծաւալած հսկայ աշխատանքները վերոյիշեալ ծիրին մէջ եւ ստանալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վահափառ Հայրապետին տեսակէտը։

 

Խորհրդակցական հանդիպումին ներկաներուն ճամբով Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հանդերձ յիշեալ աշխատանքը՝ յիշեցուց, որ նման քայլեր աստուածաբանական, բժշկագիտական եւ մարդասիրական երեսներ ունին, որոնք կը կարօտին աւելի խոր ու համապարփակ քննարկումներու։ Ան նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց եկեղեցիներուն կողմէ միացեալ մօտեցում մը որդեգրելու ու գործընթացք մը ճշդելու հրամայականը։

More News