19 Օգոստոսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 8 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպույեան։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր անոր վստահուած առաքելութեան մէջ։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին, անցնող 15 տարիներուն, անոր նուիրեալ ծառայութեան համար։

 

Յայտնենք, որ Շահան սրբազանը Անթիլիասի Մայրավանք վերադառնալով՝ ստանձնեց մատենադարանապետի պաշտօնը։

More News