News

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Աղօթքի Շաբաթ Պիքֆայայի մատրան մէջ

08 August 2013

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

 

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2013-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով:

 

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով, եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

               

ԾԱՆՕԹՄասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8.30-ին Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, տպարան Տօնիկեանի մօտ, Տորայի մայրուղիի վրայ գտնուող «Խուրի Հոմ Լայն» հաստատութեան մօտ եւ Անթիլիասի Մայրավանքին դիմաց: