5 Օգոստոսի, 2019

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Նկատի ունենալով ընդհանրապէս երիտասարդութեան ու յատկապէս համալսարանական երիտասարդներու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախանձախնդրութիւնը, երկրորդ տարին ըլլալով, Կաթողիկոսարանը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Դպրեվանքին միացեալ ճիգով, կը կազմակերպէ երիտասարդական խտացեալ դասընթացք։
 
Յիշեալ դասընթացքը կ՚ընդգրկէ երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշնչական, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, հայ դատի, կենսոլորտի եւ ընկերաբարոյական բնոյթ ունեցող նիւթեր։ Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն ժամանած համալսարանական երիտասարդներ։
 
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խտացեալ դասընթացքին պաշտօնական բացումը՝ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
 
«Տէրունական Աղօթք»էն ետք, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը՝ ուղղելու իր հայրապետական պատգամը։
 
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով երիտասարդներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ըսաւ, որ չէր կրնար բարի գալուստ մաղթել տնեցիներուն, որովհետեւ Անթիլիասի Մայրավանքը անոնց հարազատ տունն է եւ անոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեծ ընտանիքին մաս կը կազմեն։ Ան ըսաւ, որ քրիստոնէութեան համար ընտանիքը սրբութիւն է եւ, հետեւաբար, եկեղեցին մեր սուրբ ընտանիքն է։ Այս իմաստով, Հայրապետը ընդգծեց, որ եկեղեցին սոսկ քարեղէն կառոյց մը չէ, այլ առաքելութիւն է, իսկ հայ ժողովուրդն ու հայոց եկեղեցին ընդելուզուած են պատմութեան ընթացքին։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հոգեւոր կեդրոն է եւ, հետեւաբար, կեդրոն է ոչ թէ պարզ հասկացութեամբ, այլ այն առումով, որ մինչեւ օրս, իր օճախին շուրջ կը համախմբէ հայ ժողովուրդը՝ բան մը, որ մեզ կը մղէ աւելի նուիրումով ու գիտակցութեամբ ծառայելու մեր ժողովուրդին, նշեց ան։
 
Հուսկ, Հայրապետը խօսեցաւ խտացեալ դասընթացքին ծրագիրին մասին։ Ան ըսաւ, որ ծրագիրը յստակ նպատակ կը հետապնդէ եւ բացատրեց, որ հոն ներառուած են ոչ միայն կրօնական, այլ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութեան հետ աղերս ունեցող նիւթեր ու հարցեր։ Այս իմաստով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին չի կրնար ինքզինք հեռու պահել ընկերութիւնը յուզող հարցերէն ու մարտահրաւէրներէն։ Ընկերութեան հարցերն ու մարտահրաւէրները մե՛ր ալ հարցերն ու մարտահրաւէրներն են, ըսաւ ան ու շարունակեց, թէ այս տարի ծրագիրին մէջ աւելի լայն տեղ կը գրաւեն եկեղեցի-ժողովուրդ փոխ-յարաբերութեան առնչուած նիւթերը։ Այն գիտելիքները, որոնք հոս պիտի ամբարէք, ձեր հետ ձեր համայնքները տանելով ի գործ պիտի դնէք հաւաքական բարօրութեան, որովհետեւ գիտութիւնը ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ չի՛ կրնար ըլլալ։ Գիտութիւնը կ՚ենթադրէ պատասխանատու վերաբերում եւ մասնակցութիւն, յանձնառութիւն ու նպատակասլաց գործունէութիւն։ Այս գիտակցութեամբ դուք կոչուած էք մասնակից դառնալու մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը։
 
Ապա, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, ուր երիտասարդները Նորին Սրբութեան իրենց հարցումները ուղղեցին եւ մտահոգութիւնները յայտնեցին հիւսիսային ամերիկայի մէջ մեր եկեղեցին ու ազգը յուզող հարցերուն գծով։ Հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետն ու երիտասարդները միասնաբար ունեցան իրենց կէսօրուան ճաշը , ուր շարունակեցին իրենց մտերմիկ երկխօսութիւնը։
 
Նշենք, որ մասնակիցները իրենց օրը սկսան ծանօթանալով Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներուն եւ այցելցին Ս. Նահատակաց յուշարձան, թանգարան, մատենադարան, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթող, ինչպէս նաեւ իրազեկ դարձան բաժանմունքներուն ճամբով Կաթողիկոսարանէն ներս տարուող աշխատանքներուն։
 
Նշենք նաեւ, որ դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ անգլերէն լեզուով։

More News