14 August, 2010

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամը ուղղուած Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան, 14 Օգոստոս 2010

ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ՝

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՏԻՊԱՐԸ ՀԱՅ ԿՆՈՋ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 14 Օգոստոս, 2010:

 

Ահա դարձեալ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով ուխտի եկած ենք Պիքֆայայի Մայրավանքը Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով: Արդարեւ, Սուրբ Աստուածածինը առանցքային տեղ ունի քրիստոնէական հաւատքին մէջ, որովհետեւ ան եղած է մայրը մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսին, եւ հետեւաբար՝ կարեւոր դեր ստանձնած աստուածային փրկագործական խորհուրդին մէջ:

 

Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ օր մը Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը կը ղրկէ Գալիլիոյ Նազարէթ գիւղին մէջ ապրող Մարիամ անունով կոյսի մը մօտ ու կ’ըսէ անոր՝ ուրախացի՜ր, ո՜վ Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար. դուն պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս եւ Յիսուս պիտի կոչես զինք: Մարիամ կը պատասխանէ՝ Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ (Ղուկաս 1, 26–38):

 

Ապա Աւետարանները կը պատմեն, թէ ինչ պայմաններու մէջ Սուրբ Մարիամ ծնունդ տուաւ Յիսուսին եւ թէ ինչպէս դաստիարակեց զինք Նազարէթ գիւղին մէջ, եւ յետոյ մօտէն հետեւեցաւ անոր առաքելութեան՝ միշտ ըլլալով իր որդւոյն կողքին, Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ Գողգոթա:

 

Քրիստոսի Առաքեալները բարձրագոյն աստիճանի յարգանք ցոյց տուած են Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի նկատմամբ: Քրիստոսի յարութենէն յետոյ, Սուրբ Աստուածածին առաքեալներու անմիջական հոգածութեան առարկան դարձած է՝ մինչեւ իր երկինք վերափոխումը: Նոյնպէս, եկեղեցւոյ հայրերը յատուկ նախանձախնդրութեամբ մօտեցած են Սուրբ Աստուածածնին: Երբ հերետիկոսական շարժումներ փորձած են Աստուածածինը կոչել մարդածին, ըսելով թէ ինչպէ՞ս կարելի է մարդէն Աստուած ծնիլ, եկեղեցւոյ հայրերը նզոված են նման մտածելակերպը: Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին եղած են Սուրբ Աստուածածնին կերպարը քրիստոնէական կեանքի շրջագծէն ներս նսեմացնող ու լուսանցքայնացնող այլ փորձեր: Այս բոլոր հերետիկոսական մտածողութիւններուն նկատմամբ եկեղեցին արտայայտած է նո՜յն յստակ կեցուածքը՝ վերաշեշտելով Աստուածածնի իւրայատուկ տեղը քրիստոնէական կեանքէն ներս:

 

Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ Սուրբ Աստուածածինը միշտ գրաւած է կեդրոնական տեղ: Մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանական թէ հայրաբանական, ծիսական թէ բարեպաշտական մարզերէն ներս Աստուածածինը եղած  է տիրական ներկայութիւն: Արդարեւ, երբ մուտք գործենք հայ եկեղեցիէն ներս, առաջին հերթին մեր դիմացը, սուրբ խորանին վրայ կը տեսնենք Մարիամ Աստուածածնի պատկերը՝ միշտ Յիսուս մանուկը գրկին: Սա պատահական երեւոյթ չէ: Յիսուս մանուկին ներկայութիւնը Սուրբ Աստուածածնի գրկին մէջ կը յիշեցնէ թէ Մարիամ մայրն է Աստուծոյ Որդւոյն: Խորանին վրայ Մարիամ Աստուածածնին պատկերին ներկայութիւնը նաեւ կը նշանակէ, ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ, թէ ան եղաւ ՙզդուռն փրկութեան՚ ՝ բացուած մեղաւոր մարդկութեան դիմաց:

 

Հայ եկեղեցին իր ծէսին ու մանաւանդ շարականներուն ճամբով խիտ բառերով սակայն այնքա՜ն խօսուն պատկերներով կը ներկայացնէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը ու կը բնութագրէ անոր իւրայատուկ արժէքը: Այսպէս, Սուրբ Աստուածածին կը նկարագրուի որպէս ՙզմայրն կենաց՚, որովհետեւ մեղքի ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդոց փրկութիւն բերող Աստուծոյ Որդւոյն մայրը դարձաւ: Ան կը բնորոշուի որպէս ՙտապանակ ապրեցուցիչ՚, որովհետեւ մահով լեցուն տապանակը ան վերածեց կեանքի աղբիւրի՝ Քրիստոսի ծնունդով: Սուրբ Աստուածածինը կը ներկայացուի որպէս ՙլուսոյ մայր՚, որովհետեւ  աշխարհի խաւարին դիմաց ան բացաւ ճշմարիտ ու յաւիտենական լոյսի ճամբան: Սուրբ Աստուածածինը տակաւին կը նկարագրուի որպէս ՙկենարար Բանին բնակարան՚, որովհետեւ ան դարձաւ կեանք պարգեւող Աստուծոյ Բանին կենդանի բնակարանը: Ու տակաւին, Սուրբ Մարիամ Աստուածածին մեր շարականներուն մէջ կը պատկերացուի որպէս ՙվառարան աստուածային բոցոյն՚ ՝ մարդկային մեղքը ու ապականութիւնը այրող, ՙխարիսխ յուսոյ հաստատութեան՚ ՝ կեանքի յուսահատութիւնը վանող, ՙխորան սրբութեան՚ ու ՙբաշխող բարութեանց՚ ՝ մարդկային մոլութիւններուն ու չարիքներուն դիմաց:

 

Կարելի է տակաւին յիշել այն սքանչելի պատկերները ու հոգեթով արտայայտութիւնները մեր հայրապետներուն ու շարականագիրներուն, որոնք այնքա՜ն հարազատութեամբ կը նկարագրեն Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի անձը ու կեանքը: Արդարեւ, Սուրբ Աստուածածինը, իր առաքինի կեանքով ու մանաւանդ որպէս տիպար մայր ու կին, ո՜չ միայն իր եզակի տեղը ունեցած է քրիստոնէական հաւատքին ու մտածողութեան մէջ, այլ նաեւ, որոշ իմաստով՝ այլ կրօններուն մօտ:

 

Հպանցիկ ակնարկ մը՝ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պատմութեան վրայ, ցոյց կու տայ, թէ Սուրբ Աստուածածինը միշտ նկատուած է գերագոյն տիպար հայ կնոջ համար: Կրնայ ըլլալ որ ժամանակները ու պայմանները փոխուած են. սակայն անոնք չեն կրնար փոխել մեր հաւատքի էութիւնն ու իսկութիւնը. անոնք չեն կրնար ստուեր ձգել քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն ու սկզբունքներուն վրայ. անոնք չեն կրնար մոռացութեան քօղով ծածկել ճառագայթող դէմքերն ու արժէքները մեր պատմութեան: Այսօր եւս, հայ կինը իր կեանքին մէջ ու կեանքին դիմաց ուրիշ տիպար չի կրնար ունենալ բացի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնէն, որուն անձին ու կեանքին մէջ խտացած կը տեսնենք մարդկային ամենէն վեհ արժէքներն ու քրիստոնէական սրբազան առաքինութիւնները:

 

Ինչպէս գիտէք, ներկայ  տարին Հայրապետական Գիրով հռչակեցինք ՙՀայ Կնոջ Տարի՚: Մեր թեմերէն ներս հայ կինը իր կարեւոր առաքելութեամբ անցնող ամիսներուն լուսարձակի տակ մնաց՝ զանազան ձեռնարկներու ու նախաձեռնութիւններու ճամբով: Անդրադառնալով հայ կնոջ կոչումին զանազան երեսներուն, որպէս մայր, դաստիարակ, մտաւորական, հասարակական գործիչ ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան, Հայրապետական Գիրին մէջ շեշտեցինք թէ առաւել քան երբեք այսօր հայ մայրը կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս:

 

Արդարեւ, երբ 2003 տարին հռչակեցինք ՙԱստուածաշունչի Տարի՚, յիշեցուցինք թէ որքա՜ն էական է Աստուածաշնչական արժէքներու ու ճշմարտութիւններու ուսուցման մէջ հայ մօր դերը:

 

Երբ 2004 տարին հռչակեցինք ՙՀայ Ընտանիքի Տարի՚, կարեւորութեամբ շեշտեցինք, թէ ընտանիքի կազմաւորման, կազմակերպման ու դաստիարակութեան մէջ որքա՜ն հրամայական է հայ մօր դերը:

 

Երբ 2005 տարին հռչակեցինք ՙՊահանջատիրութեան Տարի՚, ընդգծեցինք թէ ազգային պահանջատիրութիւնը հայ ընտանիքէն կ’առնէ իր սնունդը ու հզօրութիւնը, ուր հայ մօր դերը կենսական է:

 

Երբ 2006 տարին հռչակեցինք ՙՀայ Դպրոցի Տարի՚, հայ ընտանիքը նկատեցինք փոքր դպրոց ու հայ մայրը՝ որպէս առաջի՜ն դաստիարակ:

 

Ու տակաւին, երբ 2007 տարին հռչեկցինք ՙՀայ Լեզուի Տարի՚, յիշեցուցինք, թէ հայ մանուկը իր շրթները կը բանայ ու հայ լեզուն կը սկսի բառբարիլ հայ մօր օգնութեամբ:

 

Երբ 2008 տարին հռչակեցինք ՙՔրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի՚, հայ ընտանիքը բնորոշելով որպէս փոքր եկեղեցի, ըսինք թէ առանցքային է հայ մօր դերը մանուկին քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ:

 

Եւ վերջապէս, երբ 2009 տարին հռչակեցինք ՙԵրիտասարդութեան Տարի՚, դարձեալ ու մի՜շտ շեշտեցինք հայ մօր ճշդորոշիչ դերը հայ երիտասարդութեան բարոյական ու ազգային առողջ կազմաւորման մէջ:

 

Արդ, կ’անդրադառնա՞ք արդեօք, կ’անդրադառնա՞յ արդեօք հայ կինը ինք, թէ որքա՜ն բազմերես է եւ բազմերանգ ու մանաւանդ որքա՜ն, որքա՜ն ճակատագրական է հայ մօր դերը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքէն ներս: Ես չեմ կրնար երեւակայել ոե՜ւէ ազգ, որու կեանքին մէջ այսքան շեշտուած է կնոջ դերը, որքան հայ ժողովուրդին: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր մեր հայրենիքը, եկեղեցին ու ժողովուրդը կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ, դա՜րձեալ կը դառնանք հայ կնոջ:

 

Արդարեւ, երբ կը շեշտենք հայ ժողովուրդի թիւի աճին կենսական կարեւորութիւնը, կը նայինք հայ կնոջ որպէս մայր:

 

Երբ կ’անդրադառնանք քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան հրամայականին, կը նայինք հայ կնոջ որպէս դաստիարակ:

 

Երբ կը խօսինք մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման անյետաձգելի անհրաժեշտութեան մասին, կը նայինք հայ կնոջ որպէս պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան: 

 

Երբ կ’ընդգծենք կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման ու առաւել պայծառութեան, կը նայինք հայ կնոջ որպէս տիպար հաւատացեալ:

 

Երբ կը մտահոգուինք ի տես խառն ամուսնութիւններու եւ օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու թիւի զգալի աճմամբ, կը նայինք հայ կնոջ որպէս հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման ռահվիրան:

 

Վերջապէս, երբ կը յիշեցնենք ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան վճռական կարեւորութիւնը, դարձեալ ու մի՜շտ կը նայինք հայ կնոջ, որպէս մեր կեանքի մայր էջին վրայ գործօն դերակատարութիւն ունեցող անձ:

 

Իր այս բազմակողմանի առաքելութեամբ հայ կինը պէտք է դառնայ մեր բոլորին գուրգուրանքին ու յարգանքին առարկան: Ինչպէս Մեր Հայրապետական Գիրին մէջ յատուկ կերպով շեշտած ենք, ո՜չ մէկ խտրական ոգի ու մօտեցում պէտք է ցուցաբերենք հայ կնոջ նկատմամբ: Իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը պահելով հանդերձ, հայ կինը իր արժանի ու արժանաւոր տեղը պէտք է գրաւէ մեր կեանքի բոլո՜ր բնագաւառներէն ներս ու բոլո՜ր մակարդակներու վրայ՝  իր գերագոյն տիպարը ունենալով Սուրբ Մարիամ Աստուածածին: Իր լուսափայլ ներկայութեամբ  Սուրբ Աստուածածինը պէտք է առաջնորդէ հայ կինը իր նուիրական կոչումի կենսագործման ճամբուն վրայ:

 

Սուրբ Աստուածածնի ոգեղէն ներկայութեամբ լեցուն սա հոգեպարար պահուն, եկէ՜ք խոր հաւատքով կրկնենք մեր եկեղեցւոյ հետեւեալ պարզ բայց խորիմաստ աղօթքը.– Ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, առջեւդ ծունկի կու գանք եւ կ’աղաչենք. բարեխօսէ մեր անձերուն համար քու Միածին Որդիիդ մօտ, որպէսզի փրկէ մեզ փորձութենէն եւ բոլոր տեսակի վտանգներէն: Ամէն:

 

                        ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

14 Օգոստոս, 2010

Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

More News