3 Օգոստոսի, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՉՈՐՍ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ

Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող երիտասարդ չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, պաշտպանեցին իրենց վարդապետական աստիճանի աւարտաճառերը:

 

Պսակ Վարդապետին աւարտաճառի նիւթն էր «Դամասկոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Եփրեմ Եպս. Տոհմունիի Նամակագրութիւնները Սահակ Բ., Բաբգէն Ա., Պետրոս Ա., Գարեգին Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու, Եղիշէ Արք. Կարոյեանի եւ Խադ Արք. Աջապահեանի հետ», Յովակիմ Վարդապետին՝ «Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Երուանդ Վրդ. Աբէլեանի Նամակագրութիւնը Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին Հետ», Զաւէն Վարդապետին՝ «Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Նամակները Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանի Հետ» եւ Արտաւազդ Վարդապետին՝ «Խորէն Ա. Կաթողիկոսի նամակագրութիւնը Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեանին եւ Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեանին Հետ»:

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց իրենց աշխատանքը եւ թելադրեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայել մտաւորական աշխատանքին, որպէս անբաժան մասը հայ հոգեւորականի կոչումին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը վանաբնակ միաբաններու նոր պաշտօններ յանձնեց՝ յիշեցնելով, որ միաբանութիւնը մէկ ամբողջութիւն է՝ Մայրավանքին մէջ ապրող թէ թեմերու մէջ ծառայող եւ իրենց ծառայութիւնը մէկ ուղղութիւն ու նպատակ ունի՝ մեր եկեղեցին ու ժողովուրդը: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ կարգ մը միաբաններ շուտով պիտի մեկնին թեմական ծառայութեան եւ միւս կողմէ՝ թեմական ծառայութեան մէջ գտնուողներ պիտի վերադառնան Մայրավանք:

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանին, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանին եւ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլճեանին:

 

Միաբանական հաւաքի աւարտին, Հայրապետը անդրադարձաւ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի երկար տարիներու ծառայութեան։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց սրբազանին իր նուիրեալ ծառայութեան համար. եւ այս առիթով, հայկական ոճով պատրաստուած խաչ մը նուիրեց անոր, որպէս հայրական, սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն:

More News