31 October, 2010

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը խօսուած Հայ Գիրքի 32–րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր, 2010–ին

ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ ԴՊՐՈ՜ՑԸ ՀԱՅՈՒՆ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 32–րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր, 2010–ին:  

 

Հայ գիրքը դա՜րձեալ մեզ կը հրաւիրէ իր հետ ըլլալու, իր հետ զրուցելու: Շեշտած ենք յաճախ ու միշտ պիտի կրկնենք թէ՝

 

Առանց հայ գիրքին աղքա՜տ է մեր կեանքը.

Առանց հայ գիրքին անորո՜շ է մեր կեանքի ճամբան.

Առանց հայ գիրքին մո՜ւթ է մեր ապագան…:

 

Հայոց պատմութեան ընդերքներէն եկող ու հայ ժողովուրդի հարուստ փորձառութեամբ շաղախուած այս ճշմարտութիւնը նաեւ անփոխարինելի ճշմարտութիւն է այսօ՜ր ու վստահաբար պիտի մնայ յաւիտեանս յաւիտենից:

 

Արդարեւ, հայ դպրոցի ոգիով ու շունչով օծուն կրթական վերամուտի այս օրերուն, կ’ուզենք հայ գիրքը բնութագրել որպէս ԴՊՐՈ՜ՑԸ ՀԱՅՈՒՆ:

 

Հայ գիրքը դպրո՜ցն է հայուն, որովհետեւ հայ գիրք կարդալով մեր մայրենի լեզուն կը պահենք անաղարտ: Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը:

 

Այսօր, կը նահանջէ հայ լեզուն: Արդարեւ, հոգեւորկանի թէ աշխարհականի, մտաւորականի թէ ղեկավարի, ուսուցիչի թէ աշակերտի մօտ սկսած է պակսիլ խոր գիտութիւնը հայ լեզուին ու մանաւանդ ջերմ նախանձախնդրութիւնը հայ լեզուին նկատմամբ:

 

Այսօր, կը նահանջէ հայ լեզուն: Ապականեալ առուներ սկսած են հոսիլ հայ լեզուի զուլալ աղբիւրին մէջ: Օտարին օտարացնող լեզուն սկսած է թափանցել հայ ընտանիքէն, հայ ակումբէն, հայ դպրոցէն, Հայաստանէն ու նոյնիսկ հայ եկեղեցիէն ներս…:

 

Արդ, որքա~ն կարիքը ունինք մեր ինքնութեան երաշխիքը, մեր գոյութեան հիմքը, մեր միութեան շաղախը՝ մեր լեզուն մաքրելու, սրբագրելու:

 

Որքա~ն պահաջքը ունինք մեր հոգեմտաւոր արժէքներու սրբարանը, մեր ձգտումներուն ու երազներուն գանձարանը՝ մեր լեզուն սրբազան մասունքի նման պահելու մաքուր մեր շրթներուն վրայ, մեր տուներէն ներս, մեր կեանքին մէջ:

 

Դառնանք հայ գիրքին, հայ լեզուի յաւերժահոս աղբիւրին:

 

Հայ գիրքը դպրո՜ցն է հայուն, որովհետեւ հայ գիրք կարդալով հաղորդ կը դառնանք մեր ժողվուրդի անցեալի իրագործումներուն ու տագնապներուն, ինչպէս նաեւ ներկայի մարտահրաւէրներուն ու պայքարին:  Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը:

 

Այսօր, մեր ազգային, հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային արժէքները սկսած են նահանջել համաշխարհայնացումի պիտակին ետին թագնուած վատառողջ մոլութիւններուն ու բարքերուն դիմաց: Համաշխահայնացումը սկսած է իր այլափոխիչ տիրապետութիւնը հաստատել մեր կեանքի բոլո՜ր բնագաւառներէն ներս:

 

Այսօր, մեր պատմութեան հոգիի ու մտքի հսկաները սկսած են մոռացութեան դատապարտուիլ, եւ տեսակ–տեսակ օտարածին ու տարօրինակ դէմքեր սկսած են տեղ գրաւել յատկապէս նոր սերունդի կեանքին մէջ:

 

Արդ, որքա~ն կարիքը ունինք մեր պատմութեան ոգեղէն արժէքներով ու եզակի իրագործումներով, գերագոյն իղձերով ու վառ երազներով լեցուելու եւ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը իմաստաւորելու. այլ խօսքով՝ մեր արմատներուն ամրօրէն կառչած մնալու:

 

Որքա~ն պահանջքը ունինք մեր ազգի մեծ դէմքերու օրինակով եւ անոնց կեանքէն ու գործէն եկող արժէքներով ու պատգամներով կազմաւորելու մեր զաւակները, մեր աշակերտները, մեր ընտանիքները:

 

Դառնանք հայ գիրքին՝ հայոց պատմութեան հարուստ ու հարստացնող գանձարանին:

 

Հայ գիրքը դպրո՜ցն է հայուն, որովհետեւ հայ գիրք կարդալով մեր ծանօթութիւնը կը խորացնենք, մեր  միտքը կը լուսաւորենք, մեր մտածողութեան հորիզոնը կ’ընդարձակենք: Դարձեալ պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը:

 

Այսօր, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընձեռած լայն բարիքներուն կողքին, որակը ու ստեղծագործ ոգին սկսած են տեղի տալ դիւրին ու արագ արտադրողական եւ սպառողական ուժին դիմաց:

 

Այսօր, համաշխարհայնացումի ու աշխարհայնացումի վտանգալից արժէքներով առաջնորդուող ընկերութիւնը սկսած է շեշտել քանակը ի հեճուկս որակին, ձեւը՝ ի հեճուկս արժէքին, տեսքը՝ ի հեճուկս ոգիին, նիւթեղէնը՝ ի հեճուկս բարոյականին, տեսանելին՝ ի հեճուկս անդրանցականին:

 

Արդ, որքա~ն հրամայական պահանջքը ունինք հայ գիրքին պայծառակերպող ներկայութեան, անկէ եկող հոգեմտաւոր սնունդին, մեր մտքին թռիչք տուող ու մեր սրտին պոռթկումները հունաւորող ներուժին:

 

Որքա~ն հրամայական կարիքը ունինք հայ գիրքին դաստիարակող ու ներշնչող զարգացնող ու առաջնորդող դերին՝ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս:

 

Դառնանք հայ գիրքին՝ մեր մտածողութեան խորք ու տեսիլք տուող Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշագործած սրբազան արժէքին:

 

Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն թէ գիրքը դարձած է ժամանակավրէպ՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ ժամանակներուն:

 

Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան թէ գիրքը տեղի պիտի տայ խտասալիկի, բջիջային հեռաձայնի, հեռատեսիլի կամ համակարգիչի հետզհետէ հզօրացող ուժին դիմաց:

 

Արդարեւ, արհեստագիտութիւնը որքան ալ յառաջդիմէ տեղեկատուական մարզէն ներս, նոյնիսկ հսկայ մատենադարան մը մի քանի խտասալիկի մէջ ամփոփելու աստիճան, գիրքը սակայն տարբեր բոյր ու հրապոյր ունի: Գիրքը սոսկ մելան ու թուղթ չէ, ան անմեռ ոգիի մը, ջերմ հաւատքի մը, խոր սիրոյ մը, վառ երազի մը կենդանի հանդիսարանն է: Գիրքը մեր բարեկամն է, մեր ընկերն է, նո՜յնիսկ մեր ընտանիքին մէկ սիրելի անդամը: Գիրքը կը խօսի մեզի հետ՝ երբ մենք պատրաստ ենք խօսելու իր հետ…: 

 

Այո՜, հայ գիրքը դպրո՜ցն է հայուն գերազանցօրէն ու ճշմարտօրէն:

Հոն՝ ուր պայմաններու բերումով հայ դպրոց չկայ.

Հոն՝ ուր ինչ–ինչ պաատճառներով հայ դպրոցը կարող չէ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել.

 

Նաեւ հոն՝ ուր հայ դպրոցը ինք կարիքը ունի հայ լեզուի բիւրեղացման ու ճիշդ գործածութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու կենսագործման:

 

Հայ գիրքը դպրոցն է հայուն ամէ՜ն տեղ ու կեանքի բոլո՜ր պայմաններուն մէջ:

 

Հայ գիրքով՝

Հայ աշակերտը աւելի՜ պիտի դաստիարակուի.

Հայ մտաւորականը աւելի՜ պիտի զարգանայ.

Հայ մարդը աւելի՜ պիտի հայանայ…:

ՙԱկանջ ունեցողը թող լսէ՚  (Մարկ. Դ. 9):

 

Եկէք, հետեւաբար, հաւատարիմ աշակերտները դառնանք Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնած «Հայ Գիրք դպրոցեին, որ մնաց լուսափայլ փարոսներէն մէկը հայ ժողովուրդին՝ դարերու փոշիին ու խաւարին դիմաց:

                                                                                   

                        ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

31 Հոկտեմբեր, 2010

Անթիլիաս

 

 

More News