24 July, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պէյրութի Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան վարչութիւնը։ Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել կուսակցութեան ղեկավար Տոքթ. Սամիր Ժահժահին ողջոյններն ու յարգանքը հայ համայնքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին շրջանին երկրէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ եւ պարզել կուսակցութեան տեսակէտը։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս տնտեսական ու քաղաքական մարզերէն ներս։ Հայրապետը հրամայական նկատեց առաջնահերթութիւն տալու ներքին միասնակամութեան, մանաւանդ վերջերս Շուֆի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի երեւոյթի մը լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ տնտեսական կեանքին առաւել զարգացման։