24 Հուլիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎԱՆՔԵՐՈՒ (ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ) ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Պարսկաստանի Ատրպատական նահանգին մէջ հաստատուած Ս. Թադէի Վանքը իր դարաւոր անցեալով եղած է հայ ժողովուրդի ճառագայթող հոգեւոր կեդրոններէն մէկը: Ամէն տարի Յուլիս ամսուան վերջերը ուխտագնացութիւններ տեղի կ’ունենան՝ մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն:

 

Այս առիթով Թեմի Առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանին ճամբով ուխտաւոր ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ. «Ս. Թադէի Վանքը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ ունի իր խոր արմատները, որպէս մեր հաւատքի շօշափելի արտայայտութիւն եւ զայն մեր հաւաքական կեանքէն ներս հոգեմտաւոր արժէքներով թարգմանող առաքելութիւն: Այսպէ՛ս եղած է Ս. Թադէի պատմական վանքը ու հաւատքի զօրութեամբ մնացած է կանգուն պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց»: Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշելէ ետք, թէ ինք երեք առիթներով եղած է Ս. Թադէ, գիշերած է հոն եւ մասնակից դարձած ուխտագնացութեան, կ’ըսէ. «Հոգեպէս կը հրճուինք ի տես Վանքի աղօթաբոյր միջավայրին մէջ մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակներու համախումբ ներկայութեան: Մեր սուրբերու ու նախնիներու աղօթքով ու խունկով օծուն Ս. Թադէի Վանքը կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի հաւատքի կարեւոր ամրոցներէն մէկը: Հետեւաբար, մասնակից դառնալ աւանդական այս ուխտագնացութեան, կը նշանակէ ամրացնել մեր հաւատքը, հաղորդուիլ մեր պապերու հոգեմտաւոր արժէքներուն հետ եւ վերանորոգել մեր հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութիւնը»:

 

Հայրապետը, դարձեալ յիշելէ ետք, թէ ինք երկու առիթներով այցելած է նոյն թեմէն ներս գտնուող Ս. Ստեփանոս Վանքը եւ մասնակից դարձած ուխտագնացութեան, կը հաստատէ. «Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը իր միաբանութեամբ, վանական կեանքով, դպրեվանքով ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ: Ճարտարապետական իւրայատուկ ոճով շինուած եւ հայկական խաչքարերով զարդարուած այս վանքը նաեւ իր կարեւոր տեղը ունեցած է հայկական ճարտարապետութեան բնագաւառէն ներս»: Յայտնենք, որ պետութիւնը յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ յիշեալ երկու վանքերու նկատմամբ: Վերջին տարիներուն շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործուած են վանքերէն ներս եւ յաճախակի առիթներով օտարներ կ’այցելեն՝ հաղորդ դառնալով մեր ժողովուրդի հաւատքի եւ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան այս երկու պատմական կոթողներուն։

More News