20 Հուլիսի, 2019

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԻ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ, Ուրուկուէյի հայկական ռատիօժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածել մնայուն գործընթացքի: Ան ըսաւ, որ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն), իր լիարատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ’իրագործէ երբ վերածուի գործընթացքի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու հաւաքական աշխատանքին: Այս կոչը ուղղեցինք մենք համագումարի մասնակիցներուն: Նոյնը կը կրկնենք այսօր: Նորին Սրբութիւնը նաեւ վեր առաւ համագումարին համահայկական բնոյթ ունենալու նշանակութիւնը: «Մեր մտածումներուն, գործերուն, ծրագիրներուն մղիչ ուժը ու նպատակը պէտք է դառնայ համահայկականը՝ գեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս: Սա լոզունք չէ, այլ մարտահրաւէր է ուղղուած բոլոր պատասխանատուներուն ու կառոյցներուն: Այսպէս, անջատ-անջատ պիտի ծրագրենք ու գործենք եւ այս մօտեցումը պիտի ջլատէ մեր ազգին ներուժը»:

 

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ հայ մամուլը առաքելութիւն է եւ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր կեանքին մէջ: «Այս նախանձախնդրութենէ ու սպասումէ մեկնած մենք կազմակերպեցինք հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Ճիշդ է, մօտեցումներու տարբերութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ակներեւ էր, սակայն տարբերութիւնը անհրաժեշտ է ներդաշնակել ի խնդիր համահայկական արժէքներուն ու ձգտումներուն»: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր համացանցը դարձած է տիրական ներկայութիւն, բոլոր բնագաւառներէն ներս, համահայկական լրատուութեան համացանցի մը ստեղծումը աւելի քան հրամայական է:

More News