13 Հուլիսի, 2019

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:

 

Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ քանի մը օրեր առաջ տեղի ունեցած հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին յիշեալ համագումարին եզակի կարեւորութիւնը՝ թէ՛ իր ունեցած համահայկական տարողութեամբ եւ թէ հարցերու անկեղծ եւ իրապաշտ քննարկումով:

 

Հայրապետը յատկապէս շեշտեց մամլոյ ազատութիւնը անեղծ պահելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող հարցերուն գծով մամուլին քննական, իրապաշտ ու պատշաճ մօտեցումը՝ հեռու մնալով ամէն տեսակ ապատեղեկատուական մօտեցումներէ: Ան նաեւ յիշեց, որ համագումարով սկսուած գործընթացքը անհրաժեշտ է որ շարունակուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան մամլոյ պատասխանատուներուն ամբողջական ու համապարփակ մասնակցութեամբ:

More News