12 Հուլիսի, 2019

«ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Եկեղեցին ներկայ աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ։ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները, շուրջ 50 անձերէ բաղկացած, իրենց դասախօսներով եկած էին լսելու Վեհափառ Հայրապետը: Անոնք երկու շաբաթներու վրայ երկարաձգուած խտացեալ յատուկ աստուածաբանական դասընթացքի հետեւելու եկած էին Լիբանան՝ զանազան երկիրներէ:

 

Նորին Սրբութիւնը նախ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ըմբռնումին որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Ան շեշտեց, թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ պատկանիլ եկեղեցւոյ: Եկեղեցին հաւատքի համայնք ըլլալով միաժամանակ հաւատքի առաքելութիւն է՝ Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակող, ըսաւ Հայրապետը եւ այս կէտէն մեկնելով ան նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան զանազան տարածքներուն՝ ընդգծելով ընկերային ծառայութեան ու դաստիարակութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը:

 

Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Հայրապետը խօսեցաւ միջ-եկեղեցական շարժումին մասին՝ նշելով անոր յատկանշական երեսները եւ ապա նպատակը: Ան յատկապէս շեշտեց, որ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ հրամայական է: Եկեղեցին չի կրնար գոց տուփի մէջ ապրիլ, ընկերութեան կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ եւ դառնալ անտարբեր ներկայ աշխարհը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին կենդանի ներկայութիւն դառնայ ընկերութեան կեանքին մէջ: Հետեւաբար, միջ-եկեղեցական գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ վկայութիւնը կը դառնայ աւելի ազդու, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

 

Իր խօսքի աւարտին, Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներու:

More News