10 July, 2019

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն ընթացք առին։ Արդարեւ, 1996 թուականին բացուած «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութիւնը դարձած էր հրամայական՝ մէկ կողմէ նկատի ունենալով ներքին փոփոխութիւններու ու նորոգութիւններու, եւ միւս կողէն նոր ստացուած իրերու դասաւորման անհրաժեշտութիւնը։

 

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փափաքին, վերանորոգութեան աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան։

 

Վերանորոգութեան աշխատանքներուն մօտէն կը հետեւի թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ Մկօ Եափուճեան։ Աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս, որուն ընթացքին թանգարանը այցելուներ պիտի չընդունի։

 

 

More News