10 July, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, ընդունելով վարչութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի աւելի քան 45 տարիներու ծառայութիւն ունեցող «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին ծաւալած հոգեւոր ու մշակութային առաքելութեան։ Ան յատկապէս ողջունեց երգչախումբի ներկայ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին կողմէ կատարուող հետեւողական աշխատանքը, խումբին որակին ու քանակին ապահովման գծով։

 

Այսօր երգչախումբը կը բաղկանայ շուրջ 65 երկսեռ անդամներէ եւ ունի իր նորակազմ վարչութիւնը։

More News