9 July, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի անդամները՝ Փօլ Եագուպեան, Արամ Մալեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկ Օղուլլուգեան։

 

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել յառաջիկայ տարի Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրագործուելիք ծրագիրները՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս։

 

Հայրապետը գնահատեց Հայրենակցական Միութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ համահայկական մաշտապով Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի նշումը կատարելու իրենց նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց հայրենակցական միութիւններու դերը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, յատկապէս հայապահպանման գծով անոնց ներդրումը կրթական, մշակութային ու ընկերային մարզերէն ներս։