6 July, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԱՏԵՆԱՊԵՏ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանը: Ապու Տապիի մէջ բնակող տիար Մահսերէճեան, երկար տարիներ թեմի ազգային իշխանութեան մաս կազմած է եւ իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է՝ Ապու Տապիի եկեղեցւոյ ու համալիրի շինութեան: Ան նաեւ, վերջերս Պիքֆայայի Դպրեվանքին դաշտին շինութեան բարերարութիւնը ստանձնեց: Յայտնենք, որ շուրջ 6 տարիներ առաջ Նորին Սրբութիւնը զինք պարգեւատրած է «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով:

 

Տիար Մահսերէճեանի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան հետ առնչուած՝ աշխատանքներուն ու յատկապէս Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի գործունէութեան:

More News