6 July, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՐ. ԵՈՒՄՈՒՇԱՔՃԵԱՆ ԵՒ ԴՈԿՏ. Վ. ԷՄԻԼՍԸՆ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վեր. Եումուշաքճեանին եւ դոկտ. Էմիլսընին: Վեր. Եումուշաքճեան անդրադարձաւ Աւստրիալիոյ հայ գաղութին եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած կարգ մը հարցերու, իսկ դոկտ. Էմիլսըն խօսեցաւ աստուածաբանական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ:

 

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով անոնց այցելութիւնը, շեշտեց յատկապէս եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը, իսկ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը առաւել ծաւալելու հրամայականին մասին:

 

 

More News