2 July, 2019

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովի բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 100 մամուլի մշակներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։

 

«Տէրունական Աղօթք»ին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ու «Կիլիկիա» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որմէ ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ընթերցեց Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը։ Ապա, Տիկին Աննա Յակոբեան, համաժողովին պատուոյ հիւրը, ներկաներուն փոխանցեց իր խօսքը։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ամբողջութեամբ։

 


ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ. Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

 

 

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

 

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայ­րա­պետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեզ՝ մեր ժողովուրդի հո­գեւոր, բա­րոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ու իտէալ­ներու կենսա­գործման առաքելութեան նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկ­իոյ Կաթողիկոսու­թեան մայրավանքէն ներս։ Հայրապետական այս դարաւոր Ս. Աթոռը կոչուած է “Տուն”, որովհետեւ ան տունն է եղած, եւ է՛, ողջ հայութեան։ Ան կոչուած է նաեւ “Մեծ”, ո՛չ իր արտաքին ծաւա­լին, այլ՝ իր հաւատքի առաքելութեան ու ազգաշէն ծառայութեան հա­մար։

 

Մեր բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել ձեր բոլորին, որ ընդառաջելով Մեր հրաւէրին, եկաք Անթիլիաս՝ Հայաստանէն, Արցա­խէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն, միասնաբա՛ր քննելու ու արժեւորելու մամուլին առանցքային տեղը հայ կեանքէն ներս, եւ՝ համագործակցութեան նոր ուղիներ ճշդելու։ Արդարեւ, հայ մամուլի ծառայութեան լծուած մշակներու համախումբ ու միատեղ ներկայու­թիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մամուլի ներկայացուցած համա­հայկական կարեւորութեան ու անոր վիճակուած ճշդորոշիչ դերին։

 

2003 թուականէն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր ազգի կեանքին առնչուած արժէք մը, մտահոգութիւն մը կամ իտէալ մը լուսարձակի տակ բերելու Մեր նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, ինչպէս գիտէք, ներկայ տարին հռչակեցինք “Հայ Մամուլի Տարի”։ Այս առիթով, Մեր Հայրապետական Գիրին մէջ ընդհանուր գիծերով պարզեցինք հայ մամուլի անցեալին ու մանաւանդ ներկային հետ աղերս ունեցող կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, կարեւոր իրողութիւններ ու լուրջ մտահոգութիւններ։ Մեր սպասումն է, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուի հայ մամուլին դիմագրա­ւած մարտահրաւէրներուն։ Այս գծով, ներկայ համագումարը կոչուած է իր կարեւոր խօսքը ըսելու։

 

Որպէս ընդհանուր ենթահող եւ ուղեգիծ համագումարին կողմէ կատարուելիք քննարկումներուն, պիտի ուզէինք կարգ մը յիշեցում­ներ ու մատնանշումներ կատարել՝ զանոնք աւելի լայն մաշտապով, խոր վերլուծումով ու իրապաշտ մօտեցումով համագումարին կողմէ քննարկուելու առաջադրութեամբ։

 

– Կ’ապրինք համաշխարհայնացում պիտակով բնորոշուող աշ­խար­հի մը մէջ, ուր նոր մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կեն­ցաղակերպերու արագասոյր ու անհակակշռելի հոսքը սկսած է քանդել ամէն տեսակ արժեհամակարգ ու արժեչափ, ցանկապատ ու ինքնութիւն, ստեղծելով զարմանազան կերպերով արտայայտուող ու բնութագրումներով ներկայացուող կլոպալ մշակոյթ մը։ Արդի արհես­տա­գիտութեան ճամբով փաստօրէն աշխարհի բոլոր շրջանները ու ընկերութեան բոլոր բնագաւառները թափանցած այս մշակոյթը, սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել նաե՛ւ հայ կեանքէն եւ բնականաբար՝ հայ մամուլէն ներս։

 

– Կլոպալ մշակոյթին ազդեցութիւնը մամուլին ու յատկապէս համացանցային մամուլին վրայ զօրեղ է ու տիրապետող։ Լուրերը բջիջային հեռաձայնի (ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համակարգիչը, լէպթոբը, այբէտը եւ նմանօրինակ այլ լրատուական միջոցներ սկսած են դառնալ ժամանակավրէպ) փոքր պաստառին վրայ կը շրջին՝ լոյսի ու ձայնի արագութեամբ, եթէ ոչ աւելի…։ Լուրերու հետեւողներուն նախասիրութիւնը յստակօրէն դէպի համացանցն է եւ ընդհանրապէս դէպի կարճ, զգայացունց ու գրաւիչ լուրերը։ Լրատուական աշխարհէն ներս կարեւոր տեղ ունեցող New York Times-ի կամ Le Monde-ի հա­մա­ցանցային հետեւողներուն թիւը սկսած է գերազանցել նոյն ընկե­րութեանց տպագրուած թերթերուն բաժանորդներուն թիւը։ Նո՛յնն է պարագան բոլոր տպագրուած, ներառեալ հայ, թերթերուն։ Համացան­ցային լրատուութեան լեզուն, ոճը, որակը էական չեն. կարեւորը ընթերցողին կամ ունկնդիրին արագ հասնիլն է, զինք գրաւելն է, մեծաթիւ ընթերցող ունենալն է, մեծ թիւով like հաւաքելն է, երբեմն նոյնիսկ՝ գնելով…։ Էլէքտրոնային լրատուութիւնը եւ յատկապէս ան­հա­տական ցանցերը լեցուն են բռնութիւն հրահրող, վարկաբեկիչ խօսքեր քաջալերող, թշնամութիւն սերմանող եւ անորակ լուրերով ու մեկնաբանութիւններով։ Կայքէջերու ընձեռած անսահման դիւրու­թիւն­ները՝ աննախընթաց արագութենէն մինչեւ բացարձակ ազատու­թիւն, իրենց առջեւ լայնօրէն բացած են անպատասխանատու ու ան­մա­կարդակ լրատուութեան դռները՝ հետզհետէ մեկուսացնելով գրա­ւոր մամուլը։ Ներկայ աշխարհի կլոպալ մշակոյթին բացասական անդ­րադարձը հայ մամուլին վրայ, յատկապէս համացանցային, սկսած են դառնալ մտահոգիչ։

 

Հայ մամուլ ըսելով կը հասկնանք ո՛չ միայն տպուած օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ, այլ նաեւ՝ էլէքտրո­նային կամ համացանցային ու լսատեսողական մամուլը, պաշտօնա­կան թէ անհատական։ Այս վերջինը ազդու ու անսանձ ներկայութիւն սկսած է դառնալ հայ կեանքէն ներս։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է լայն շրջագիծի մէջ դիտել հայ մամուլը՝ երբեմն զիրար ամբողջացնող ու երբեմն իրարու հետ մրցող եւ նոյնիսկ զիրար հակասող երկու տա­րածքներով, տպագրեալ մամուլը ունենալով մեր քննարկումներուն ու արժեւորումներուն կիզակէտը։

 

– Կ’ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ ընդգծել, որ հայ մամուլը սոսկ տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, սովորական լրատու չէ, այլ առաքելութիւն է։ Այսպէ՛ս եղած է եւ այսպէս պէ՛տք է մնայ հայ մամուլը։ Առաքելութիւն ըլլալ կը նշանակէ յստակ տեսլա­կան ունենալ։ Հայ մամուլին կոչումը՝ մարդակերտումի ու հայակեր­տումի դաստիարակչական դերէն անդին, սատարել է այն բոլոր ար­ժէք­ներու ու իտէալներու պահպանման ու հարստացման, որոնք կը նպաստեն ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպան կանգնիլ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն։

 

– Հայ մամուլին առաքելութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել։ Պատճառները այլազան են ու բազմազան, ներքին թէ արտաքին, թէ՛ մամուլին եւ թէ ընթերցողին կապուած։ Չափանիշերու խախտում, արժէքներու նօսրացում, լեզուի ու ոճի խաթարում, ապատեղե­կա­տուու­թիւն, այլ մտահոգիչ երեւոյթներու շարքին, սկսած են դառնալ բացայայտ։ Միւս կողմէ, թերթերուն տպաքանակի, սպառման քանա­կի եւ ընթերցողներու թիւի զգալի անկումը եւս դարձած է մտահոգիչ։ Համացանցային անհատական մամուլը իր յոռի երեւոյթներով հար­ցա­կանի տակ սկսած է դնել հայ մամուլի առաքելութիւնը։ Արդ, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ հայ մամուլը վերստանձնէ իր նուիրական կո­չումը։ Հայ մամուլին առողջ պահպանումը, անոր զարգացումը ու մանաւանդ անոր առաքելութեան վերաշեշտումը համազգային գերխնդիր է։

 

– Եթէ հայ մամուլը առաքելութիւն է, անոր խորք ու իմաստ, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը լրագրողն է։ Հետեւաբար, մամուլի առաքելութիւնը իրագործելու կոչուած, վեհ արժէքներու ու իտէալ­ներու ծառայութեան նուիրուած լրագրողը առաքեալ է։ Ան պաշտ­պանն է ճշմարտութեան, ջատագովը՝ իրաւունքի, ձայնը՝ բարոյակա­նու­թեան, ռահվիրան՝ արժանապատուութեան, անլռելի զանգակա­տու­նը՝ ազատութեան։ Երբ հայութեան էութիւնը կազմող համազգա­յին արժէքները, ձգտումները ու սրբութիւնները վտանգուած են, մա­մուլը իր լրագրողին ճամբով պէտք է ըլլայ խիստ ու անխնայ՝ ան­խտիր բոլորի՛ն նկատմամբ, ըլլան անոնք անձեր, կառոյցներ կամ իշխանութիւններ։ Հո՛ս կը կայանայ լրագրողին իւրայատուկ դերը։ Ինչ­պէս անցեալին, ներկայ ժամանակներուն եւս, անկախ, անաչառ ու քաջ լրագրութիւնը ունեցած է իր զոհերը, որոնք ենթարկուած են հալածանքի, մեկուսացման, աքսորի, բանտարկութեան եւ նոյնիսկ սպանութեան։ Օրինակները բազմաթիւ են, նաե՛ւ հայ կեանքէն ներս։

 

– Մամուլի առաքելութեան հզօրացման մէջ կենսական է լրա­գրութեան որակը, իսկ լրագրութեան որակ տուողը նախ լրագրողն է։ Անցած են այն ժամանակները, երբ սահմանափակ կարողութեան տէր անձեր սիրողական ոգիով կը գործէին լրագրական ասպարէզին մէջ։ Լրագրողը պէտք է ըլլայ մասնագէտ իր մարզին մէջ, ատակ ոչ միայն լրագրութեան պահանջած լեզուամտածողութեան, մեթոտաբանու­թեան, ոճային դարձուածքներուն ու շեշտաւորումի նրբութիւններուն, այլ նաեւ մեր պատմութեան, մշակոյթին ու լեզուին, մեր տագնապնե­րուն ու մարտահրաւէրներուն, իր ապրած միջավայրի իւրայատկու­թիւն­ներուն եւ միջազգային զարգացումներուն։ Իրաւ լրագրողը լուրը վերլուծողն է, չոր իրողութիւններէն անդին՝ երեւոյթները մեկնաբա­նողն է։ Այլապէս, ան կը դառնայ սոսկ լուր շարադրող կամ թարգ­մանող սովորական պաշտօնեայ։ Հայ մամուլը իր կարգին, պէտք չէ դառնայ առօրեայ ծանուցումներու, ժանգոտած կարծիքներու, ընթա­ցիկ վերահրատարակութիւններու կամ մակերեսային բարոյախօսու­թեան հանդիսարան։ Արդարեւ, գրական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, կրօնական ու մշակութային հարցերու, եւ ներկայ աշ­խարհը յուզող այժմէական խնդիրներու վերլուծական մօտեցումով ներկայացումը, ինչպէս նաեւ թերթօններու հրատարակութիւնը, մրցանակներու հաստատումը, մտաւորականներու յատուկ զրոյց­ներու ու բանավէճերու կազմակերպումը, կրնան մեծապէս նպաստել թերթի որակի ու հմայքի բարձրացման՝ միաժամանակ զայն վերա­ծելով մշակութային եռուն ակումբի։

 

– Մամլոյ ազատութիւնը մարդկային իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Չկայ լուրջ ու վաւերական լրագրութիւն՝ առանց ազատ մտածող ու գրող լրագրողի եւ իր էջերուն վրայ լուրերը հարազատօրէն ու հարցերը ազատօրէն ներկայացնող մամուլին։ Մամուլի ու լրագրողի ազատութեան պաշտպանութիւնը անբեկանելի իրաւունք է։ Այս ծիրէն ներս, անհրաժեշտ է նաեւ կարեւորութեամբ անդրադառնալ մամուլի ու լրագրողի բարոյական պարտաւորու­թեան, ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ունեցած պատասխա­նա­տուու­թեան ու համարատուութեան։ Այլ խօսքով, մամլոյ ազատու­թիւնը պէտք է կիրարկուի կառուցողական մօտեցումով, շինիչ քննա­դատութեամբ, հեռու մնալով՝ մէկ կողմէն, անձեր փառաբանելու ու զանոնք անհպելի նկատելու, եւ միւս կողմէն, արժէքներն ու խոր­հըր­դա­նիշները նսեմացնելու փորձերէն։ Ընկերային համացանցի վրայ պարզուող այլանդակ մշակոյթը թափանցած է յատկապէս համացան­ցային մամուլէն ներս։ Հայ մամուլը կոչուած է գործելու պատասխա­նատո՛ւ ազատութեան մթնոլորտին մէջ։ Կը պակսին մեզի Յ. Պարոն­եանի եւ Ե. Օտեանի նման մեր կեանքի յոռի երեւոյթները պատշաճ կերպով քննադատող եւ անհրաժեշտութեան պարագային, մեր ղեկա­վարները, հոգեւորական թէ աշխարհական, զգաստութեան ու պա­տաս­խանատուութեան եւ ժողովուրդը արթնութեան հրաւիրող հրա­պա­րակագիրներ ու լրագրողներ։ Այսօր կարծէք անմակարդակ ար­տա­յայտութիւնները ու ցեխարձակումները դարձած են հոմանիշ քա­ջութեան եւ հետաքրքրութիւն ստեղծող ազդու միջոցներ։ Հարկ է ըլլալ զգաստ ու խստապահանջ։

 

Առարկայական կոչուած է ըլլալ լրագրողը, առաւելագոյն չափով զգոյշ ըլլալով ենթակայական, շահադիտական ու զգացական մօտե­ցումներէ՝ թէկուզ նման գործելաոճ զինք ենթակայ կրնայ դարձնել մեկուսացումի կամ քննադատութեան։ Սակայն, իր անկախ մտածո­ղութեամբ, իրատես հայեցակէտով ու անաչառ մեկնաբանութեամբ լրագրողը որակ կ’ապահովէ լրագրութեան ու միաժամանակ կ’ար­ժե­ւորէ իր աշխատակցած մամլոյ օրկանը։ Սպասելի է, որ նման լրա­գրող­ներու թիւը աճի։

 

– Մամուլը կը դառնայ անիմաստ երբ ընթերցող չունի։ Հետեւաբար լրագրող-ժողովուրդ յարաբերութիւնը հրամայական է։ Մամուլը կոչուած է հասնելու ժողովուրդին՝ զայն զգուշաւորութեան ու արթ­նութեան մղելու. իսկ ժողովուրդը, իր կարգին, պարտաւոր է հրաւիրել մամուլը ըլլալու անաչառ ու ուղղամիտ։ Եթէ թերթի պատասխա­նատու խմբագիրը անձի՝ ո՛չ գաղափարի, շահի՝ ո՛չ տեսլականի, կող­մի՝ ո՛չ հաւաքականի հետամուտ դառնայ, եւ մամուլը դառնայ հար­թակ ժամանակավրէպ, կողմնակալ, գովասանական լուրերու ու նկա­րագրականներու, անոնք կը կորսնցնեն իրենց վստահելիութիւնը, հեռանալով ժողովուրդէն եւ բնականաբար ժողովուրդն ալ հեռացնե­լով մամուլէն։

 

Դեղին լրատուութիւնը եւ նման տիպի լրագրական բազ­մատեսակ “դպրոց”ներ սկսած են հետեւորդներ ունենալ նաեւ հայ մամուլի շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, երբ նոյն լրագրողին գրիչին տակ կամ նոյն թերթի էջերուն վրայ խնդրոյ առարկայ անձ մը օր մը կը դառնայ հրեշտակ եւ ուրիշ օր սատանայ, եւ փոխադարձաբար, երբ մամուլին կամ լրագրողին միակ նպատակը մեղաւորներ փնտռել է, իր ստեղծած հետաքրքրութիւնը շուտով կը վերածուի պղպջակի։ Ինչ­պէ՞ս կարելի է պահպանել հայ մամուլին իւրայատկութիւնը կազմող հիմնական տարրերը, արժէքները, չափանիշները։ Ինչպէ՞ս կարելի է հայ մամուլին նկատմամբ յարգանքի ու վստահելիութեան մակար­դակը բարձրացնել։ Սինկափուրի վարչապետը վերջերս որոշում առաւ պատիժի ենթարկել ապատեղեկութեան լծուած լրագրողները։ Նման մօտեցում չենք թելադրել Հայաստանի իշխանութեան։ Սակայն, կը դիմենք հայ լրագրողին ու մամուլին գիտակից պատասխա­նա­տուութեան՝ հեռու մնալու ապատեղեկատուութիւն սերմանող վտան­գալից փորձերէ։

 

– Հայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շարքին հարկ է յիշել բազմակարծութեան պակասը։ Փաստօրէն կառոյցներու ծիրէն ներս գործող կամ անձի մը կողմէ հովանաւորուող մամուլը ենթակայ է անոնց գաղափարախօսական կամ անձնական ուղղութեան։ Երբ մամուլը կը դառնայ սոսկ կողմի մը քարոզչութեան օրկան կամ ան­հատներու նկատմամբ շռայլուած աժան գովասանքներու թատերա­բեմ, երբ մամուլը կը վարանի իր տեսակէտի ու համոզումի սահման­ներէն դուրս գալ, կ’ունենայ որակի անկում եւ ընթերցողի նուազում։ Մամուլը մեծ թիւով հետեւորդ կ’ունենայ եւ իր ազգային առաքելու­թեան մեծապէս կը նպաստէ, երբ տարբեր կարծիքներու տեղ տայ իր էջերուն վրայ։Բազմակարծութեան տեղ տալ կը նշանակէ հարցերուն մօտենալ լայն հայեցակէտով եւ զանոնք ենթարկել առարկայական ու քննական վերլուծումի։ Ա՛յս կը պահանջուի հայ մամուլէն։

 

– Անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ օտար լեզուով հայ մա­մու­լին։ Անցեալին ունեցած ենք օտար լեզուով հայ մամուլ՝ թէեւ սահմա­նափակ։ Այսօր ան դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Նկատի ունենալով յատկապէս սփիւռքեան պայմանները, անոր քանակը, ծաւալը ու ըն­թեր­ցողներուն թիւը կրնայ արագ ոստում արձանագրել ոչ հեռաւոր ապագային։ Օտար լեզուով հայ մամուլին եւս հարկ է մօտենալ նո՛յն չափանիշերով ու նոյն նախանձախնդրութեամբ, սակայն որոշ ճկունութեամբ՝ տեղական պայմաններու լոյսին տակ։

 

– Մամուլը, ներկայ ժամանակներուն մանաւանդ համացանցային մամուլը, հանրային կարծիք ձեւաւորող հսկայ ուժ է. ան նկատուած է չորրորդ իշխանութիւն։ Մամուլը կը դառնայ կառուցողական ուժ, երբ ան դրօշակիրը հանդիսանայ օրէնքի ու իրաւունքի, ճշմարտութեան ու արդարութեան։ Միաժամանակ մամուլը կը դառնայ ապականիչ ուժ, երբ ան տեղ կու տայ ապաբարոյ լուրերու ու երեւոյթներու։ Մա­մուլը նաեւ կը դառնայ քանդիչ ուժ, երբ ան շահագործուի որպէս մի­ջոց անձեր արժեզրկելու, կառոյցներ վարկաբեկելու եւ մութ նպա­տակ­ներ հետապնդելու։ Օրինակները բազմաթիւ են՝ անցեալին եւ ներ­կային։

 

– Հայ մամուլը ժողովուրդին ձայնն է՝ անոր կամքը, կեցուածքը, ընդվզումը ու սպասումը արտայայտող, ճակատագրական պահերուն ժողովուրդը արթնութեան մղող ու միասնականութեան առաջնորդող։ Մամուլը ժողովրդավարական սկզբունքներու անվերապահ ջատա­գովն է ու զօրեղ պաշտպանը։ Արդ, մամուլը կը շեղի իր ճշմարիտ առաքելութենէն, երբ՝ ծառայէ անձի՝ ոչ արժէքի, կառոյցի՝ ոչ գաղա­փարախօսութեան, իշխանութեան՝ ոչ պետութեան, մամոնային՝ ոչ ճշմարտութեան, կողմի՝ ոչ ժողովուրդին։ Հայ մամուլին վիճակուած հա­մազգային պատասխանատուութիւնը զինք շարունակ պէտք է մղէ ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման։

 

– Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ լուրջ խնդիրներ ու մարտա­հրաւէրներ. այսպէս, Ղարաբաղի հարցը, Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը, անոր միջազգային յարաբերութիւնները, հայու ինքնա­հասկացողութեան նոր մօտեցումները յատկապէս սփիւռքեան պայ­ման­ներուն մէջ, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը, ազգա­յին պահանջատիրութիւնը, լեզուի ու մշակութային արժէքներու պահ­պա­նումը եւ հայ կեանքի այլազան մարզերուն հետ աղերս ունեցող հա­մա­հայկական հիմնահարցեր, որոնց նկատմամբ մամուլը չի կրնար ան­­տարբեր ու կրաւորական մնալ։ Ընթացիկ տեղե­կատուու­թենէ ան­դին, հայ մամուլը իր էջերուն վրայ ոչ միայն լայն տեղ պէտք է յատ­կացնէ յիշեալ խնդիրներու քննարկման, այլ նաեւ ըսելիք պէտք է ունե­նայ։

 

– Կարելի չէ անտեսել հայ մամուլի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները։ Հայ մամուլը երբեք ինքնաբաւ չէ եղած, որովհե­տեւ ան երբեք պիզնեսի մօտեցում չէ ունեցած։ Վերջին տասնամեակ­ներուն Սփիւռքի մէջ շարք մը մամլոյ դռներ փակուեցան եւ դեռ կրնան փակուիլ, առաւելաբար տնտեսական պատճառաւ։ Սփիւռքի մէջ մամուլը կը տառապի նաեւ մարդուժի պակասէն, որուն հետե­ւան­քով կրկնութիւնը, լեզուի աղաւաղումը ու ծանուցումներու տիրա­պետող ներկայութիւնը սկսած են դառնալ անխուսափելի։ Յիշեալ մտահոգիչ երեւոյթները կրնան շուտով Սփիւռքի մամուլը մատնել խոր տագնապի։ Պէտք է զայն փրկել, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ հայա­պահպանման էական միջոցներէն մէկն է մամուլը։

 

– Արդ, ինչպէ՞ս կրնայ հայ մամուլը մէկ կողմէն քայլ պահել միջազ­գային մամուլին, տպագիր թէ համացանց, դրական զարգա­ցում­ներուն հետ, եւ միւս կողմէն՝ մնալ հաւատարիմ իր ազգային առաքելութեան։ Ինչպէ՞ս կարելի է շինիչ ու օգտաշատ գործակցու­թիւն յառաջացնել մամլոյ օրկաններու միջեւ։ Բազմակարծութիւն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի իւրայատկութիւն­ները, պահելով հանդերձ, ինչպէ՞ս կարելի է համահայկական մտա­ծողութեան ձեւաւորման նպաստել։ Ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակ ու հետեւողական կերպով, դէմ դնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ քարոզչութեան։ Ինչպէ՞ս կարելի է մամուլի եւ լրագրողներու յատուկ հիմնադրամներ ու մրցանակներ հաստատել։ Ինչպէ՞ս կարելի է Հա­յաստանի պետութեան, մեր կառոյցներուն եւ հայ մարդուն զօրակ­ցութիւնը գործնապէս ապահովել՝ ի խնդիր հայ մամուլին առաւել զարգացման ու կազմակերպման, արդիականացման ու տարածման։ Ներկայ համագումարը առիթ է իրապաշտ մօտեցումով անդրադառ­նալու յիշեալ այժմէական ու հրատապ հարցերուն եւ մարտահրաւէր­ներուն։ Վերջապէս, համագումարէն անդին հրամայական կը նկա­տենք՝ Հայաստան, Արցախ ու Սփիւռք համատեղ գործակցութեամբ շարունակելու հայ մամուլի համահայկական առաքելութեան վերար­ժեւորման ու վերահզօրացման նպաստող աշխատանքները։

More News